ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 6-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒ ՓԱԿՄԱՆ ՕՐԸ

Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րու ծրագ­րին մէջ ներգ­րա­ւուած մրցա­շարք­նե­րը ե­րէկ հա­սան ի­րենց ա­ւար­տին։ Շուրջ տասն օ­րուան հան­դի­պում­նե­րու ար­դիւն­քին ար­դէն յայտ­նի են դափ­նե­կիր­նե­րը։

Այ­սօր ե­րե­կո­յեան Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած է Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րու փակ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ՝ Օ­փե­րա­յի յա­րած տա­րած­քին կեան­քի պի­տի կո­չուի եզ­րա­փա­կիչ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն շրջագ­ծով պար­գե­ւատ­րում­նե­րուն զու­գա­հեռ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ նաեւ հա­մերգ մը։

Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու Հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէի նա­խա­գահ Իշ­խան Զա­քա­րեան փակ­ման հան­դի­սու­թեան ըն­դա­ռաջ հա­կիրճ զրոյց մը ու­նե­ցաւ զան­գուա­ծա­յին մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ «Ար­մէնփ­րէս» գործակալութեան  հա­ղոր­դում­նե­րով, ան ը­սաւ, թէ Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րու ա­մե­նա­մեծ իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նէն՝ Թուր­քիոյ ան­ցեա­լի հա­յաբ­նակ գա­ւառ­նե­րէն մաս­նա­կից­նե­րու մեծ թիւն էր։

Իր կար­գին, Հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րէն Պերճ Հա­լա­ճեանն ալ ը­սաւ, թէ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րը եղ­բայ­րու­թեան խոր­հուրդ պէտք է ու­նե­նան մար­զիկ­նե­րուն հա­մար։

Ինչ­պէս միշտ, մրցա­շար­քնե­րուն ա­ռըն­թեր՝ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն շրջագ­ծով կազ­մա­կեր­պուե­ցան նաեւ ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին բնոյ­թով մրցոյթ­ներ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015