ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՍՏՈՐՈԳԵԼԻՆԵՐԸ
Այսօր կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները՝ անցեալի մէջ դաւանափոխ կամ կրօնափոխ եղած հայ անհատներու, ընտանիքներու մերօրեայ շառաւիղներուն հայութեան «վերադարձի» խնդրին շուրջ, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնէ հայաշխարհի օրակարգը։ Այս խնդրին լուծումը անհամեմատօրէն կը դժուարանայ, եթէ անոր նկատմամբ դիրքորոշման պարագային շեշտը դրուի՝ պատմութեան, տուեալ պարագային եղեռնի, հետեւանքներու դարմանման վրայ։ Այսօր համայն հայութիւնը կը դժուարանայ հաշտուիլ այն իրականութեան հետ, թէ ցեղասպանութիւնը ունեցած է շարք մը անդառնալի, անվերադարձուելի հետեւանքներ։ Մարդուժի կորուստը գլխաւորն է այս ամբողջին մէջ։ Աւելի՛ն, մարդուժի կորուստը, զանգուածին ոչնչանալը, ժողովրդագրական արմատական փոփոխութիւնը տրամաբանականօրէն կը պայմանաւորեն մնացեալ ամէն ինչ՝ համահայկական ժառանգութեան տեսանկիւնէն։ Եթէ չհաշուենք ճարտարապետական բաւական սահմանափակ մնացորդացը, ապա այսօր շօշափելիօրէն միակ բան մը փրկուած է 1915-էն. արեւմտահայերէնը։ Միակ արժէքը, որ կ՚ապրի ու կարելի է առարկայականօրէն, շօշափելի բան մը ընել զայն կենդանի պահելու համար՝ լեզուն է։
Դժբախտաբար, միջանկեալ նշենք, որ այսօր Սփիւռքը որքան որ կ՚ուծանայ, որքան որ կը կտրուի լեզուէն՝ ապա այնքան միակողմանիօրէն կը կառչի ցեղասպանութեան հարցէն։ Այստեղ հարցը պատմական արդարութեան հաստատման, խաղաղ ապագայի մը կերտման ձգտումէն անդին, երբեմն կը հասնի ինքնանպատակ դառնալու եզրին։ Տուժածի հոգեբանութի՞ւնն է հայութեան հասարակաց յայտարարը, թէ ոչ՝ ապագայի տեսիլքը։
Ընդհանրացած բանաձեւումով՝ ծպտեալ հայերու վերադարձի հարցը ի՞նչ չափանիշներով պէտք է քննարկուի։ Վարկածները, այլընտրանքները ի՛նչ որ ալ ըլլան, հայութիւնը, սկզբունքօրէն, պէտք է պահպանէ թէ՛ բազմակարծութիւնը եւ թէ միասնականութիւնը։ Պէտք չէ հեռանալ հանդուրժողութենէ եւ լայնախոհութենէ։ Պառակտումը կրնայ խորացնել հարցը ու կրնան մսխուիլ հեռանկարային հնարաւորութիւնները։ Ծպտեալ հայերու հարցին արծարծումը ներկայիս գետին կը պատրաստէ նաեւ հայկական արդի ինքնութեան ստորոգելիներու խոշորացոյցի տակ բերուելուն։ Վերջ ի վերջոյ, կորստեալ ազգակիցներու որոնումը պէտք չէ՞ տարանջատել ցաւակիցներու փնտռտուքէն։ Վերադարձի որոնումներուն մէջ անոնք հարց կու տան կամ կը ջանան հասկնալ, թէ ո՛վ է հայը։ Սա միեւնոյն ժամանակ փորձաքար մըն է նաեւ մետայլի միւս երեսակին դասուողներուն տեսակէտէ։ Այդ տուժածի հոգեվիճակը այսօր արդէն կը վերացականացնէ հայկական ինքնութիւնը, կ՚ամլացնէ զայն։ Ճիշդ է, որ ցեղասպանութեան նման մեծ արհաւիրքները, անխուսափելիօրէն, լուրջ հետքեր կրնան թողուլ հաւաքականութեան մը յիշողութեան կամ դիմագծին վրայ, բայց այդ բոլորը պէտք չէ հասնին անոր ինքնութեան գոյատեւման սպառնալու