ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐԸ
Բանտերու բարձր պատերու ստուերին եւ աղօտ լուսաւորուած միջացքներուն մէջ ամէ՛ն օր կը լսուի արձագանգը այն պայքարին, որ տեղի կ՚ունենայ իւրաքանչիւր բանտարկեալի հոգիին եւ միտքին մէջ. անոնց «մեղաւոր»ի կարգավիճակը յաճախ պատճառ կը դառնայ, որ անտեսուի անոնց ապրումները. ընկերային կեանքի մէջ մեծ ուշադրութիւն կը պահանջէ բանտարկեալներու հոգեբանութիւնը, որովհետեւ անոնք կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ:
Առաջին հերթին բանտարկեալներու մասին մտածելով պէտք է համոզուած ըլլալ, որ անոնք մեղաւոր ըլլալէ առաջ մարդ արարածներ են եւ հետեւաբար իրաւունք ունին ապրելու մարդկային բոլոր զգացումները. հակառակ իրենց մեղաւորութեան, անոնց ամենէն բնական իրաւունքն է ունենալ հոգեբանական առողջ վիճակ:
Բանտարկեալի մը կեանքը դիւրին չէ, որովհետեւ տարբեր տարբեր փորձառութիւններէ եւ հոգեկան վիճակներէ կ՚անցնի։ Ուսումնասիրութիւններ կը պարզեն, որ բանտարկեալի մը առաջին մարտահրաւէրը «ուժի ցուցադրութիւն»ն է. այնպէս ինչպէս մեր բնական մարդկային կեանքին մէջ, նոյնպէս ալ բանտին մէջ գրեթէ ամէ՛ն մարդ կ՚ուզէ իր իշխանութեան շրջանը յայտարարել։ Այս պատճառով յաճախ ֆիզիքական բռնութիւններու կրնայ ենթարկուիլ. այդ առաջին փորձառութիւնը կը ճշդէ բանտի մէջ անոր ունենալիք ապագայ ընթացքը. եթէ առաջին օրէն չկարենայ դիմագրաւել այս փորձութիւնը եւ ծեծի արժանանայ, հին բանտարկեալներուն համար խնդիրը կը լուծուի, սակայն եթէ նորեկը յաջողի դիմագրաւել ու պայքարիլ, ուժի պայքար մը սկիզբ կ՚առնէ, մինչեւ կողմերէն մէկը հաստատէ իր գերիվեր ըլլալը: Սակայն մարդկային ուժի կողքին այդտեղ գոյութիւն ունին տարբեր երեւոյթներ. օրինակի համար, նոյն բանտի խուցին մէջ կրնան գտնուիլ ընկերային տարբեր խաւերու պատկանող անձեր. մին ուսեալ, իսկ միւսը անուս, մին հարուստ եւ միւսը աղքատ, որ բնականաբար ատելութիւն ու նախանձ կրնայ ստեղծել բանտարկեալներու միջեւ:
Այս դժբախտ երեւոյթէն կը հասկնանք, որ բանտարկեալ մը իր ներքին ապրումներուն հետ պայքարելու ժամանակ, տարբեր պայքար մը կը մղէ նաեւ արտաքին աշխարհի եւ իր բանտակիցներուն հանդէպ. նոյն ժամանակ մէկէ աւելի պայքարներու գոյութիւնը հոգեկան լուրջ անառողջ վիճակ մը կը ստեղծեն անոնց միջեւ, որ կրնայ ունենալ իր հետեւանքները:
Առաջին հոգեկան պայքարը յարմարուելու դժուարութիւնն է. նոր միջավայր, կեանքի վայրկենական փոփոխութիւն ու սահմանափակումներ. ազատութեան կորուստը խոր ազդեցութիւն կ՚ունենայ բանտարկեալի մը համար. անոնք իրենց բանտարկութեան անվերջանալի ժամերը կ՚անցընեն քնանալով. ժամանակ մը ետք ամենէն կարեւոր խնդիրը կը վերածուի «ինչպէ՞ս ժամանակ անցընել»ու։ Այստեղ ի յայտ կու գայ բանտարկեալներու տարբերութիւնը. շատեր անգրագէտ են, գրել ու կարդալ չեն գիտեր, սակայն ուրիշներ կը փորձեն այդ պարապութիւնը ընթերցանութեամբ լեցնել. որոշ միտքեր ու մտածումներ թուղթին յանձնել, սակայն երկու երեւոյթներն ալ ունին իրենց հոգեբանական խնդիրները:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ բանտարկութիւնը միայն անձի մօտ չէ՛ որ հոգեբանական խնդիրներ կը ստեղծէ. անոր բանտարկութեամբ հոգեկան խնդիրներ կը դիմագրաւէ նաեւ անոր ընտանիքի անդամները. տարբեր է պարագան ամուսնացեալ եւ ամուրի բանտարկեալներուն. անձի մը բանտարկութիւնը