ՄԱՐԴՈՒ ՈՐԴԻԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

«Բայց այն օրերը այն նեղութենէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի եւ լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։ Եւ աստղերը երկինքէն պիտի թափթփին եւ երկնքի մէջի զօրութիւնները պիտի շարժին։

Այն ատեն Որդի մարդոյ պիտի տեսնեն ամպերու մէջ եկած մեծ զօրութեամբ եւ փառքով։ Այն ատեն իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը». (ՄԱՐԿ. ԺԳ 24-27)։

Աւետարանի այս հատուածին մէջ կը տեսնենք եղելութիւններու վախճանը աւետող փորձութիւնները արդէն վերջացած։ Տխրութեան եւ անձկութեան օրերուն կը յաջորդէ լուսաւոր օր մը, երբ կը հաստատուի մարդու Որդիի եւ ընտրեալներու վերջնական յաղթանակը։ Տաճարի կործանման եւ աշխարհի վախճանի մասին Յիսուսի խօսքը կը բացուի պայծառ հեռանկարներու վրայ։

Կարելի է մտածել, սակայն, թէ ահազդու երեւոյթները հեռու են բոլորովին վերջացած ըլլալէ։ Մենք կը սիրենք, կ՚ախորժինք արեւի ջերմութիւնը եւ լուսնի լոյսին գեղեցկութիւնը։ Աստղերու գծագրութիւնը անամպ երկնքի մէջ արարչագործութեան հրաշալիքները։ Արդարեւ, այս բոլորը մեզի ցոյց կու տան արարչագործութեան վեհութիւնը, փառքը։ Ապա ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է ուրախանալ երկնային մարմիններուն փլուզումով, որու մասին կը խօսի Յիսուս. (ՄԱՏԹ. ԻԴ 29, ՄԱՐԿ. ԺԳ 25, ՂՈՒԿ. ԻԱ 25)։ Այսպիսի հակազդեցութիւն մը՝ որ բնական երեւոյթ է այսօրուան մարդու համար, շատ հեռու էր մեր թուականէն շատ առաջ՝ առաջին դարու հրէական մտածողութենէն։ Այդ դարաշրջանին տիեզերական վայրիվերումները աւանդական նշաններ էին՝ արտայայտելու համար Աստուծոյ յաղթանակը Իսրայէլի թշնամիներուն վրայ։

Նման վայրիվերումներ, շքեղ մանրամասնութիւններով ընդհանուր անուանումով կոչուած են «յայտնութենական գրականութիւն», որ յաճախակի նկարագրուած են այսպիսի գործերու մէջ։ Անոնք, քիչ մը աւելի զուսպ ձեւով, նկարագրուած են նաեւ Հին կտակարանի մարգարէական գիրքերու մէջ։ Եսայի հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ Բաբելոնի՝ Իսրայէլի աւանդական թշնամիին վերահաս կործանումը.

«Վասնզի երկնքի աստղերը եւ անոնց համաստեղութիւնները իրենց լոյսը պիտի չտան։

Արեւը իր ելած ատենը պիտի խաւարի եւ լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ». (ԵՍ. ԺԳ 10)։

Պէտք չէ մոռնալ, որ հին դարերու մարդոց համար արեւը, լուսինը եւ աստղերը հեթանոսական աստուածութիւններ էին եւ հետեւաբար հրէական կրօնի համար՝ չարազդեցիկ զօրութեամբ օժտուած կուռքեր։ Ճշմարիտ Աստուծոյ վերջնական յաղթանակը կը նշանակէ անոնց կործանումը։

Պօղոս առաքեալ այս մտայնութիւնը կ՚արձագանգէ, երբ կ՚ոգեկոչէ աշխարհի թագաւորին՝ Քրիստոսի վերջնական յաղթանակը.

«Անկէ ետք կու գայ վախճանը, երբ թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը, երբ խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն եւ զօրութիւն». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 24)։

Երբ մենք ուզէինք նոյն բանը ըսել այսօրուայ բառերով, անկասկած պիտի խօսէինք միջուկային զէնքերու ոչնչացման՝ որոնցմով լեցուած է մեր մոլորակը, կամ ամբողջատիրական տնտեսութիւններու վերացման մասին։

Երբ որ բոլոր արգելքները վերացած ըլլան, այն ժամանակ ճանապարհը ազատ կ՚ըլլայ, որպէսզի Յիսուս ցոյց տայ իր արդար եւ խաղաղ թագաւորութինը վերանորոգուած աշխարհի մը վրայ։

Սա Դանիէլի գիրքէն փոխ առնուած հատուած մըն է՝ նկարագրելու համար Քրիստոսի գալուստը։ Ան ներկայացուած է մարդու Որդիի խորհրդաւոր գիծերով, եկած ամպերու վրայով՝ հաղորդակցութեան մէջ դնելու երկինքը եւ երկիրը.

«Գիշերը տեսիլքի մէջ կը տեսնէի, թէ ամպերով Որդի Մարդոյ նման մէկը կու գար, մինչեւ հասաւ անոր որ յաւիտեան կենդանի է եւ Որդին Մարդոյ անոր մօտեցուցին։ Անոր իշխանութիւն, պատիւ եւ թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէսզի բոլոր ժողովուրդները, ազգերը եւ լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն։ Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի եւ թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի». (ԴԱՆԻԷԼ Է 13-14)։

Ասիկա կ՚ըլլայ չարի վրայ բարիի յաղթանակը՝ այնքա՜ն սպասուած հրաշալի օրը։

Եւ այդ օրը հնարաւոր կը դառնայ մահուան վրայ Յիսուս Քրիստոսով իրագործուած կեանքի յաղթանակո՛վ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024