ՊԵՐԼԻՆ ԵՒ ԱՆԹԱԼԻԱ
Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները այս օրերուն դարձեալ խտացեալ ձեւով կը քննարկուին տարածաշրջանի երկիրներուն եւ շահագրգիռ դերակատարներուն կողմէ։ Թուրքիա կը պատրաստուի այս շաբաթավերջին հիւրընկալել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որ պիտի մասնակցի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ 1-3 մարտ թուականներուն նախատեսուած է ֆորումը, որուն երկրորդ անգամ պիտի մասնակցի Արարատ Միրզոյեան։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարի այս ֆորումը վերջին պահուն ջնջուած էր՝ տարեմուտի սարսափելի երկրաշարժին հետեւանքով։ Իսկ տարի մը առաջ՝ 2022 թուականին Արարատ Միրզոյեան մասնակցած էր Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս երկկողմանի հանդիպում մըն ալ ունեցած էր այդ ժամանակուան արտաքին գործոց նախարարին՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլուին հետ։ Ամենայն հաւանականութեամբ Արարատ Միրզոյեան այս շաբաթավերջին Անթալիայի մէջ ալ կը տեսակցի արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանին հետ, նաեւ այլ երկիրներէ պաշտօնակիցներուն հետ ալ հանդիպումներ կ՚ունենայ։
Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումէն առաջ, Երեւան-Պաքու խաղաղութեան որոնումներուն տեսակէտէ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր այլ իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, 28-29 փետրուարին Պերլինի մէջ տեղի պիտի ունենան Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւնները։ Ինչպէս ծանօթ է, Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի օրերուն երկու երկիրներու ղեկավարները համաձայնութեան հասած էին, որպէսզի բանակցութիւնները շարունակուին եւ արտաքին գործոց նախարարները տեւականացնեն՝ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին վրայ ձեռնարկուած աշխատանքը։ Երէկ օրուան սկիզբին Ճէյհուն Պայրամով վերահաստատած էր Արարատ Միրզոյեանի հետ նախատեսուած ժամադրութիւնը։ Կարճ ժամանակ անց, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ արձագանգ հանդիսացան յաւելեալ մանրամասնութիւններու։ Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան տեղեկացուց, որ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պերլինի մէջ։
Երեւան-Պաքու ուղղակի շփումներուն վերսկսիլը թէեւ դրական եւ յուսադրիչ է, սակայն, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները կը շարունակեն պատճառ դառնալ մտահոգութեան եւ յոռետեսութեան։ «Հայաստան պէտք է իմանայ, որ միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի բոլոր պայմանները ընդունիլն է, Ատրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջներէ հրաժարիլն է», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ։
Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան Պերլինի բանակցութիւններուն եւ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու ընդառաջ, այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Ժընեւի մէջ, ուր կը մասնակցի ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի հերթական նիստին։ Ժողովին մասնակցելու առընթեր ան կ՚ունենայ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Արարատ Միրզոյեան երէկ տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւանց բարձր յանձնակատար Վոլքեր Թիւրքի հետ։ Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնէն ներս, Արարատ Միրզոյեան մէկտեղուեցաւ նաեւ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի նախագահ Միրիանա Էկէրի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ անցեալ սեպտեմբերին իրականացուած էթնիք զտման հետեւանքով բռնի տեղահանուածներու կարիքներու դիմագրաւման եւ իրաւունքներու հասցէագրման վերաբերեալ հարցեր։ Մարդասիրական բնոյթով հարցերու շուրջ հայկական կողմը կ՚ակնկալէ Կարմիր խաչի հետ համագործակցութիւն։