ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Մար­մա­րա­յի խմբակ» հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Տքթ. Աք­քան Սու­վէ­րը։ Այս վերջ­նոյն կ՚ըն­կե­րա­նա­յին Լա­լէ Այ­թանչ Նալ­պանտ եւ Ճա­ֆէր Օք­րա։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ ող­ջու­նեց հիւ­րե­րը, ո­րոնք իր նկա­տառ­ման յանձ­նե­ցին յա­ռա­ջի­կա­յին կա­յա­նա­լիք Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան հա­մա­ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ Այս հիմ­նարկն ալ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ սոյն հա­մա­ժո­ղո­վի պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն։ Յա­ջորդ տա­րի նա­խա­տե­սուած հա­ւա­քոյ­թը 19-րդը պի­տի ըլ­լայ իր նման­նե­րու շար­քին եւ այս առ­թիւ օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գան կլի­մա­յի ջե­ռուց­ման բարձ­րաց­ման խնդիր­նե­րը։ Հիւ­րե­րը մատ­նան­շե­ցին, որ այս քննար­կում­նե­րու ա­ռու­մով լուրջ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ զա­նա­զան կրօն­նե­րու եւ դա­ւա­նանք­նե­րու տե­սա­կէտ­նե­րուն ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կիօ­րէն շրջա­գա­յու­թեան մէջ մտնե­լը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2015