ԵՐԿՆԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ
«Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց՝ որ հարստութիւն ունին… Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել իրենց հարստութեան յուսացողներուն։ Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ…». (ՄԱՐԿ. Ժ 23-25)։
Աստուածաշնչական բազմաթիւ գրուածքներուն մէջ «հարստութիւն»ը համարուած է երկնային օրհնութիւն։
Շատ խօսուած եւ խորհրդածուած է այն պատկերին մասին՝ որ Յիսուս գործածած է հասկցնելու համար իր միտքը. այդ է «ուղտի պատմութիւնը» որ չի կրնար անցնիլ ասեղի ծակէն. (ՄԱՐԿ. Ժ 25)։
Արդարեւ, մարդիկ փորձած են բազմաթիւ բացատրութիւններ տալ, որպէսզի աւելի հասկնալի եւ տրամաբանական դարձնեն սոյն համարը։ Ուստի, ենթադրած են, զոր օրինակ, որ Երուսաղէմի մէջ գոյութիւն ունեցած է «Ասեղի դուռ» անունով ծանօթ նեղ դուռ մը, ուրտեղէն ազատօրէն կարողացած են անցնիլ կարաւանները իրենց բեռներով։
Սակայն այդ դռնէն այսօր որեւէ հետք մնացած չէ։
Մտածած են նաեւ, որ «ուղտ» բառը յունարէն սխալ թարգմանութիւն է եղած սեմական բառի մը՝ որ կը նշանակէ «ծովային հաստ պարան» կամ «խարսխապարան»։ Ուրեմն, Յիսուս արամերէն լեզուով ըսած պիտի ըլլար. «Աւելի հեշտ է, որ խա-րըսխապարանը ասեղի ծակէն անցնի, քան թէ մեծահարուստ մը Աստուծոյ արքայութիւնը մտնէ»։
Սա աւելի տրամաբանական է, քան ուղտի պատմութիւնը։
Բայց այս դէպքին, դարձեալ արամերէն այդ բառի հաստատութիւնը ստոյգ չէ։
Ուստի, անկասկած պէտք է պահել սոյն համարի ամբողջ ուժը իր անկապակցութեամբ հանդերձ։ Կարելի է հասկնալ՝ իր մէջքի վրայ ծանր բեռ կրող ուղտը հիանալիօրէն կը ներկայացնէ իր ունեցուածքի մէջ խճճուած, բարդուած մեծահարուստը։ Արդարեւ, արեւելեան մտածելակերպը չի խուսափիր չափազանցութիւններէն։ Նոր կտակարանէն դարեր յետոյ գրուած Ղուրանին մէջ կարելի է հանդիպիլ հատուածի մը՝ որ շատ մօտ է աւետարանական վերոյիշեալ խօսքին. «Արդարեւ, անոնք, որոնք մոլորութիւն կը համարուին մեր ուսմունքը եւ կ՚արհամարհեն զայն, երկինքի դուռները երբեք պիտի չբացուին անոնց առջեւ։ Անոնք արքայութիւն կը մտնեն այն ժամանակ միայն, երբ ուղտը անցնի ասեղին ծակէն։ Ահա այսպէս պիտի վարձատրենք ոճրագործներուն». (ՂՈՒՐԱՆ Է 38)։
Ուստի, աշակերտներուն վախը կը կրկնապատկուի։ Անոնք կը մտածեն՝ մենք բոլորս աւելի կամ նուազ հարուստ ենք ինչ բանով որ ըլլայ, եթէ Աստուծոյ արքայութիւնը բացուող մուտքի դուռը այդքան նեղ է, ուրեմն ո՞վ կրնայ անցնիլ. «Ո՞վ կարող է փրկուիլ». (համար 26)։
Սովորաբար երբ Յիսուսին այս կարգի հարցումներ կ՚ուղղուին, Ան ուղղակիօրէն չի պատասխաներ, ինչպէս կարելի է նկատել 27-րդ համարին մէջ։ Աշակերտները կ՚ուզէին, որ Յիսուս կատարեր այնպիսի դասակարգի մարդոց մէջ՝ որը թոյլ տար հասկնալ եւ որոշել, թէ ովքեր պիտի օգտուին Աստուծոյ արքայութենէն եւ ովքեր դուրս պիտի թողուին։ Շատ փորձիչ է պատուար քաշելով աշխարհը բաժնել երկու մասի եւ պատուարի լաւ կողմը իրեն վերապահել։
Ահաւասիկ, փոխանակ այս կարգի բաժանում մը ընդունելու, Յիսուս բոլորի՛ն կ՚ուղղէ Աստուծոյ թագաւորութեան հրաւէրը։ Ոչ ոք, այսպէս ըսաւ, իրաւունքներ չունի Աստուծոյ թագաւորութեան նկատմամբ, ոչ ոք ի վիճակի է, ըստ ընդունուած արտայայտութեան մը, «պատրաստելու իր փրկութիւնը», բոլորը պէտք է ձգտին այնպիսի երջանկութեան, որ կու գայ իրենց հնարաւորութեան սահմաններէն այն կողմ գտնուող տեղէ մը։ Ասոր հակառակ, Աստուած ամենակարողն է ամէ՛ն ինչ ընել, ամէ՛ն բան կատարել, նոյնիսկ փրկել ամենաողորմելի եւ ամենաանհաւատարիմ մարդիկ։
Ուստի, փրկութիւնը Աստուծոյ ձրի մէկ պարգեւն է, որ տեւապէս եւ լայնօրէն կը շնորհուի, բայց երբեք մէկընդմիշտ ձեռք չի բերուիր։
Մարկոս, այստեղ կ՚արտայայտուի այնպիսի խօսքերով՝ որոնք նման են Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքին.
«Բոլորը մեղք գործեցին եւ զրկուեցան Աստուծոյ փառքէն եւ Անոր շնորհիւ ձրի արդարացան Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութեամբ». (ՀՌՈՄ. Գ 23-24)։
Աստուծոյ աչքին արդարներ չկան։ Կարելի է մարդիկ բաժնել լաւերու եւ վատերու՝ ընդունելիներու եւ մերժելիներու։ Ո՛չ ոք մէկ ուրիշէն աւելի իրաւունք ունի փրկուելու։ Պարզապէս բոլորս ալ աւելի կամ նուազ չափով ծանրաբեռնուած ենք մեղքով եւ հետեւաբար աւելի կամ նուազ ընդունակ՝ ստանալու ձրի տրուող բարիքի մը։
Աստուծոյ պարգեւներու լիառատութիւնը այսօրուայ համար է եւ շուռ կու տայ հասարակականօրէն ընդունուած շատ արժէքներ։
Մարդոց համար անկարելի շատ բաներ Աստուծոյ համար կարելի է, քանի որ Ան ամենակարողն է ամենազօրաւո՛րը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024