ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՏԵՒԱԲԱՐ ԿԸ ՍՐԷ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան հայկական կողմի զսպուածութեան կոչին կը պատասխանէ լարուածութեան սրացմամբ։ Ըստ նախարարին, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը վերահսկելի է։ Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցած Նախարարաց խորհուրդի ժողովի ընթացքին Սէյրան Օհանեան մատնանշեց, որ Պաքուի մէջ կազմակերպուած Եւրոպական խաղերուն ժամանակ հայկական զինեալ ուժերը ապահովեցին հրադադարի կատարումը՝ տակաւին աւելին, ցուցաբերեցին զսպուածութիւն։ Իսկ այդ խաղերուն աւարտելէն ի վեր լարուածութիւնը կը շարունակուի վերիվայրումներով։ Վերջին օրերուն Ատրպէյճան կազմակերպած է քանի մը հետախուզական փորձեր, որոնք կանխուած են։ «Ի պատասխան հայկական կողմի յայտարարութեան, թէ պէտք է երկխօսութիւն եւ շփման գծին վրայ վստահութեան դրութիւններու ձեւաւորման միջոցաւ պահպանել հրադադարը, հակառակորդը կը պատասխանէ լարուածութեան սրացմամբ», ըսաւ Սէյրան Օհանեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը դիտել տուաւ, թէ հայկական զինեալ ուժերը գերազանց կերպով կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները։ «Մենք պատրաստ ենք ոչ միայն պաշտպանութեան, այլ նաեւ կանխարգելիչ միջոցառումներու եւ զսպման համապատասխան քայլեր իրականացնելու», ընդգծեց Օհանեան։