ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր խանդավառ հանդէսով մը նշուեցաւ Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ կեանքի կոչուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ հայերէնի ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւք։ Տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըի գլխաւորութեամբ ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ ծնողներ եւ այլ հիւրեր եւս հետեւեցան ծրագրին։

Տղաքը յայտագրի զանազան բաժիններուն մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնած էին՝ մինչ ուսուցչուհիներէն Թաթիանա Պոստանն ալ այս յատկանշական օրուան առթիւ հանդէս եկաւ կատարումներով։

Հանդէսի տեւողութեան օրուան իմաստին անդրադարձաւ նաեւ Երանուհի Պալճըն, որ իր սրտի խօսքին մէջ բոլորին շնորհաւորութիւններ յղեց Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան առթիւ։

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024