ԱՆՓՈՓՈԽ ԵՒ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԿՈՉԵՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, որ Ո­ւա­շինկ­թըն կոչ կ՚ուղ­ղէ, որ­պէս­զի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս պահ­պա­նուի հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ըստ Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի, ա­մե­րի­կեան կող­մը կը փա­փա­քի, որ կող­մե­րը բա­նակ­ցու­թեան ու երկ­խօ­սու­թեան ճա­նա­պար­հով հաս­նին հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Պա­քուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Եւ­րո­պա­կան խա­ղե­րու ա­ւար­տե­լէն վերջ Ատր­պէյ­ճան կրկին ի­րա­վի­ճա­կը կ՚ա­պա­կա­յու­նաց­նէ եւ հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը կը խախ­տէ թէ՛ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին եւ թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ։ Թէ ինչ­պէս կը գնա­հա­տէ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք այս հան­գա­ման­քը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը գոր­ծա­կա­լու­թեան յայտ­նած է, թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ բազ­միցս կոչ ուղ­ղած է կող­մե­րուն՝ որ­պէս­զի հրա­դա­դա­րի դրու­թեան պահ­պան­ման հա­մար ձեռ­նար­կեն բո­լոր մի­ջոց­նե­րուն։ Սա այն կոչն է, որ համա­նա­խա­գահ­նե­րը ուղ­ղած են Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն՝ ի­րենց վեր­ջին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին։ «Մենք յոյս ու­նինք, որ կող­մե­րը զսպուա­ծու­թիւն պի­տի ցու­ցա­բե­րեն, ինչ­պէս որ ե­ղած է վեր­ջին ա­միս­նե­րուն, ինչ որ միայն պի­տի նպաս­տէ խնդի­րը վերջ­նա­կան լուծ­ման տա­նե­լու ջան­քե­րուն։ Ե­թէ կող­մե­րը իսկա­պէս կը փա­փա­քին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հով կար­գա­ւոր­ման հաս­նիլ, ա­պա ա­նոնք պէտք է նուա­զեց­նեն լա­րուա­ծու­թիւ­նը թէ՛ շփման գծին եւ թէ սահ­մա­նին վրայ», ը­սաւ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ներկայիս աշխատանք կը տանին նոր տեսակցութիւն մը կազմակերպելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ։

Միւս կող­մէ, ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Զա­քիր Հա­սա­նո­վի հետ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ շփման գծի ի­րա­վի­ճա­կին։ Կող­մե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին կա­տա­րուած վեր­ջին դի­տար­կում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2015