ՕՊԱՄԱՅԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ ԻՒԹՈՓԻՔ ԵՆ
Չորեքշաբթի, Օգոստոսի 5-ին, Ուաշինկթընի Ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին խօսք առնելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա մանրամասնօրէն ներկայացուց Իրանի հետ կայացուած կորիզային համաձայնութեան տարբեր երեսակները: Աւելի՛ն, Օպամա պատմական «հիմքեր»ով հանդէս գալով իր խօսքը բացը Գոնկրէսէն, Իսրայէլի կառավարութեան ուղղելով, կ՚ըսէր, թէ եթէ Իրանի հետ համաձայնութիւնը ձախողութեան մատնուի, ապա Միջին Արեւելքի մէջ նոր պատերազմ մը պիտի դառնայ անխուսափելի: Անկախ այն բանէն, որ շրջանին մէջ եղող երկու հակադիր կողմերը՝ Իրան եւ Իսրայէլ, պատրաստ չեն պատերազմի մը, սակայն անոնք կը շարունակեն հնչեցնել իրարու դէմ ծանր մեղադրանքներ:
Այս ընդհանուր ֆոնին վրայ դէպի Թեհրան եւրոպական «ներհոսք»ը կը շարունակուի ու նոյն ծիրին մէջ սպասելի է, որ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի այցելէ Հռոմ ու երեւի նաեւ շարք մը եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ: Իրանի համար հիմնական խթանը տնտեսական ոլորտն է, ու այս առումով իտալացիները շատ արագ հասկցան, որ արգելքներու, վերապահութիւններու ու «վախի» հանգրուանը անցեալին կը պատկանի: Իրանցիք միլիոնաւոր տոլարներու համաձայնագրեր պիտի կնքեն ու անկէ ետք իրենց համար կարեւոր ալ չէ, թէ ամերիկեան Գոնկրէսը ի՛նչ «էնթրիք»ներու դիմելով պիտի կրնայ տապալել կորիզային համաձայնութեան դրոյթները կամ առնուազն սառեցնել այդ համաձայնութեան գործադրութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու համար, թէեւ Թեհրանը այդքան կարեւոր տնտեսական շուկայ մը չի թուիր ըլլալ, բայց Օմապայի ու անոր վարչախումբին համար Իրանի հետ նոր էջ բանալու այս հնարաւորութիւնը անշրջանցելի դրական միաւորներ կրնայ ապահովել:
Չմոռնանք, որ Պարաք Օմապա Չորեքշաբթի օր իր ճառը կը կարդար այն բեմէն, ուր 1963 թուականին Ամերիկայի այլ նախագահ մը՝ Ճոն Քենետի իր համակիրներուն առջեւ ելոյթ ունենալով կը յայտարարէր, որ Միացեալ Նահանգներ Խորհրդային Միութեան հետ կնքած են պատմական համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ կը դադրի կորիզային հրթիռներու փորձարկումը: Քենետի նոյնպէս կը խօսէր այն հանգրուանին, երբ Քուպա-Միացեալ Նահանգներ «հրթիռներու տագնապ»ը կը յայտարարուէր աւարտած:
Ուրեմն ներկայ հանգրուանը պատմութեան կրկնութեան «թէորին» իր մէջ պարփակելու բոլոր հանգամանքները կը լրացնէ: Միացեալ Նահանգներ ամէն գնով կը փորձէ խաղաղարարի դերով հանդէս գալ ու այդ մէկը գլխաւորաբար Դեմոկրատական կուսակցութեան թէզն է: Օմապա խաղաղարար նախագահի հռչակ կ՚ուզէ շահիլ, հակառակ անոր, որ Միջին Արեւելքի մէջ անոր քաղաքական-ապահովական սխալ մօտեցումները Միացեալ Նահանգները դարձուցին անվստահելի գործընկեր՝ բոլոր այն տէրութեանց համար, որոնք Միացեալ Նահանգներու «աժանտա»ով կը շարժին: Յատկապէս Ռիատ լաւ կը հասկնայ, որ շրջանին նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութիւնը նախկինին նման չէ: Այս խօսքին ամենէն կարեւոր եւ փաստացի մօտեցումը