ԵՐԱԶ, ՏԵՍԻԼ ԵՒ ՑՆՈՐՔ
Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ՝ Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»էն։
Երազները ունին զանազան պատճառներ։ Կայ պարագայ՝ որ երբ մարդ բերնով բան մը կը խօսի, նոյն բանով միտքը կը զբաղի նաեւ, երբ մարմինը կը հանգստանայ եւ կը քնանայ. կայ պարագայ ալ, որ բանի մը վրայ չի մտածեր, եւ սակայն կը տեսնէ երազին մէջ։ Եւ ասոր պատճառները երկու են։
Կամ հաստատուն բան մը տեսնել, որպէս թէ հայելիի մէջէն, եւ ոչ թէ յայտ յանդիման ճշմարտութեամբ, Աստուծոյ շնորհաց ազդեցութեամբ՝ մարդը լաւութեան յորդորելու համար. այսպէս՝ Յովսէփ եւ Դանիէլ մեծամեծ իրողութիւններու մասին տեսիլներ ունեցան։
Մէկ ալ հակառակորդէն - «դեւ»էն, որովհետեւ ան անմարմին է, ինչպէս մարդուն շունչը անմարմին է, ուստի տեսակ տեսակ կերպարանքներ կը պատկերացնէ աչքի առջեւ, երբեմն կիներու՝ ցանկութիւն գրգռելու համար եւ երբեմն ահագին գազաններու եւ սողուններու՝ զարհուրեցնելու համար, ինչպէս Յոբն ալ կ՚ըսէ. «Երազներով կը զարհուրեցնես զիս». (ՅՈԲ. Է 14)։
Եւ «դեւ»ը՝ շատ անգամ կնոջ կերպարանք առնելով՝ կը խաբէ մարդիկ երազի մէջ. երբեմն ալ այրական կերպարանքի տակ մտնելով՝ կիները կը հրապուրէ։ Ոչ թէ արուական եւ իգական անդամներ ունին անոնք, այլ ցանկութեան ամանը խախտացնելով՝ արութիւնը դուրս թափել կու տան։ Եւ երբ մարդուն մէջ մտած՝ արուական կամ իգական ձայն մը ձեւացնէ, պէտք չէ հաւատալ, թէ արութիւն կամ իգութիւն ունի ան. ոչ ալ կարելի է հաւատալ, երբ ան ցոյց տայ, թէ կը վախնայ գաւազանէ կամ սուրէ, որովհետեւ անոր գաւազանը Աստուծոյ սաստն է եւ սուրբերուն շնորհքը՝ զոր Սուրբ Հոգիէն կ՚ընդունին։ Կա՛մ արթնութեան եւ կամ քաղցրաքուն հանգիստի միջոցին ցոյց կու տայ, թէ գաւազանէ եւ սուրէ կը վախնայ, որպէսզի մարդիկ անոր ապաւինին եւ այդ կերպով ծուլացնէ զանոնք խնդրելու Աստուծմէ օգնութիւն։
Ուստի եւ Տէրն իսկ կը յայտնէ, թէ՝ «Այդպիսի ոգի մը աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կարելի է հանել». (ՄԱՐԿ. Թ 28)։
Եւ մարդոց բոլոր թուլանալը, յուլանալը եւ ցնորիլը ո՛չ թէ «դեւ»էն է, այլ կամ մաղձէն, կամ մաղասէն, կամ ուղեղին մեծնալէն, կամ ստամոքսի խանգարումէն, կամ որովայնի պնդութենէն՝ որոնք մինչեւ անգամ պատճառ կ՚ըլլան փրփրելու եւ աչքը դարձնելու, շլացնելու։
Ուղեղին պարպուելովը խելքն ալ կը թռցնէ մարդ, որ կը խօսի պատերուն եւ կը կռուի հովերուն հետ։ Ուստի բժիշկները կը պնդեն, թէ չկայ բնաւ «դեւ»՝ որ մարդուն մէջ մտնէ, այլ «ցաւեր» են անոնք՝ զորս մենք դարմանումով կրնանք բժշկել…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024