ԲԱՐԴ ԵՒ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ
Ֆրանսաբնակ օփերային հայազգի երգչուհի, քոնթրալթօ, մեցցօսոփրանօ Վարդուհի Աբրահամեանի մասին մեզի պատմած է աշխարհահռչակ երգչուհի Յասմիկ Պապեան: Ան յայտնած է, որ Վարդուհի Աբրահամեան Եւրոպայի մէջ շատ նշանաւոր երգչուհի մըն է եւ դերերգներ կը ստանձնէ Փարիզի Օփերայի թատրոնին մէջ: Մենք շտապեցինք ելեկտրոնային նամակի միջոցաւ կապ հաստատել եւ ծանօթանալ երգչուհիին հետ, որուն անունը, ցաւօք, այնքան ալ ծանօթ չէ Հայաստանի մէջ: Վարդուհի Աբրահամեան քիչ մը վարանեցաւ հարցազրոյց ունենալու առումով, նշելով, որ տակաւին հայկական մամուլին չէ տուած հարցազրոյց, բայց ի վերջոյ անկեղծացաւ եւ տեսակապի միջոցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին տուած այս հարցազրոյցի ընթացքին պատմեց իր կեանքի եւ գործունէութեան մասին: Հարցազրոյցէն պարզ դարձաւ, որ դիւրին չէ եղած Երեւանի մէջ ծնած, մեծցած երիտասարդուհիի մը համար նուաճել նշանաւոր օփերային բեմեր, բայց յամառ աշխատասիրութիւնը եւ տաղանդը օգնած են Վարդուհիին՝ դառնալու այսօրուան ժամանակակից եւրոպական օփերային արուեստի նշանաւոր անուններէն մին:
-Վարդուհի, Ձեր յաջողութիւններու մասին կը տեղեկանանք նշանաւոր օփերաներու համացանցային էջերէն: Կը տեղեկանանք նաեւ, որ երաժշտական ուսում առած էք Երեւանի մէջ: Ձեր յաջողութիւնները Երեւանէ՞ն սկսած են:
-Ո՛չ, Երեւանէն չեն սկսած իմ յաջողութիւնները: Ես Հայաստանի մէջ միայն երաժշտանոցը աւարտած եմ: Ծնած եմ երաժշտական ընտանիքի մէջ, հայրս ալ, քոյրս ալ օփերայի երգիչներ էին: Գոհար Գասպարեան քրոջս՝ Նաիրա Աբրահամեանի ուսուցիչն էր երաժշտանոցի մէջ, բայց ես երաժիշտ դառնալու մտադրութիւն չունէի: Օր մը մօրս հետ Գոհար Գասպարեանին այցելած էինք, ան ինծի հարցուց՝ դուն ինչո՞ւ չես ուզեր երգել, պատասխանեցի՝ ես դասական երաժշտութիւն չեմ ուզեր երգել։ Ապա ըսաւ՝ պզտիկ բան մը երգէ, լսեմ: Երգեցի, ան լսեց եւ ըսաւ՝ շատ լաւ է, Սեպտեմբերին կու գաս երաժշտանոց: Այդպէս Գոհար Գասպարեանի միջոցաւ իմ առջեւս բացուեցան երաժշտական աշխարհի դռները:
-Իսկ ինչպէ՞ս Ձեր ճանապարհը շարունակուեցաւ Ֆրանսայի մէջ:
-Երկար աշխատասիրութիւններու շնորհիւ: Այնպէս չեղաւ, որ ես եկայ, եւ դռները անմիջապէս բացուեցան: Երաժշտանոցը աւարտեցի, գացի Մարսէյլ, ուր ընդունուեցայ տեղւոյն երաժշտանոցը։ Տարի մը վերջ զիս արձանագրեցին աւարտական դասարան, առի վկայականս, բայց մէկը չէի ճանչնար Ֆրանսայի մէջ, ոչ ալ ֆրանսերէն կրնայի խօսիլ: Օփերային արուեստի աշխարհ մուտք գործելու համար շատ կարեւոր է, որ ունենաս հմուտ գործակալ մը, որ կապեր կ՚ունենայ, կը զբաղի քեզի թատրոններուն, օփերաներուն, նուագախումբերուն ներկայացնելով: Եթէ երաժըշ-տական գործակալ չունիս, բան մը չես կրնար ընել: Երաժշտանոցի իմ դասախօսը ինծի զիս կը սիրէր ու ըսաւ, թէ կայ տիկին մը, որուն կը