Ռիատ-Մոսկուա բացուած «թէժ գիծ»ն, որուն միջոցաւ իշխող Ապտըլ Ազիզ թագաւորական ընտանիքը մտադիր է կարեւոր զիջումներ ընելով հաւասարակշռութեան նոր կշիռք մը երեւան բերել: Յատկապէս Իրաքի, բայց մանաւանդ Սուրիոյ տագնապին առընթեր Ռիատ-Մոսկուա մերձեցումը կրնայ կարեւոր միաւորներ տալ ձեւով մը խաղէն դուրս «դրուած» Ռիատին: Այս բոլորը սակայն ժամանակի կը կարօտին, տրուած ըլլալով, որ մանաւանդ Սուրիոյ խնդրին առումով Ռիատի ունեցած կարծրատիպերուն մէկ օրէն միւսը փշրուիլը կրնան վնասել անոր վարկին: Ուրեմն, Սուրիոյ հարցով ներկայ շրջանը պիտի ըլլայ խաղը պաղեցնելու հանգրուան մը, որուն ընթացքին սուրիական գետնին վրայ շարունակուող արիւնահոսութիւնները ոչ մէկ միաւոր կրնան աւելցնել կամ պակսեցնել մութին մէջ ընթացող գործընթացներէն:
Վերադառնալով Օպամայի յայտարարութիւններուն՝ ուշագրաւ է նաեւ, որ հաւանական պատերազմէ մը զգուշացնող նախագահին կոչերը արդէն իսկ տեղ գտած են Իսրայէլի ղեկավարութեան մօտ: Իսրայէլացի պատասխանատուներ, յատկապէս Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու, որ կը շարունակէ քննադատել Իրանի հետ ամերիկեան որեւէ համաձայնութեան գոյացումը, չի գործածեր նախկին լարուած լեզուն: Իսրայէլ լաւ գիտէ, որ հակառակ իր զինուորական գերակշռութեան, Իրանի հետ որեւէ լարում կրնայ դառնալ ահաւոր փորձանք մը Իսրայէլի բանակին համար, որ այսօր չունի նախկին փայլքը։ Այստեղ տեղին է յիշել իսրայէլեան ուժերուն Կազզէի դէմ շղթայազերծած պատերազմը 2014 թուականին, երբ իսրայէլեան բանակը մեծ բացթողումներ արձանագրեց ու ցոյց տուաւ իր բաւական անկազմակերպ եւ նոյնիսկ անկար կողմերը: Մինչ «Համաս» եւ «Հիզպուլլահ», որոնք Իսրայէլի սահմաններուն եղող հակառակորդ գլխաւոր ուժերն են, իսկ միւս կողմէ՝ անոնք ամէն օր կը կատարելագործեն իրենց շարքերը: Իսրայէլեան բանակը յայտնուած է դիտողի դերին մէջ: Օդային եւ արդիական զէնքերու առաւելութիւնը առաջուան նման պատերազմին յաղթելու մեծ գործօն մը չէ, տրուած ըլլալով, որ սիւննի «Համաս» եւ շիի «Հիզպուլլահ» կը գտնուին գաղափարական իրենց «ոսկեայ հանգրուան»ին մէջ: Իսլամի հիմքով կռուող այս խմբաւորումները կը հաւատան իրենց զէնքի ազդեցիկութեան եւ ունին յստակ նպատակ մը, մինչ իսրայէլեան կողմը յայտնուած է սոսկ պաշտպանուողի դերին մէջ: Ուրեմն այս տուեալները նկատի առնելով՝ Իսրայէլ բնական է, որ կը խուսափի Իրանի հետ հաւանական որեւէ ճակատումէ:
Կը մնայ անդրադառնալ Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան մօտեցումներուն: Ամերիկեան Գոնկրէսին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն ունեցող այս կուսակցութեան համար Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւնը Օպամայի իշխանութեան «Աքիլլէսեան գարշապար»ն է, հետեւաբար՝ խոցելի ու յարմարագոյն թիրախ: Նոյնիսկ եթէ Գոնկրէսը չկարողանայ (Օպամայի վեթոյի իրաւունքի օգտագործման հետեւանքով) տապալել համաձայնութիւնը, խնդրին դէմ հանրապետականներու ծաւալած պայքարը լաւապէս կ՚օգնէ, որպէսզի անոնք 2017 թուականի նախագահական ընտրութիւններու քարոզչութեան համար պարզեն կարեւոր դրօշ մը: Անոնց համար հեշտ ու հին խաղ մըն է Իրանը «սատանայացնել»ն ու այդ խաղի կանոնները վաղուց գծուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս առումով ուշագրաւ է Գոնկրէսին մէջ հանրապետականներու ներկայացուցիչներէն ՝ Էտ Ռոյսի կատարած այն յայտարարութիւնը, ուր գոնկրէսականը կը վստահեցնէր, որ իրենք ամէն գնով համաձայնութիւնը տապալել պիտի փորձեն եւ այդ մասին արդէն պատրաստած են յատուկ օրինագիծ մը։
