ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Մեծ պահոց Արտաքսման կիրակիի արարողութիւններուն։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ի ժամ Ս. Պատարագի Նորին Ամենապատուութիւնը դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց՝ Արի Էքինճեանին, Քամի Չեւիքին եւ Սայաթ Քապէյին։ Բաց աստի, Արման Դպիր Մարազեան ուրար կրելու իրաւունք ստացաւ։
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Ատենապետ Մանուկ Գալայճըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ բոլոր ներկաները։