աստիճանին։ Հազարաւոր տարիներու գրաւոր մշակոյթի տէր հայ ժողովուրդի ինքնութեան չափումները կարելի՞ է սահմանափակել միակ առանցքի մը շուրջ։ Ծպտեալ հայերու վերադարձի խնդրին հանդէպ վերաբերմունքը անկարելի է կախուածութեան մէջ դնել՝ կանոններէ կամ օրէնքներէ։ Էականը ընթացակարգի մը մշակումը չէ։ Այդ բոլորը անշուշտ, որ ժամանակի ընթացքին կը ձեւաւորուին. տարբեր հարց։ Ծպտեալներու պարագային, սակայն, հարցը պէտք է մատուցուի աւելի խորքային եւ ամբողջական, համապարփակ ձեւով։ Մօտեցումը պէտք է այն ըլլայ, որ հայը շարք մը արժէքներու, ժառանգութեան մը կրողն է։ Հայութեան համարկիլը ուղիղ համեմատութեան մէջ է՝ այդ ժառանգութեան հաղորդ դառնալու եւ մնալու պատրաստակամութեան, յանձնառութեան հետ։ Ճիշդ է, որ կան բազում մարդիկ, որոնք ի ծնէ կը դասուին այդ ժառանգութեան յաջորդներու շարքին, սակայն կ՚ապրին լրիւ անկապ։ Այս երեւոյթը, սակայն, չի կրնար ստուերել այն ճշմարտութիւնը, թէ չափահաս մարդիկ նման նախընտրութիւններու պարագային գիտակցական հարթութեան վրայ իւրացուցած պէտք է ըլլան ճամբաբաժանի մը պահուն կողմնորոշման զոհողութիւնները։ Այդ գիտակցութեան պրիսմակէն կը բիւրեղանան նաեւ վարադարձի նախընտրութեան մղումներն ու հիմնաւորումները։ Հարցը՝ հայկական ժառանգութեան անաղարտ պահուիլն է առաջին հերթին եւ այստեղ մարդկային գործօնը առանցքային է։
Հայկական ինքնութեան պարագային միաձուլուած, նոյնացած են ազգայինն ու եկեղեցականը։ Այդ ամբողջ վիթխարի ժառանգութեան հիմքին կը գտնուին այս երկուքը։ Անոնք են, որ կը պայմանաւորեն հայ ժողովուրդի հաւաքական նկարագիրը, անոր կողմէ կերտուած ժառանգութիւնով եւ ստեղծագործուած արժէքներով հանդերձ։ Ինքնութեան բանալիներն ալ թաքնուած են այստեղ։ Իմաստ չունի ընդվզիլ իրողութեան դէմ։ Ճշմարտութիւնները չեն կրնար փոխուիլ պոռթկումներով։ Չէ՞ որ ճշմարտութիւնը կը մարմնաւորէ բացարձակ եւ անդիմադրելի ամրութիւնը, տոկունութիւնը։ Հետեւաբար, վերադարձի թեկնածուները պէտք է բարի ըլլան՝ խաղի կանոններուն հնազանդիլ կանխաւ։ Զանոնք քաջալերողներն ալ պէտք է հասկնան, թէ ոչինչի կը ծառայէ անոնց արհեստական ճկունացումը։ Այստեղ բուն հարցը կամքն է, յօժա՛ր կամքը։ Ինքնութիւնը, ըստ էութեան, յաջորդականութեա՛ն, շարունակականութեա՛ն հարց մըն է։ Ուստի, եթէ թելը փրթի, ապա, ուզես-չուզես, վերականգումը չ՚ենթադրեր հարթ գործընթաց մը։
Ծպտեալ հայերու վերադարձի խնդիրը կ՚առընչուի զանազան նուրբ նիւթերու. ինչպէս՝ Հայաստանի ազդեցութեան լծակները տարածքաշրջանէն ներս, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, եկեղեցի-պետութիւն կապերը, հայ-թրքական եւ հայ-քրդական յարաբերութիւնները։ Այս բոլորը թէ՛ առանձնապէս եւ թէ իրարու հետ ամենայն յարաբերակցութեամբ։
Փոքրացեալ, կլոպալ աշխարհին մէջ մարտահրաւէրները կը ճիւղաւորուին, ակամայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024