ԶՄՄԱՌԻ ՄԷՋ ՇՔԵՂ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ մայ­րա­վան­քին՝ Զմմա­ռի մէջ, ե­րէկ, ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան օր մը։ Այս­պէս, հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րըն­տիր Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիարք Գրի­գոր-Պետ­րոս Ի.-ի գա­հա­կա­լու­թեան շքեղ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րա­պե­տու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ գա­հա­կա­լու­թիւ­նը։ Ե­ղա­նա­կի պայ­ման­նե­րուն բե­րու­մով գա­հա­կա­լու­թեան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցուե­ցաւ բա­ցօ­թեայ։ Ներ­կայ էին նաեւ Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղե­ցիէն եւ այլ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ու­ղիղ ե­թե­րով սփռուե­ցաւ հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան մի­ջո­ցաւ։ Այս առ­թիւ Զմմա­ռի մէջ էր նաեւ Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։ Լի­բա­նա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ա­ռըն­թեր Պէյ­րու­թի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ա­շոտ Քո­չա­րեանն ալ ներ­կայ գտնուե­ցաւ գա­հա­կա­լու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան։

Թէ՛ Հայ Կա­թո­ղի­կէ նուի­րա­պե­տու­թեան ան­դամ­նե­րը, թէ՛ պե­տա­կան ու մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան մաս­նա­կից­նե­րը ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րե­ցին նո­րըն­տիր կա­թո­ղի­կոս-պատ­րիար­քին գա­հա­կա­լու­թիւ­նը։ Այս առ­թիւ ի­րեն ու­րա­խա­կից ե­ղաւ նաեւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը, որ եւս շնոր­հա­ւո­րեց նո­րըն­տիր կա­թո­ղի­կոս-պատ­րիար­քը։ Գրի­գոր-Պետ­րոս Ի. Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիար­քի գա­հա­կա­լու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը ներ­կա­յա­ցուց Ա­րա­րո­ղա­կար­գի եւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց բաժ­նի վա­րիչ Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, որ հո­գե­ւոր տի­րոջ փո­խան­ցեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին՝ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին եղ­բայ­րա­կան սէ­րը, շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներն ու բա­րե­մաղ­թան­քը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015