ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԹՈՒԱԾԱՀԱՐ

Թուր­քիոյ ա­րե­ւե­լեան եւ հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան քա­ղաք­նե­րուն մէջ զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը լրջօ­րէն կը տու­ժէ ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով։ «Վա­թան» օ­րա­թեր­թի այ­սօ­րուան հա­ղոր­դում­նե­րով, Վան քա­ղա­քին ալ այս ծի­րին մէջ կը վի­ճա­կի էա­կան բա­ժին։ Վա­նի մէջ պան­դոկ­նե­րու զբա­ղուա­ծու­թեան հա­մե­մա­տու­թիւ­նը ի­ջած է մին­չեւ 30 տո­կո­սի։ Հար­ցը սահ­մա­նա­փակ չէ միայն ի­ջե­ւան­ման հա­մե­մա­տու­թեամբ, այլ մեծ ան­կում մը կ՚ապ­րուի ժո­ղով­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու հա­ւա­քոյթ­նե­րուն կտրուած­քով։ Բազ­մա­թիւ պա­տուէր­ներ ջնջուած են։

Զբօ­սաշր­ջա­կան ու­ղե­ցոյց մը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ Վա­նայ լի­ճի Ախ­թա­մար կղզիի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Սեպ­տեմ­բե­րին նա­խա­տե­սուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ար­տա­սահ­մա­նէն մաս­նակ­ցե­լիք խում­բերն ալ ջնջած են ի­րենց պա­տուէր­նե­րը։

Ըստ նոյն տուեալ­նե­րուն, մին­չեւ Հոկ­տեմ­բեր վե­րո­յի­շեալ շրջան­նե­րէն ներս զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը այժ­մէն կը հա­մա­րուի ջնջուած։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015