ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
Այսօր մարտի 21-ն է. օր՝ որ Միացեալ ազգերու կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան (UNESCO) կողմէ յայտարարուած է որպէս «Համաշխարհային բանաստեղծութեան օր» եւ այս օրը լաւագոյն առիթը կը համարենք բարձրաձայնելու այն ճշմարտութիւնը, որ մեր մէջ գրեթէ կորսուած են բանաստեղծներն ու բանաստեղծութիւնները եւ կամ նոյնիսկ եթէ անոնք կան՝ անտեսուած ու արժեզրկուած են:
Այսօր կ՚ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջան մը, ուր բանաստեղծութիւն գրողները շատ են՝ սակայն բանաստեղծները քիչ. մայրենիի մէջ մոռցուած գեղանի շարք մը բառեր քով քովի դնելով չէ՛ որ կը դառնան բանաստեղծ, որովհետեւ բանաստեղծութիւնը բառերէն տարբեր բան մը կը պահանջէ՝ որ տրուած չէ բոլորին:
Մեր գրականութեան տիտաններէն Յակոբ Օշական, «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» աշխատութեան 9-րդ հատորին մէջ նախքան Վահան Թէքէեանի գրական արժէքին մասին խօսիլը՝ կը գրէ «Իրաւ բանաստեղծութիւնը» խորագրեալ գրութիւն մը, որուն մէջ կ՚ըսէ. «Իրաւ բանաստեղծը հազուադէպ պատահար մըն է գրական սերունդներու տարեգրութեանց»։ Մեծանուն գրողը ըսել կ՚ուզէ, որ իրաւ բանաստեղծ մը շատ հազուադէպ ծնունդ է. օրինակի համար, ահաւասիկ Պարոյր Սեւակի մահէն անցաւ աւելի քան կէս դար՝ 53 տարիներ, սակայն նոր Պարոյր Սեւակ մը լոյս աշխարհ չեկաւ. Եղիշէ Չարենցի մահէն անցաւ 87 տարիներ՝ սակայն նոր Եղիշէ Չարենց մը ծնունդ չառաւ եւ ա՛յդ է պատճառը, որ մինչեւ օրս կը շարունակենք յիշել վերոյիշեալ երկու տիտանները:
Յակոբ Օշական կ՚առաջարկէ շա՜տ քիչերը կոչել բանաստեղծ, իսկ բոլոր անոնք՝ որոնք կը փորձեն էջ մրոտել ու «բան» մը գրել, կոչել «տաղանդ» կամ «տաղանդաւոր», որովհետեւ բանաստեղծ բառը իրականութեան մէջ շատ մեծ ու խոր իմաստ ու արժէք մը ունի: Այսօր ալ գոյութիւն ունին «տաղանդաւոր» գրողներ, սակայն անոնք բանաստեղծ չեն. այս բոլորին լոյսին տակ պէտք է լրջօրէն մտածել, թէ ինչպէ՞ս բանաստեղծ կարելի է դառնալ: Բանաստեղծութիւնը պահ մը համեմատենք ցաւերու հետ. կան ցաւեր, որոնք մի քանի օրուան ընթացքին բուժում ստանալով մոռացութեան կը տրուին, իսկ կան ցաւեր, որոնք յաւիտեան իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան. նոյնն է պարագան բանաստեղծին: Այսօր շատ մը լաւ շարադրուած բանաստեղծութիւններ կրնանք կարդալ, որոնք պահի մը համար հաճոյք կը պատճառեն, հաճելի կը թուին, սակայն մի քանի օրեր ետք կը մոռցուին: Իսկական բանաստեղծը ա՛ն է, որ մի՛շտ, նոյնիսկ յետ մահու կը յիշուի, կը կարդացուի ու կը մեծարուի. այսօր ե՛ս ալ, դո՛ւն ալ վստահաբար կարդացած ենք բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ, սակայն անոնցմէ չե՛նք մոռցած «Մօր ձեռքերը»՝ որ յիշելու համար գրողին անունը յիշել անգամ պէտք չէ. չե՛նք կրցած մոռնալ «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ն, «Անլռելի զանգակատուն»ը եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք ծնունդն են իրաւ բանաստեղծներու:
Իրաւ եւ «տաղանդաւոր» բանաստեղծներու տարբերութիւնը Յակոբ Օշական կը բացատրէ հետեւեալ ձեւով. տաղանդաւոր բանաստեղծները «կ՚անցնին շքեղ արագութեամբ մը... թառամելու, իրենց յիշատակը կրելով իրենց գերեզմաններուն վրայ իբր արձանագրութիւն։ Բայց չեն արթննար: Իրաւ բանաստեղծը կ՚ապրի հողերուն տակն ալ»:
