ԱՂՕԹՔԻ ՆՊԱՏԱԿԸ
Մարդիկ, այլազան զբաղումներու մէջ՝ տարուած աշխարհային նպատակներու եւ վայելքներու հրապոյրէն, ի վերջոյ կ՚անդրադառնան, թէ իրենց համար ամենակենսականը աղօթքն է։ Եւ այս իմաստով, աղօթքի սկզբունքը կը ներկայանայ՝ աղօթքի նպատակը։
Աստուծոյ փառքի արտայայտութիւնն է աղօթքի նպատակը. փառք՝ անդրադարձած ըլլալու Անոր ճշմարտութեան։ Աղօթել՝ փառք մատուցանելու համար Անոր, որ ամէն բանի սկիզբն եւ վախճանն է։ Աղօթել. «որպէսզի Հայրը փառաւորուի Որդիով». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 13)։ Ուստի, աղօթարար հաւատացեալի աղօթքի նպատակը տեւաբար Աստուծոյ փառքը պարտի ըլլալ, քանի որ եթէ ասկէ աւելի ցածը շարժառիթ ըլլայ անոր աղօթքի մէջ, ահա այդ Ս. Հոգիին համագործակցութիւնը արգելք պիտի հանդիսանայ։
Արդարեւ, աղօթքի մէջ «հոգեւոր զարգացում» ընդունելու համար էական է, որ աղօթողը ամէն տեսակի անձնական չար շահախնդրութիւններէ ազատագրուած՝ ձերբազատուած ըլլայ եւ ա՛յս միայն այն պարագային կարելի կ՚ըլլայ, երբ հաւատացեալի նմանաձայն աղօթքի ընթացքին մշտական իր աչքի առջեւ ըլլայ Աստուծոյ փառքը։
«Հաւատացեալ»ներուն մեծամասնութիւնը աղօթքի մէջ շատ չնչին յառաջխաղացում կ՚ունենան այն պատճառով, որ իրենց աղօթքի ընթացքին իրենց ներսիդին տակաւին «անձի ներխուժում մը կայ, որ «հոգեւոր փճացում» կը յառաջացնէ եւ աղօթքի ճշգրիտ հոգին կը չորցնէ։
Աղօթքի հիմնական սկզբունքներէն մին է՝ խնդրել եւ կատարել։ Ուստի աղօթքը երկու երես ունի. խնդրողը եւ խնդրանքը ընդունողը։ Ուրիշ խօսքով՝ աղօթքի մէջ մարդուն բաժինն է «խնդրել», իսկ Աստուծոյ բաժինը՝ «կատարել»։ Այս կէտին՝ աղօթքի մը ընդունուիլը եւ կատարուիլը կախում ունի Աստուծոյ կամքէն։ Աղօթքի առանցքը Աստուծոյ կա՛մքն է. աղօթքի կատարումը Աստուծոյ կամքէն կախում ունի, չէ՞ որ Տէրունական աղօթքին մէջ տեւապէս կ՚ըսենք. «… եղիցին կամք Քո»։ Հնարաւոր է ամէն ինչ անոր համար՝ որ կը հաւատայ։ Եւ կը հաւատայ, որ էականը Աստուծոյ կա՛մքն է, քանի որ Ան է կատարեալը, Ան է ճշմարտութիւնը եւ Ան է ամենաբարին։
«Ինչ որ խնդրէք պիտի կատարեմ». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 13)։
Արդարեւ, աղօթքի գործնական սկզբունքը Աստուծոյ հետ եղած համամտութիւնը եւ համագործակցութիւնն է։ Եթէ մարդուն կամքը համաձայն է Աստուծոյ կամքին, ան անպայման կը կատարուի, քանի որ ա՛ն է բարին։ Եւ երբ աղօթողը լիովին հասկնալու ըլլայ այս ճշմարտութիւնը, այն ատեն կը սկսի աղօթքի գործնական ընթացքը։ Եթէ նկատէ, որ Աստուծոյ կատարելը իր խնդրուածքով պիտի կատարուի, ան կ՚իրականացնէ իր հոգեւոր գործի ամենակարեւոր մասը, աղօթքի չափազանց կարեւորութիւն տալը։ Աղօթելէ դադրիլ՝ Աստուծոյ գործելակերպին արգե՛լք հանդիսանալ կը նշանակէ. բարեխօսական աղօթքի շարունակական հոսանքը Աստուծոյ գործերուն համար «նիւթ» եւ առարկայ կը հայթայթէ, միաժամանակ, եւս երկինքի եւ երկրի միջեւ եղած հաղորդակցութեան գիծը բաց կը պահէ։
Յարատեւ աղօթել՝ երբեք պէտք չէ՛ շատախօսութեան վերածուի, քանի որ աղօթքը կրկնութիւն չէ՛, այլ՝ համագործակցութի՛ւն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024