Նոյն ծիրէն ներս Օպամա նաեւ այլ «զէնք» մը կը գործածէ: Իրանի հետ բանակցութիւններ վարող ամերիկացի ամենէն յայտնի բանակցորդ՝ Էնտի Շերմըն Գոնկրէսին առջեւ ելոյթ ունենալով վստահեցուցած է, թէ իրենք պատրաստ են Իսրայէլին ուղղարկուելիք զինուորական օժանդակութիւններու չափաքանակը աւելցնել միայն այն պարագային, եթէ Իսրայէլն ու հանրապետականները ընդունին համաձայնութեան բեմագրութիւնը ու դադրին Իրանը որպէս Իսրայէլի գերագոյն սպառնալիք համարելէ:
Վերադառնալով Օպամայի ճառին ու հաւանական պատերազմի մը մասին եղած անոր խօսքերուն՝ պէտք է նկատի առնել, որ վերջին տասնհինգ տարիներու ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ մղուած հիմնական պատերազմները եղած են ամերիկեան ղեկավարութեան «ճարտարապետութեամբ» եւ շատ յաճախ մասնակցութեամբ: Այսօր խաղը այլ բնոյթ մը ունի: Օմապա Սպիտակ տունէն կ՚ուզէ հեռանալ «ճերմակ ձեռնոցներով»: Աւելի՛ն, ան քանիցս ըսած է, որ պատերազմի դարաշրջանը կը պատկանի անցեալին: Չնայած անոր, որ այս խօսքերը կրնան սոսկ «սլոկաններ» ըլլալ, բայց փաստ է, որ Օպամա Միացեալ Նահանգներու միջամտութեան բոլոր առիթները «այրելով»՝ ետ պահեց ամերիկեան բանակը ուղղակի միջամտութիւններէ: Այսպէս հերթաբար Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան բանակը ոչ մէկ կերպ կը մասնակցի ցամաքային կռիւներուն եւ հակառակորդներուն հետ «շփում»ը միայն օդային բնոյթ ունի:
6 Օգոստոս 1945 թուականին նոյն Միացեալ Նահանգները կորիզային առաջին հրթիռը կը նետէր Ճաբոնի Հիրոշիմա քաղաքին վրայ։ Այդ պատճառաւ որպէս «փորձարկում» յայտարարելով եւ 129 հազար անզէն բնակիչներու մահուան պատճառ դառնալով:
Մարդկութեան սրտին վրայ խոր հետքեր թողած Հիրոշիմայի ողբերգութենէն անցած են եօթանասուն տարիներ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համար այդ «դաս»ը դարձած է անշրջանցելի, եւ իբր այդ ալ, արդի դարու կայսրութիւնը կը նախընտրէ իր պատերազմները այլոց ձեռքերով մղել:
Միացեալ Նահանգներ այսօր կը գիտակցի, որ Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած քաոսը պէտք է արագօրէն դարմանուի: Նոյն առումով Իրանի հետ կայացած համաձայնութիւնը կարեւոր եւ շինիչ օղակ մը կրնայ ըլլալ խնդիրներու լուծման նոր հանգրուանի մը սկսելու համար, անշուշտ եթէ համաձայնութիւնը ունենայ յաջող ընթացք մը:
Այլապէս Նախագահ Պարաք Օպամայի Միջին Արեւելքի մէջ նոր սկսելիք պատերազմի մասին խօսքերը քիչ մը իւթոփիք են, պարզ անոր համար, որ ներկայ պահու դրութեամբ արիւններու մէջ խեղդուած Արեւելքի իրավիճակը վատագոյնն է ու ասկէ աւելի վատ իրավիճակ պատկերացնելը համազօր է համընդհանուր մահուան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան