ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ
Շաբաթավերջին շուրջ երեք տարուան բարենորոգութեան աշխատանքներէ վերջ օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցին, որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին տեսակէտէ թէեւ ֆիզիքապէս հեռաւոր, սակայն սրտամօտիկ սրբավայր մըն է։ Շաբաթ յետմիջօրէին օծման արարողութեան նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ բազմաթիւ քահանայ հայրեր։ Ներկայ էին նաեւ Գարթալի քաղաքապետ Ալթընօք Էօզ, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, իր նախորդը՝ Լաքի Վինկաս, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հոծ թիւով հաւատացեալներ։
Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին ու կանոններուն, աւանդութիւններուն համաձայն կատարուեցաւ օծման արարողութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտին մէջ օծեց եկեղեցւոյ աւագ խորանը, մկրտարանը եւ անհրաժեշտ բոլոր բաժինները։ Սրբազան Հայրը արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը՝ գնահատելով կատարուած բծախնդիր ու ծաւալուն աշխատանքը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ բացօթեայ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլորը ջերմ գնահատանքով շրջապատեցին Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլուն եւ իր ընկերները։ Բոլոր մասնակիցները բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուցին թաղային խորհուրդի նուիրեալ աշխատանքով ապահովուած փայլուն արդիւնքը՝ ապագայի համար փոխանցելով բարեմաղթութիւններ։
Այս առթիւ Յովհաննէս Սահակօղլու ԺԱՄԱՆԱԿ-ին համար ամփոփեց կատարուած աշխատանքին արդիւնքը։ Այսպէս, 2012-ին Գարթալի եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը սկսաւ պատկան իշխանութիւններուն մօտ կատարուած դիմումով։ Սկսեալ տանիքէն մինչեւ զանգակատունը՝ ամէն ինչ վերանորոգուեցաւ։ Ելեկ-տըրական եւ ջերմացման դրութիւնները արդիակա-նացուեցան, վերնատունը ամրացուեցաւ, պատուհանները փոխուեցան եւ համալիրը ամբողջութեամբ մաքուր տեսք մը ստացաւ՝ ներառեալ մայր դուռը։
Այս բոլորը իրականացնելու համար թաղային խորհուրդը իսկապէս անհաւատալի աշխատանք մը կեանքի կոչած է։ Նա՛խ, ամբողջ գործը արժած է 750 հազար լիրա, ինչ որ կատարուած աշխատանքի ծաւալներուն համեմատ, հրապարակի պայմաններով իսկապէս շատ նուազ, գրեթէ մէկ երրորդի համազօր գումար մըն է։ Հաստատութիւններէն եւ անհատներէն նուիրատուութիւններ ապահոված է թաղային խորհուրդը, որ ծրագիրը գլուխ հանելու համար վաճառած է նաեւ կալուած մը։ Այս պահուն 150 հազար լիրայի շուրջ պարտք ունի թաղային խորհուրդը։ Յովհաննէս Սահակօղլու նշեց, թէ թաղի երբեմնի վարժարանի շէնքը տուած են վարձու եւ 2016-ի Յունիսին պիտի սկսին հասոյթ ունենալ։ «Այն զգացումը, զոր կ՚ունենամ զանգակներու ղօղանջին ժամանակ, կ՚արժէ մեր ամբողջ վաստակին։ Կը մաղթենք, որ համայնքը մեզի առանձին չթողու յառաջիկային։ Յաջորդ շաբաթավերջին ալ պիտի նշենք Ս. Աստուածածնի տօնը», ըսաւ Յովհաննէս Սահակօղլու եւ ընդգծեց, թէ համալիրէն ներս փոփոխութեան ենթար-կըւած ամէն ինչ եղած է շէնքի պատմական դիմագծին համապատասխան։ Ատենապետը որդիական երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի խրախուսանքին եւ աղօթքներուն համար։ Ան ուրախ է, որ խնդրակատար այս հեռաւոր եկեղեցին յետայսու պիտի ըլլայ կենսունակ ու պիտի չբացուի տարին մէկ կամ երկու անգամ։ Կը նախատեսուի, որ առնուազն ամիսը անգամ մը Ս. Պատարագ մատուցուի Գարթալի մէջ, իսկ մոմավառութեան համար եկեղեցին բաց պիտի ըլլայ շաբթուան վեց օրը։ Հաւատացեալները պիտի կարենան փութալ իրենց ուխտի աղօթքը կատարելու։
Յովհաննէս Սահակօղլու եւ իր ընկերները մօտաւոր ապագային համար ալ ունին ծրագրեր, որոնք աստիճանաբար կեանքի պիտի կոչուին պարտքերու վճարումէն վերջ։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը մասնաւորապէս կը փափաքի հասնիլ ամառուան շրջանին Չընարճըք մեկնող մեր համայնքի անդամներուն, որոնք արձակուրդի շրջանին զուրկ են եկեղեցիէ մը։ Նկատի ունենալով, որ Գարթալի եւ Չընարճըքի միջեւ ճամբորդութիւնը մակոյկով շուրջ 40 վայրկեան կը տեւէ՝ Գարթալի թաղային խորհուրդը կը ձգտի օգտագործել այս ֆիզիքական մօտիկութիւնը եւ Չընարճըքի մեր հաւատացեալ ժողովուրդին համար ամրան շրջանին ապահովել հոգեւոր հարազատ երդիք մը։ Ըստ թաղային խորհուրդի ծրագրերուն, Գարթալի եւ Չընարճըքի միջեւ մակոյկներու անվճար երթ ու դարձներ պիտի կազմակերպուին՝ որպէսզի Չընարճըքի հայերը չզրկուին պաշտամունքի կարելիութենէն։
Միւս կողմէ, երէկ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ օծման արարողութեան յաջողութեան յաջորդած անդրանիկ Ս. Պատարագը։