Մերօրեայ տաղանդաւոր բանաստեղծութիւն գրել փորձողները պէտք է առաջին հերթին իրենց անձերուն հետ հաշուետուութիւն մը ընեն, յայտնելու համար, թէ ինչո՞ւ կը գրեն, որովհետեւ ճշմարիտ բանաստեղծը չի՛ գրեր գովասանքներ ու մերօրեայ արտայայտութեամբ «լայք»եր հաւաքելու եւ ծափահարուելու համար, որովհետեւ բանաստեղծութիւն գրելը ներքին մղում ու պահանջ մըն է. բանաստեղծը չէ՛ որ իր բանաստեղծութիւնները կ՚ապրեցնէ. ո՛չ ալ գրուած տողերը գիրքի վերածելով ու հրատարակելով է որ մարդ բանաստեղծ կը դառնայ. օրինակի համար, ժամանակակիցներ կը յիշեն, թէ Սիամանթօ պարզապէս կը գրէր եւ իր գրութիւնները տարածելու չէր ձգտեր, սակայն ժողովուրդը բերնէ բերան անգիր կը սորվէին անոր տողերը: Աշխարհի գրական պատմութեան մէջ բանաստեղծութիւնը, ի տարբերութիւն միւս գրական ճիւղերէն, մի՛շտ ալ առանձնայատուկ տեղ մը ունեցած է. հայ ժողովուրդի մեծագոյն մանկավարժ-մտաւորականներէն Ռեթէոս Պէրպէրեան իր «Դպրոց եւ դպրութիւն» աշխատութեան իններորդ գլխուն մէջ՝ «Քնարերգութիւն» խորագրեալ յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «Ամէն գրականութիւն բանաստեղծութեամբ կը սկսի»։ Եթէ ուսումնասիրենք մեր մատենագիրները, պիտի տեսնենք, որ մեծաւ մասամբ տաղեր ու բանաստեղծութիւններ գրած են, որոնցմէ կարելի չէ չյիշել Գրիգոր Նարեկացին՝ իր «Մատեան ողբերգութեան»ով: Վկայ մինչեւ օրս մեզի հասած շարականները, որոնք բանաստեղծական գոհարներ են պարզապէս:
Տաղանդաւոր մը իրապէս բանաստեղծ կը դառնայ ա՛յն ժամանակ, երբ անոր տողերը ժողովուրդի յոյզերն ու ապրումները կ՚արտացոլացնէ. այս կապակցութեամբ Յակոբ Օշական իր «Զուգակշիռ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեանց» աշխատութեան Գ. գլխուն մէջ կը գրէ. «Բանաստեղծութիւնը մեծ չափով իր արմատները թաղած կը պահէ ժողովուրդի հոգիին խորագոյն ալքերուն մէջ»: Պարոյր Սեւակ այդ հոգին լաւապէս ճանչցողներէն մէկն էր. անոր գրեթէ բոլո՛ր բանաստեղծութիւնները ըսելիք մը ունին բոլորին. ան կը հասնի թէ՛ սիրահարուածին եւ թէ՛ սիրահարութեան ճամբով յուսահատածին, կը հասնի աղքատին, ինչպէս նաեւ իր կորուստները սգացող մարդ անհատին. կը բարձրաձայնէ ազգայինը՝ սակայն անոր չափ եւ հաւասար կ՚երգէ մարդկայինը. անոր տողերը ծաղիկներ են՝ որմէ իւրաքանչիւր մարդ անհատ իր «հիւթ»ը կրնայ ստանալ:
Համաշխարհային բանաստեղծութեան օրուան առթիւ խո՛ւնկ եւ յիշատակ բոլոր այն բանաստեղծներուն, որոնք գրեցին, սակայն պատմութիւնը արդար չըլլալով մոռացութեան տուաւ անոնց անունները. այսօր կը յիշենք Մեծարենցը, Դուրեանը, Սեւակը, Չարենցը եւ ուրիշներ, մոռնալով, որ անոնք եւս իրենց կարգին հիացումով կարդացած էին այլ հայ բանաստեղծներու գործերը՝ իրենց մէջ կոփելու համար բանաստեղծական ոգին. կ՚արժէ այստեղ յիշել հայ հին բանաստեղծներէն Թովմաս Թերզեանը, որ եղած է Եղիա Տէմիրճիպաշեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Երուխանի եւ այլ մեծանուն գրողներու ուսուցիչը, որ վստահաբար իր ազդեցութիւնը ունեցած է. Արշակ Չօպանեան Թովմաս Թերզեանը կը կոչէ «ամենէն քնքուշ եւ ամենէն քաղց քնարերգակը»:
Բազմաթի՜ւ են մեր գրականութեան պատմութեան մէջ Թովմաս Թերզեանները. Համաշխարհային բանաստեղծութեան օրուան առիթով թող օրհնեալ ըլլայ անոնց մոռցուած փառքը՝ որ փոշիներու մէջ ըլլալով հանդերձ՝ որպէս ոսկի իրենց արժէքը չեն կորսնցներ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է երկար ապրելու գաղտնիքը:
Պատասխան. Երկար ապրելու գաղտնիքը մէկ չէ. տարբեր գործօններ կ՚օգնեն, որպէսզի մարդ աւելի երկար կեանք ունենայ. ինչպէս օրինակ, հաւասարակշռուած սնունդ ստանալը, մարմնական աշխուժութիւնը, լարուածութեան ու ճնշման հաւասարակշռութիւնն ու կառավարումը, մտաւոր բարեկեցութիւնը: Երկար ապրելու համար պէտք է հեռու մնալ կարգ մը սովորութիւններէ. ինչպէս օրինակ, ծխելէ, ոգելից ըմպելիք օգտագործելէ: Երկար ապրելու համար անհրաժեշտ է կանոնաւոր ձեւով հետեւիլ բժշկական զննումներու եւ ընդունիլ կանխարգելիչ առողջապահական բոլոր անհրաժեշտ միջոցները: Բացի այս բոլորէն, կեանքի նկատմամբ դրական հայեացք ունենալը եւ կեանքի մարտահրաւէրներուն դիմաց ճկունութեամբ պայքարիլը եւ յարմարուիլը կ՚օգնեն երկարակեցութեան ձգտումին: Պէտք է առողջ պահել թէ՛ մարմինը եւ թէ՛ միտքը հաւասարապէս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024