ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐԱՐԱՏ ՄՕՐ

Համայնքային շրջանակները վերջին օրերուն կը սգան ցաւալի եւ անժամանակ կորուստը՝ թրքահայութեան այնքան համակրելի ու երեւելի դէմքերէն Արարատ Մօրի, որու յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը։ 58 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած Արարատ Մօրի ցաւալի վախճանը բառին բուն իմաստով ցնցում պատճառած է ինչպէս իր հարազատներուն եւ ընտանիքին, այնպէս ալ ընկերային շրջանակին։

Արարատ Մօր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս համբաւ ձեռք բերած էր՝ որպէս արուեստագէտ եւ առաքինի անձնաւորութիւն։ Արդարեւ, մարդկային նկարագրի կատարեալ եւ ազնիւ օրինակներէն մին կը մարմնաւորէր հանգուցեալը, որ երկար տարիներ գեղարուեստական բնագաւառի մէջ գործունէութիւն ծաւալած էր։ Արարատ Մօր թէեւ փխրուն առողջութիւն մը ունէր, սակայն գեղարուեստական բնագաւառէն ներս իր հետեւողականութիւնը եւ իր զուարթ նկարագիրը կարծես ամենամեծ պայքարելու միջոցը դարձուցած էր երկար տարիներէ ի վեր։ Այդ բոլորով հանդերձ, վերջին շրջանին իր կացութեան մէջ յառաջացած էին բարդութիւններ, որոնք դժբախտաբար սիրելի Արարատ Մօրը անժամանակ խլեցին իր հարազատներէն, իր ընտանիքէն ու մեր համայնքէն։

Նորոգ հանգուցեալ Արարատ Մօր ունեցած էր իսկապէս եզակի կեանքի ոդիսական մը։ Ան ծնած էր Թուրքիոյ մէջ, երիտասարդութեան տարիներուն ապրած՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ապա դարձեալ վերադարձած իր ծննդավայրը։ Թէեւ կը զբաղէր առեւտուրով, սակայն, ըստ էութեան, Արարատ Մօր բեմարուեստի իսկական վարպետ մըն էր։ Թատերական աշխարհէն ներս թէեւ որպէս սիրող աշխատանք կը տանէր, սակայն իր կարողութիւնները միշտ կը մատնէին, որ ան արհեստավարժ յաւակնութիւններ կրնար ունենալ։ Ի շարունակութիւն՝ ան նուաճումներ արձանագրեց նաեւ շարժանկարի աշխարհէն ներս, ատեն-ատեն դեր ստանձնելով զանազան ֆիլմաշարերու մէջ։ Մարզական աշխարհի նկատմամբ ալ անտարբեր չէր եւ ի լրումն այդ բոլորին աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէր պոլսահայ միութենական կեանքին։ Արարատ Մօր այնպիսի կերպար մըն էր, որ իր բծախնդրութեամբ, յաջողութեամբ, ստանձնած պատասխանատուութեան նկատմամբ նախանձախնդրութեամբ համայնքէն ներս արժէքներու փոխանցման կամաւորներու շարքին կը դասուէր։ Իր սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին էր եւ այսօր այդ հանգամանքին ի շարունակութիւն բոլորը կը սգան իր անժամանակ կորուստը ու կ՚աղօթեն անոր յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

Այս տխուր առթիւ մենք եւս անկեղծօրէն կը խոնարհինք իր բարի յիշատակին առջեւ ու կը մաղթենք, որ ան արժանանայ երկնային լուսեղէն պսակներու։ Այս դառն կորուստին առթիւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք սիրելի եւ անմոռանալի Արարատ Մօրի կողակցին, զաւակներուն, սգաւոր մօր, մօրեղբօր եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024