«ՍԷՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊՍԱԿՆ Է»

Մեծ պահքի երեսուներրորդ օրն է:

Սեւեռիոս Անտիոքացին կը գրէ. «Սէրը պահեցողութեան պսակն է, առանց որուն պահեցողութիւնը դատարկ ու անարդիւնք կը թուի. ուստի պէտք է աշխատինք խոնարհ ու համեստ ըլլալ բոլորին նկատմամբ։ Չանտեսենք աղքատներուն ողորմիլը եւ չխստանանք խնդրել անոնցմէ որոնք մեզի պարտք են»:

Այս միտքը կարդալէ ետք, յիշեցի տարիներ առաջ արաբերէն թարգմանած կարճ գրութիւն մը, որ նկարագրութիւնն է իրական կեանքի մէջ պատահած դէպքի: Գրութիւնը կը կրէ «Սիրոյ զօրութիւնը» խորագիրը: Նկատի ունենալով, որ Մեծ պահքի մէջ ենք, նկատի ունենալով, որ պահեցողութեան պսակը սէրն է, այսինքն՝ պահքի միջոցով մարդ նաեւ պէտք է ա՛լ աւելի սորվի սիրել. սիրել՝ զԱստուած եւ սիրել՝ իր նմանը, այդ գրութիւնը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:

Սիրոյ զօրութիւնը ստիպեց իր թշնամիին որ կօշիկները սրբէ:

Հակառակ այն իրողութեան որ զօրութեան սէրը ներկայ դարուս լեզուն է, սակայն եւ այնպէս տակաւին շատեր սիրոյ զօրութիւնը ունին, որով՝ այս հոգեւոր զօրութեան միջոցով, շատերը կը փոխեն: Այս պատմութիւնը փաստ մըն է ըսածներուս: Պատմութիւնը ինծի պատմած է ռուսական բանակի զինուոր մը:

«Խումբիս մէջ պարզ զինուոր մը կար, որ ամէն գիշեր որոշ ժամերու իր անկողինին մօտ ծունկի կու գար եւ կ՚աղօթէր: Իր հաւատքին եւ աղօթասիրութեան պատճառով, իր խումբի անդամներէն բազմաթիւ տիտղոսներ շահած էր: Այս մէկը տարօրինակ չէ, որովհետեւ ընտանիքին մէջ ալ յաճախ եղբայր մը կը բողոքէ իր եղբօր, որովհետեւ վերջինս կը ծաղրէ զինք երբ կ՚աղօթէ կամ պահք կը պահէ:

Օրին մէկը, զօրաւոր անձրեւ իջաւ: Բոլոր զինուորները իրենց սենեակները մտան յոգնած ու սառած: Բոլորը իրենց անկողինները մտան տաքնալու եւ քնանալու համար: Սակայն, զարմացայ, երբ հաւատացեալ ընկերոջս տեսայ իր սովորութեան համաձայն անկողինին մօտ ծունկի եկած է աղօթելու: Իր այդ տեսքը որ ինծի համար անտրամաբանական կը թուէր բորբոքեց զիս: Ցեխոտած կօշիկս հանեցի եւ վրան նետեցի: Անոր գլուխին դպաւ եւ ցաւ պատճառեց անոր, սակայն ան ուշադրութիւն չդարձուց եւ շարունակեց իր աղօթքը: Իսկ ես խոր քուն մտայ: Երբ արթնցայ, տեսայ բան մը, որ երբեք չէի սպասեր: Տեսայ, որ կօշիկս անկողինիս մօտ էր ցեխէն մաքրուած եւ կօշիկի ներկով ներկուած: Կարծէք դանակ մը խրուեցաւ սիրտիս մէջ: Երբ ընկերս արթնցաւ, զիս իր անկողինին կողքին ծունկի եկած գտաւ: Կը խնդրէի իրմէ, որ ներէր զիս այն բոլոր անարգաքներուն համար, որոնք ուղղած էի իրեն»:

Սիրելիներս, սէրը էր եւ է տակաւին միակ լուծումը մեր բոլոր հարցերուն: Սէրը հրաշքներ կը գործէ: Առանց սիրոյ չկայ կեանք եւ ոչ ալ խաղաղ եւ ապահով կեանքի յոյս: Այդ պատճառով է, որ փառաց Տէրը՝ Յիսուս պատուիրեց մեզի ո՛չ միայն մեր հարազատները սիրել, այլեւ մեր թշնամիները, ըսելով. «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն ձեզ» (Մտ 5.44):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ 

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2024