ՏՈՒՊԱՅԻ ԵՒ ԳԱՀԻՐԷ

Մինչ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքը չափազանց մտահոգութիւններու թատերաբեմը դարձած են, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կարեւոր շփումներ կ՚ունենայ տարածաշրջանին մէջ։ Երէկ, Տուպայիի մէջ ան մասնակցեցաւ Համաշխարհային կառավարութիւններու գագաթաժողովին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ճանապարհը կ՚անցնի Պաղեստինի անկախ պետութեան մը ստեղծուելէն», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ սա է ճանապարհը տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան, անդորրութեան ու տնտեսական բարգաւաճման համար։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա պատրաստ է երաշխաւոր ըլլալու խաղաղութեան համար։

Տուպայիի մէջ Էրտողան ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ ան մէկտեղուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահիանի, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան վարչապետ Մեսրուր Պարզանիի հետ։

Նախագահ Էրտողան այսօր ալ կ՚անցնի Գահիրէ, ուր կը հիւրընկալուի Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2024