Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Աթէնք։ Օրուան տեւողութեան ան կը հիւրընկալուի Յունաստանի պետական աւագանիին կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին իրեն կ՚ընկերանայ նաեւ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան։