Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑ ԷԼԱԶԸՂԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ
Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան շաբաթավերջին հովուական այցելութիւն մը տուաւ Էլազըղի հայ համայնքին։ Ս. Նշան մատրան մէջ կատարուեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որու աւարտին տէր հայրը քարոզեց նիւթ ունենալով Մեծ պահքն ու անոր կիրակիները, պահքի իմաստը, ապաշխարութեան կարեւորութիւնը եւ ներումը: Ապա կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Էլազըղի մէջ կեցութեան օրերուն տէր հայրը այցելեց Ասորի համայնքի հովիւ Մուշէ Տաղ Վարդապետին: Ապա ան մէկտեղուեցաւ տեղւոյն հայութեան հետ։
Երկօրեայ այցելութեան աւարտին տեղւոյն հայ համայնքի անդամները տէր հօր շնորհակալութիւն յայտնեցին։ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան օդային ճամբով արդէն վերադարձաւ քաղաքս։
Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024