ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի եւ Գանատայի մասնաճիւղի ակումբներուն 83-րդ Պատգամաւորական ժողովը վերջերս գումարուեցաւ Պոստոնի մէջ: Մոնրէալի «Ապագայ» շաբաթաթերթի հաղորդումներով, համագումարը տեղի ունեցաւ նախատեսուած թուականէն աւելի ուշ, կարգ մը դժուարութիւններու պատճառաւ: Ներկայ էին Պոստոնի, Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիոյ, Տիթրոյիթի, Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի ակումբները ներկայացնող քսաներեք պատգամաւորներ: Առաջին հերթին ժողովը ընտրեց դիւանի ատենապետը՝ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անցեալի երկարամեայ ատենապետ՝ Տքթ. Արշաւիր Կէօնճեանը, եւ ատենադպիրը՝ Տքթ. Յարութիւն Արզումանեանը։
Օրակարգը կ՚ընդգրկէր ակումբներու եւ մամուլի տեղեկագրութիւններու ներկայացումը եւ անոնց խորքային քննարկումն ու վաւերացումը: Ժողովը ապա հիմնական որոշումներ որդեգրեց նկատի ունենալով կազմակերպչական անհրաժեշտ փոփոխութիւններ, եւ այդ նպատակաւ ծրագրեր մշակեց հետեւողութեամբ Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի հայկական կեանքի պահանջներուն:
Օրակարգին վրայ յատուկ բաժին յատկացուած էր Հայաստանի մէջ ՌԱԿ-ի կազմակերպչական գործունէութիւններուն եւ անոնց հետ ներկուսակցական յարաբերութիւններուն: Գոհունակութեամբ արձանագրուեցաւ, որ վերջերս ՌԱԿ Երեւանի մէջ տիրացած էր կեդրոնատեղիի մը, որ պիտի ծառայէր Հայաստանի ՌԱԿ-ի եւ Սփիւռքի քոյր կազմակերպութիւններու գործունէութիւններուն: Յատուկ քննարկումներ կատարուեցան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու նիւթին շուրջ, թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ կազմի առումներով: Շեշտուեցաւ անհրաժեշտութիւնը քայլ պահելու փորձագիտութեան զարգացման հետ: Անդրադառնալով Պոստոնի «Տը Արմինիըն Միրրըր Սփեքթէյթըր» եւ Մորէալի «Ապագայ» շաբաթաթերթերուն, գնահատանքով արձանագրուեցաւ այս զոյգ հրատարակութիւններու բարձր մակարդակը: Ժողովականները տեղեկացան նաեւ, թէ լուրջ աշխատանք կը տարուի զոյգ թերթերու թուայնացումի յաւելեալ արդիականացման համար: Այս կապակցութեամբ նիւթական միջոցներու անբաւարարութիւնը նկատի առնուեցաւ եւ առաջարկներ ներկայացուեցան մատակարարման նոր աղբիւրներ ապահովելու համար:
Նկատի առնուեցաւ, որ վերջին տարիներու ընթացքին բարերարներ եւ ընդհանուր հանրութիւնը աւելի հակամէտ կը թուի ըլլալ յատկացումներ կատարելու որոշ բարենպատակ կարիքներու, անտեսելով լրատուամիջոցները, հակառակ այն իրողութեան, թէ մամուլը ունի կենսական առաքելութիւնը թափանցելու անհատներու եւ հաւաքականութիւններու մտայնութիւններուն ու կազմաւորելու հանրային կարծիքը:
Աւարտելէ ետք քննարկումը պաշտօնավարութեան շրջանը բոլորած Շրջանային վարչութեան տեղեկագրութիւններուն եւ անցնող շրջանի գործունէութիւններուն՝ պատգամաւորները ձեռնարկեցին նոր վարչութեան ընտրութեան, երկու տարուան ժամանակաշրջանի մը համար: Ընտրուած կամ վերընտրուած ցանկով կազմուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւնը ըստ հետեւեալի. Երուանդ Ազատեան (ատենապետ), Բաբգէն Մկըրեան (փոխ-ատենապետ), Մարօ Պետրոսեան (քարտուղար), Գէորգ Մարաշլեան (գանձապահ), Աբէթ Թորոսեան, Տքթ. Արմէն Տէմիրճեան, Գէորգ Թիւթիւնճեան, Տքթ. Վաղինակ Դարբինեան, Վարդան Իլանճեան, Հրաչ Թորիկեան եւ Յակոբ Ալեքսանեան (անդամներ): Նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը Յակոբ Վարդիվառեանը նշանակեց որպէս ատենապետ Մամլոյ դիւանի:
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Յատուկ նիստ մը նուիրուեցաւ խորքային քննարկումներ կատարելու ՌԱԿ-ի այժմու կազմակերպչական կացութեան եւ հայկական աշխարհի իրականութեան մէջ իր դիրքորոշման վերաբերեալ:
Ներկաներէն շատեր յայտնեցին իրենց խոր մտահոգութիւնները եւ յուսախաբութիւնները ի տես ՌԱԿ-ի կեդրոնական կառոյցի քայքայման: Երկար ժամանակէ ի վեր օրինական Կեդրոնական վարչութեան մը չգոյութիւնը եւ անխուսափելիօրէն անոր բացակայութիւնը ազգային կեանքէ ներս յառաջացուցած է անընդունելի վնաս մը կուսակցութեան եւ ազգին մէջ:
Արդարեւ, ՌԱԿ-ի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Արեւելեան շրջանը կարողացած է պահել գործօն եւ արդիւնաբեր գոյութիւն մը: Անոր յարգուած մետիան եւ հրատարակութիւնները կը շարունակեն գործօն դեր կատարելու, որ անհրաժեշտ է տարածել Սփիւռքի մէջ: Անկեղծ եւ շինիչ գաղափարներու փոխանակումով բացայայտ դարձաւ, որ ՌԱԿ-ը պէտք է նախաձեռնէ միջազգային չափանիշով հիմնական վերակազմակերպուածութեամբ զայն վերադարձնելու իր անցեալի յարգալից վիճակին, երբ իր բոլոր շրջանակները կ՚ունենային օգտաշատ դեր մը եւ ՌԱԿ-ը վերածած էին գլխաւոր եւ ազդեցիկ կազմակերպութիւն մը, որ յառաջացուցած է կայունութիւն ու արդիւնաւորութիւն ամբողջ ազգային կեանքին մէջ:
Տեղեկութիւնները ամբողջացնելու համար, համագումարի ատենապետն ու նորընտիր Շրջանային վարչութեան ատենապետը տեղեկացուցին մանրամասնեալ քայլերը, որոնք ձեռք առնուած են մօտաւոր անցեալին, ՌԱԿ-ը դուրս բերելու համար իր ներկայ անբաղձալի վիճակէն: Նուազագոյնը երկու շատ լուրջ փորձեր կատարուեցան վերացնելու համար լուծումի արգելքները, որոնք իսկութեան մէջ գլխաւորաբար անձնական հակամարտութիւններ են եւ կարգ մը անկարող անհատներու ճիգերն են պահպանելու իրենց դիրքերը:
Շեշտուեցաւ, թէ Սփիւռքի տարածքին տարբեր շրջանակներու ՌԱԿ-ի անդամներ իրենց դատապարտութիւնները բարձրաձայնած են այս կացութեան մասին եւ խստօրէն յայտնած են, թէ այլեւս պիտի չհանդուրժեն այս կացութեան, ուր փոքրաթիւ անկարող անհատներ կը շարունակեն անօրինաբար ղեկավարի դեր խաղալ, թոյլ տալով որ կազմակերպութիւնը ձախողի հայ ազգի գերագոյն շահերու ի նպաստ եւ Սփիւռքի մէջ իր կենսական դերը կատարելու առաքելութեան մէջ: Եզրակացնելով, միաձայնութեամբ համաձայնութիւն գոյացաւ, թէ անհրաժեշտ է խոշոր ճիգ մը կատարել կոչ ուղղելով ՌԱԿ-ի գործունեայ շրջանակներուն, միացեալ ճիգերով վերակազմակերպել ամբողջ ՌԱԿ-ի միջազգային գործօն անդամակցութիւնը, վերադարձնելու համար այս կազմակերպութիւնը անցեալի հայաշխարհին մէջ իր արդիւնաբեր եւ յարգալից վիճակին:
Համագումարը իր եզրափակիչ նիստը աւարտին հասցուց խանդավառ մթնոլորտով, ակնկալելով յառաջիկայ իրագործումներ յօգուտ հայ ազգին։