բարեխօսեմ, որպէսզի լսէ քու ձայնը: Աւարտելէս չորս տարի ետք եղաւ այդ մէկը։ Մինչ այդ կ՚երթայի զանազան օփերաներ, նամակներ կը գրէի, անձամբ կը ներկայանայի, կ՚երգէի, բայց քանի որ փորձառութիւն չունէի, գործակալ ալ չունէի, պայմանագիր չէին ստորագրեր իմ հետ: Որքան որ ալ լաւ երգես, առանց գործակալի հնարաւոր չէ յառաջանալ: Բայց այդ ընթացքին շատ աշխատեցայ, ինքզինքս կատարելագործեցի, եւ երբ գործակալ ունեցայ, առաջին մեծ օփերան, որ իմ առջեւ դռները բացաւ, եղաւ Փարիզի մեծ Օփերան: Ինծի բախտ վիճակեցաւ սկսիլ ուղղակի Փարիզի Օփերայէն, մինչ կան բազմաթիւ երգիչներ, որոնք չեն երգած այդ վայրին մէջ: Առաջին պայմանագիրը, որ իմ հետ կնքեց, Փարիզի Օփերան էր, որմէ ետք պզտիկ թատրոնները սկսան զիս հրաւիրել, բայց ես արդէն հրաժարեցայ, որովհետեւ երկար ժամանակ պայմանագիր ունէի Փարիզի Օփերային հետ։ 2007 թուականէն սկսեալ համերգաշրջանի երկու-երեք պայմանագիր ունեցած եմ:
-Ի՞նչ ջանքեր անհրաժեշտ են՝ օփերային արուեստի ժամանակակից աշխարհի մէջ մնալու, չնահանջելու համար:
-Անընդհատ կը պարապիմ, չեմ կրնար նկարագրել, թէ ի՛նչ տեսակի ջանք կը գործադրեմ ինքզինքիս վրայ՝ կատարելագործուելու համար։ Անընդհատ կը սորվիմ եւ այսօր չեմ ամչնար այդ մէկը ըսելու: Առանց ամէն վայրկեան սորվելու անհնար է յառաջանալ: Կը սորվիս թէ՛ ձայնի, թէ՛ երգելու, թէ՛ խօսելու, թէ՛ զանազան ազգերու, երկիրներու մշակոյթին յարմարելու առումներով: Միշտ կը ջանաս աւելին ընել, քան նախորդ անգամ ըրած ես: Նախապէս շատ զգայուն էի, տարիներու ընթացքին աւելի ուժեղ դարձած եմ, որովհետեւ այն ճանապարհը, զոր ընտրած եմ, շատ դժուար է: Այնքան մեծ է դաշտը, երգիչները այնքան շատ են, որ միշտ պէտք է ուղղակի մնալ բարձունքի վրայ, եւ ամէն անգամ պէտք է ընել աւելին, քան՝ նախորդ անգամ:
Երբ ես կը լսեմ իմ առաջին տարիներու կատարումները ու այսօրուան երգերը, ես կը տեսնեմ, թէ ինչքան մեծ են տարբերութիւնները: Զանազան երկիրներ կ՚երթամ մեծ երգիչներու հետ, կը փորձեմ քաղել անգամ ամենաչնչին բաները: Գործընկերներ եղած են, տեսած եմ, որ իրենց քով այս կամ այն բանը աւելի լաւ ստացուած է, ես չեմ ամչցած, մօտեցած եւ հարցուցած եմ անոնց: Սորվելու գործընթացը ամէն վայրկեան է, կը կարծեմ, որ մինչեւ կեանքիս վերջ տակաւին սորվելու պիտի ըլլայ:
-Ինչո՞վ նշանաւորուեցաւ այս տարին Ձեզի համար:
-Բազմաթիւ համերգներ ունեցայ, Փարիզի Օփերայի թատրոնի երդիքին տակ «Նորմա»ի բեմադրութեան մէջ դեր ստանձնեցի, մեծ ուրախութիւն էր ինծի համար երգել Մարիէլլա Տեւիայի հետ, որ ապրող մեծութիւն է: «Նորմա»ի մէջ իմ դերը շատ հաւնուեցաւ հանդիսականներուն կողմէ, արձագանգները դրական էին: Սպանիոյ մէջ եւս երգեցինք, կայ տիկին մը, որ Փարիզէն Սպանիա եկաւ կրկին մեզի ունկնդրելու համար։ Եւ այդ տիկինը ո՛ր երկրի մէջ որ երգեցինք, ամէն համերգին ներկայ գտնուեցաւ։ Տոմսերը առաւ ու եկաւ մեզ լսելու:
Յառաջիկային ունիմ բազմաթիւ ներկայացումներ. 2015-2016 թուականներու համերգաշրջանս յագեցած է, յառաջիկայ Հոկտեմբերէն մինչեւ յաջորդ տարուան Յուլիս ամիսը շատ զբաղած եմ ներկայացումներով, փորձերով, եւ առհասարակ, մինչեւ 2018 թուականը ամէն ծրագրերս ու պայմանագրերս յստակեցուած են։ Շատ մը երկիրներու շարքին բեմ պիտի բարձրանամ նաեւ Գանատայի եւ Իսրայէլ մէջ:
-Շա՞տ են հայ օփերային երգիչները աշխարհի տարածքին, անոնք զիրար կը ճանչնա՞ն եւ արդեօք համախմբուա՞ծ են:
-Մի գուցէ շատ են: Երգիչներ կան, որոնք կ՚ըսեն, թէ Հայաստանը կը ներկայացնեն դուրսը, բայց այդ մէկը ես չեմ տեսած: Գիտէք, զիս երբեք չեն հրաւիրած Հայաստանէն: Ես ֆրանսական հպատակութիւն ունիմ, ինծի Ֆրանսան բացած է ճանապարհներ, բայց ես միշտ կը ներկայանամ որպէս հայ, իմ անունին դիմաց միշտ գրուած է հայ, երբեք չէ գրուած ֆրանսացի:
Ես չէ, որ պէտք է զանգահարեմ Հայաստան եւ դիմեմ, որ զիս կանչեն, այդ մէկը ճիշդ չէ, միւս կողմէն ալ իմ ամբողջ ծրագիրը, ինչպէս ըսի, մինչեւ 2018 թուականը ազատ չէ, ես բազում պայմանագրեր ունիմ, բայց որպէս հայ, հոգիիս խորքը միշտ կ՚ուզեմ երգել իմ ժողովուրդիս համար: Հայաստանը ինք պիտի գտնէ այն մարդիկը, որոնք աշխարհի վրայ կը ներկայացնեն Հայաստանը, ըլլայ այդ մէկը երգիչ, մարզիկ կամ այլ ասպարէզի մը ներկայացուցիչը: Եթէ օտար երկիրները գիտեն իմ գոյութեանս մասին իբրեւ հայ, բայց իմ Հայաստանը չի գիտեր իմ գոյութեան մասին, ես չեմ գիտեր ինչպէ՞ս մեկնաբանեմ այդ մէկը:
-Օփերային թատրոնէն երբեք չե՞ն հրաւիրած:
-Ո՛չ: Իմ հայրը՝ Ռուբէն Աբրահամեան, Օփերային թատրոնի սիրուած երգիչներէն էր. ան երկու տարի առաջ հեռացաւ կեանքէն: Հայրս միշտ հպարտ էր ինձմով, բայց երբեք զիս բեմին վրայ չէր տեսած, միշտ կը փափաքէր տեսնել: Երբ տակաւին ողջ էր, օր մը ըսի՝ եթէ կ՚ուզես, Երեւանի Օփերային հարցուր, ես կու գամ կ՚երգեմ: Հայրս հարցուցած է, բայց իրեն պատասխանած են, որ յարմար դեր չկայ: Ինք այս պատասխանով շատ վշտահարեցաւ, ես հանդարտեցուցի զինքը։ Անոր ըսի, որ վնաս չունի, դուն հոս կու գաս ու զիս կը տեսնես բեմին վրայ: Երկու տարի առաջ Փարիզի մէջ պիտի երգէի, փորձերը կ՚ընթանային եւ ներկայացումէն մէկ շաբաթ առաջ հայրս մահացաւ: Ինծի համար շատ յուզիչ եւ անձնական պահ մըն է այդ պահը, այսօր ալ առանց յուզմունքի չեմ կրնար յիշել:
-Ուրեմն օփերային երգեցողութիւնը Դուք եւ Ձեր քոյրը Ձեր հօրմէն ժառանգա՞ծ էք:
-Այո՛, հայրս հրաշալի ձայն ունէր, մայրս միշտ կ՚ըսէր, որ առաջին հերթին սիրա-հարուած է իմ հօր ձայնին: Հայրս մինչեւ 2013 թուականը «Անուշ»ի եւ այլ ներկայացումներու մէջ երգած է: Ան կը սիրէր մանաւանդ ուսում ստացած երգիչները: Միշտ կ՚ըսէր, որ Յասմիկ Պապեանը ուսանած երգչուհի է: Իմ երազանքները մինչեւ այսօր Յասմիկ Պապեանի հետ «Նորմա» ներկայացման մէջ երգելն է: Ես իրեն հետ ծանօթացայ Վիեննայի մէջ: Իր երգած «Նորմա»ն քանի-քանի անգամ լսած եմ, ցաւօք միայն ձայնագրութիւններով, եւ հիացած եմ: Ինք այսօր աշխարհի մեծ եւ առաջին «Նորմա» երգողներէն մէկն է: Բարձր որակի, երգչուհի եւ հրաշալի անձնաւորութիւն մըն է: Երազանք է նաեւ երգել իմ ժողովուրդին համար, այն յոյզերը, զորս կու տամ օտարներուն, կ՚ուզեմ նոյնը տալ նաեւ իմ ժողովուրդին:
-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Երեւանի Օփերայի թատրոնը:
-Տարբեր է դուրսի թատրոններէն: Ես Հայաստանի մէջ «Թրաւիաթա»ն դիտեցի եւ քանի մը համեմատութիւններ ըրի: Երբ դուրսը կ՚աշխատիս, մանրուքները աւելի լաւ կը տեսնես: Բեմադրութիւնները տարբեր են, ըլլայ թէ՛ նուագախումբի, թէ՛ դերասաներու աշխատանքը: Դուրսը աւելի բաց է օփերային թատրոնը, ժողովուրդը անընդհատ նորութեան կը սպասէ: Եւրոպայի մէջ, օրինակ, միայն կանգնիլերգելը բաւարար չէ, միայն համերգային կատարում պէտք չէ որ ըլլայ: Օփերային թատրոնի մէջ երգիչը կամ երգչուհին դեր կը կերտէ, ան պէտք է ապրի այդ դերը, պէտք է խաղայ, ժողովուրդը միայն երգի համար համերգի չի գար, ան խաղ կ՚ուզէ դիտել:
-Հայաստան մնալով արդեօք կը հասնէիք այն բարձունքին, ուր որ այսօր հասած էք:
-Ես վստահ եմ, որ Հայաստան մնալով չէի հասնիր իմ այսօրուան յաջողութեան: Ոչ միայն աշխատասիրութիւնն է յաջողութեան գրաւականը, այլեւ կարեւոր է, որ աշխարհի վրայ քեզ ճանչնան, գնահատեն։ Այդ մէկը աւելի մեծ թեւեր կու տայ, ցանկութիւն կը յառաջնացնէ աւելին ընելու:
-Ինչո՞վ կը զբաղիք աշխատանքէն դուրս:
-Ընտանիք ունիմ՝ ամուսին, երախաներ: Շատ դժուար է ընտանիք ունեցող երգչուհիի մը համար, երբ տարուան մէջ շատ քիչ ժամանակ կ՚ունենաս անոնց հետ ըլլալու: Ես այս տարուան տեւողութեան գրեթէ երկու կամ երեք ամիս եղած եմ իրենց հետ: Ամէն անգամ զաւակներս աւելի մեծցած կը տեսնեմ: Նախապէս կը սրտնեղէին պզտիկները, բայց հիմա կը հասկնան, իրենք ալ հպարտ կը զգան, որ կ՚երգեմ: Ես ալ հպարտ եմ, որ կրցած եմ աշխատանքիս զուգահեռ ունենալ իմ ընտանիքը: Իմ աշխատանքին, ասպարէզին բերումով շատ պարտական եմ ամուսինիս, որ համբերատար կերպով կեցած է իմ կողքին, քաջալերած է զիս: Ան նոյնպէս հայ է: Ինչ որ ինք կ՚ընէ ինծի համար, ես հաւանաբար նոյնը չէի կրնար ընել իրեն համար: Ինք կը հասկնայ, որ ես չեմ կրնար առանց երգելու ապրիլ, եւ բոլոր այն պահերուն, երբ ուժասպառ կ՚ըլլամ, ան ուժ կու տայ ինծի:
-Ի՞նչ պիտի ընէք բեմը ձգելէ ետք, մտածա՞ծ էք այդ մասին:
-Տակաւին շատ հեռու է այդ օրը, բայց երեւի կը փորձեմ օգնել նոր երգիչներուն: Այն, ինչ որ տարիներու ընթացքին սորված եմ այս ասպարէզին մէջ, կը փորձեմ փոխանցել անոնց: Բայց երգի մասին չէ խօսքը, այլ՝ դժուարութիւնները յաղթահարելու, ասպարէզին մէջ յառաջանալու առումով, այնպէս, ինչպէս ուրիշներ օգնեցին ինծի, հաւատացին եւ ձեռք մեկնեցին, նոյնը ես կրնամ ընել ուրիշներուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024