Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՓՐՕ ՕՐԻԷՆԹԷ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Փրօ Օրիէնթէ» հիմնարկէն Էրնսթ Միւլլէրն ու Ռայմընտ Օրթնըրը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի Միջեկեղեցական բաժնի պատասխանատու Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։
Հիմնարկի ներկայացուցիչները Պատրիարքարան փութացած էին՝ Պոլսոյ մէջ Հայ Եկեղեցւոյ անցեալին, գործունէութեան եւ առաքելութեան մասին տեղեկութիւններ քաղելու համար։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ փոխանցեց Աթոռի գործունէութեան մասին՝ շեշտելով, թէ Պատրիարքարանը հոգեւոր կեդրոնն է Թուրքիոյ հայ համայնքին եւ կը ջանայ Հայ Առաքելական երեսուներեք եկեղեցիներով կանգուն պահել եկեղեցական կեանքը։
Հանդիպման աւարտին հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար։
Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024