ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵԼՈՅԹ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ կը շարունակուին բազմակողմանի ձեռնարկները։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը աշխատանք կը տանի ծրագիրներու զանազանութիւն ապահովելու ուղղութեամբ։ Այս շրջանակէն ներս, երէկ երեկոյեան հերթական հետաքրքրական նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Այսպէս, Արամեան սանուց միութեան մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մասնագէտներէն տքթ. Դալար Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեան։ Այս վերջինը շուրջ մէկուկէս ժամ ելոյթ մը ունեցաւ՝ կուրծքի քաղցկեղի առանցքով։ Ան անդրադարձաւ ուռուցքներու զանազան տեսակներուն եւ հիւանդներու պարագային դրսեւորումներուն՝ միշտ ուշադրութեան առանցքին պահելով այն հանգամանքը, թէ կանուխ միջամտութիւններով կարելի է դարմանել ամէն ինչ։ Բժշկուհին պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն։

Երեկոյթի աւարտին տքթ. Դալար Վարդանօղլու-Աքթոքմաքեանին յանուն վարչութեան ծաղկեփունջ մը յանձնեց Ալին Շէնճան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024