նիւթական, բարոյական, ընկերային եւ ընտանեկան բազմաթիւ դժուարութիւններ կը ստեղծէ. եթէ բանտարկուողը տան տղամարդն է՝ որ տան ապրուստը կ՚ապահովէր, իր անձի կողքին դժուարին իրավիճակ մը կը ստեղծուի նաեւ ընտանիքի անդամներուն համար, որոնք իրենց կարգին տարբեր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն: Բանտարկեալներէն աւելի յաճախ դժբախտ վիճակ մը կ՚ունենան բանտարկեալներու զաւակները, որոնք որոշ ժամանակ ետք դպրոցական ուսումէն ալ հեռանալով փողոցները կը թափառին. անոնց վրայ կ՚ազդէ «բանտարկեալի զաւակ» ըլլալու դժբախտ իրավիճակը, որուն հանդէպ խիղճ չեն ունենար մարդկային լեզուն ու բամբասանքը:
Բանտի մէջ ունեցած ժամանակի մարտահրաւէրէն ետք կը ստեղծուի ազատ արձակուելէ ետք ստեղծուող հոգեվիճակը. շատ քիչեր կը յաջողին ապրիլ այն կեանքը՝ որ կ՚ապրէին նախապէս. յաճախ բանտարկութիւնը կը դիտուի որպէս «դաստիարակութեան» միջոց եւ մենք կը հաւատանք, որ բանտարկեալը իր «պատիժ»ը ստանալէ ետք աւելի արդար ու մաքուր կեանք մը պիտի ապրի, սակայն կը պատահի հակառակը. օրինակի համար, եթէ անձ մը բանտարկուած է թմրանիւթի մեղադրանքով, բանտի շրջանակին մէջ պիտի ծանօթանայ շատ աւելի «լաւ» ու «յաջող» թմրամոլներու եւ հեռանալու փոխարէն շատ աւելի մօտիկութիւն պիտի ունենայ եւ դառնայ այդ շրջանակի անդամ. լրագրող մը խօսելով բանտի ներկայ իրավիճակին մասին կ՚ըսէր. «Բանտին մէջ մին միւսէն կը սորվի նոր ոճիրներ, նոր ճարպիկութիւններ»:
Դժբախտաբար բանտարկեալներ յաճախ երկար ժամանակ բան մը չընելու հետեւանքով կը ծուլանան եւ ապագայ կեանքը շատ աւելի դժուար վիճակ մը կը ստանայ իրենց համար. կը սկսին դառնալ ջղային եւ ոխ մը կը սերմանեն իրենց մէջ ընկերութեան հանդէպ:
Այս բոլորը նկատի ունենալով անգամ մը եւս կը շեշտենք, որ պետութեան պարտաւորութիւնն է հետեւիլ ու բարելաւել կեանքն ու հոգեվիճակը բանտարկեալներուն, որովհետեւ անոնք ընկերային հասարակութեան մաս կը կազմեն եւ հետեւաբար իրաւունք ունին ապրելու մարդկային ու հոգեբանական բոլոր բարելաւ պայմաններով՝ որովհետեւ բանտարկութեան նպատակը զանոնք վատ կեանքի մը կամ կենցաղի մը առաջնորդել չէ. բանտարկութիւնը եթէ իրապէս դաստիարակչական մաս մը կ՚ուզէ ունենալ իր մէջ, պէտք է լրջօրէն ուսումնասիրուի եւ ի գործ դրուի, որովհետեւ բանտերու նպատակը մարդիկը ընկերային կեանքին որպէս լաւ անհատներ վերադարձնել պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ հակառակը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ադամ եւ Եւա իսկական անձե՞ր են՝ թէ ոչ խորհրդանշական գոյութիւններ են:
Պատասխան. Ադամի եւ Եւայի իրական պատմական դէմքեր ըլլալ ու չըլլալու խնդիրը միշտ ալ եղած է բանավէճի եւ տարբեր մեկնաբանութիւններու առարկայ: Շատ մը կրօնական աւանդութիւններու մէջ, ինչպէս օրինակ, քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը Ադամը եւ Եւան ընդունուած են որպէս իրական անհատներ, որոնք ստեղծուած են Աստուծոյ կողմէ: Սակայն կան աստուածաբաններ եւ գիտնականներ, որոնք Ադամը եւ Եւան կը մենաբանեն որպէս խորհրդանշական կերպարներ, որոնք կը ներկայացնեն մարդկութեան ծագումը, մեղքի բնոյթը եւ մարդ ու Աստուած յարաբերութիւնը:
Ադամի եւ Եւայի պատմական եւ կամ խորհրդանշական կերպարներ ըլլալու հասկացողութիւնը կախուած է կրօնական համոզումներէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024