Ի՞նչ ակնկալել՝ պատկառազդու արարողակարգէն անդին…

Ամբողջ աշխարհի մէջ ակնյայտօրէն կ՚ահագնանայ քաոս մը, որուն համար կը նախընտրուի՝ ուժերու վերադասաւորման շրջանի բանաձեւումը։ Սա մղձաւանջ մըն է հայութեան համար՝ քանի պատմութեան ընթացքին միշտ այսպիսի պահերու մէջ հայոց պետականութիւնը անկում ունեցած է։ Այսօր ալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դիմագրաւէ գոյաբանական մարտահրաւէրներ՝ փոթորկալից միջազգային ու տարածաշրջանային միջավայրի մը մէջ։ Սահմանափակ ներուժով պետութիւնները շատ աւելի խոցելի կը դառնան, երբ ընդհանուր կայունութիւնը խաթարուի։ Թէեւ այդ հասկնալի եւ հանդուրժելի սահմաններէն անդին՝ Հայաստան այսօր ունի այլ փխրուն կողմեր, սակայն սա արդէն ուրիշ նիւթ մըն է։

Փարիզի մէջ Միսաք Մանուշեանի Պանթէոն մուտքի արարողութիւնը պատկառազդու էր։ Սա յաջորդեց՝ քանի մը տարի առաջ մեծն Շարլ Ազնաւուրի համար կազմակերպուած փառաշուք յուղարկաւորութեան։ Երեւի, առանց չափազանցութեան, պատմութեան ընթացքին յետմահու այսպիսի մեծ պատուի արժանացած այլ հայեր չեն եղած։ Մանուշեանի վերայուղարկաւորութիւնն ու Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնը կու գան ամբողջ մը կազմել՝ յիշողութեան եւ պատմական վկայութեան առումով։

Վերադառնալով համաշխարհային իրադրութեան՝ Ֆրանսան ալ առաջուանը չէ՝ իր կարողութիւններով եւ հնարաւորութիւններով։ Աշխարհի վրայ այսօր չկայ գերհզօր տէրութիւն մը, որ կարողանայ առկայ քաոսը կանխել։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վիճակին մասին խօսիլն ալ աւելորդ է, իսկ Եւրոմիութիւնը կլոպալ դերակատար մը ըլլալու յաւակնելէ աւելի՝ կը մարսէ նուրբ ուժ մը ըլլալու կարգավիճակը՝ առանց բարդոյթաւորուելու։

Յառաջատար խաղացողները յաճախ խորհրդանշական քայլերով հետամուտ կ՚ըլլան քաղաքական նպատակներու՝ իրենց կայացած, հարուստ պետական աւանդութիւններով, որոնք կը դրսեւորուին բարձր արարողակարգով։ Ֆրանսան վերջին օրերուն ըրաւ նոյնը, բայց առարկայական ճշմարտութիւնն է, որ ան շատ սահմանափակ ազդեցութիւն մը կրնայ ունենալ՝ Հայաստանի դիմագրաւած գոյաբանական մարտահրաւէրներու յաղթահարման ճանապարհին։ Ուրեմն ի՞նչ կրնայ շահիլ կամ ի՞նչ կրնայ ակնկալել Հայաստան։

Հարաւային Կովկասի մէջ Երեւան ոստումի մը կարիքն ունի, բայց իրերու դրուածքը զինք կը մատնէ անելի։ Ան մաժէօր գործօն մը պէտք է գտնէ՝ տագնապէն դուրս գալու համար. գործօն մը, որ կրնայ փոխել իր յարաբերութիւններու որակը շրջապատին հետ։ Ատրպէյճան դաշնակից է Իսրայէլի հետ, իսկ Հայաստանի ապաւէնն է Իրանը։ Այսինքն այս պատկերը կը ցոլացնէ տրամագծօրէն տարբեր, հակադիր շահեր։ Ի՞նչ ընել…

Մանուշեանի կերպարը անանտեսելի եւ անարհամարհելի է հրեայ ժողովուրդին տեսակէտէ։ Ֆրանսա թէեւ այսօր Իսրայէլի վրայ ալ շատ մեծ ազդեցութիւն մը չունի, սակայն ի վերջոյ ունի որոշ կշիռ մը։ Հայաստան Ֆրանսայէն կրնա՞յ ակնկալել, որ թէկուզ սահմանափակ դաշտ մը ապահովէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն ընթացքը վերահունաւորելու համար։ Խորհրդանշական քայլէն գործնական արդիւնք ակնկալելու բանալին կրնա՞յ ըլլալ այս մէկը։

Լաւատեսութի՞ւն, միամտութի՞ւն…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024