Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՎԱՐՍԷՆ ՕՐՈՒՆՃԱՔՃԸԷԼԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ մեր հա­մայն­քի ե­րի­ցա­գոյն ան­դա­մու­հի­նե­րէն 103-ա­մեայ Վար­սէն Օ­րուն­ճաք­ճըէ­լին, ո­րու տա­րե­դար­ձը կը նշուէր։ Այս վերջ­նոյն Գնա­լը կղզիի բնա­կա­րա­նին մէջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց ա­նոր եւ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ հա­րա­զատ­նե­րուն կող­մէ։ Վար­սէն Օ­րուն­ճաք­ճըէլ բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նով բաժ­նեց Մա­լա­թիոյ եւ Ա­րաբ­կի­րի վե­րա­բե­րեալ իր յու­շե­րը։ Ան­մի­ջա­կան այս զրոյ­ցէն վերջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ի­րեն մաղ­թեց եր­կար ու ա­ռողջ տա­րի­ներ եւ ա­ղօ­թեց, թէ Աս­տուած միշտ պայ­ծառ պա­հէ ա­նոր յի­շո­ղու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015