ՈՒՆԵՆԱԼ ՆՊԱՏԱԿ ՄԸ…

Ներկայ դարաշրջանի պարտադրած պայմաններով, բոլորս ունինք որոշ նպատակներ եւ անոնց հասնելու համար կը փորձենք զանազան միջոցներ, կ՚օգտագործենք տարբեր մեթոտներ եւ կ՚անցնինք տարբեր ճանապարհներով։

Եթէ ապրէինք հինգհարիւր տարի առաջ, նոյնիսկ նախապատմական ժամանակներուն, նախնական ըլլալու պայմանը այդ ժամանակ ալ պիտի վերագրուէր նախորդ դարաշրջանին։ Յամենայնդէպս, ներկայիս աշխարհը չափազանց սրընթաց կը փոխուի եւ, հետեւաբար, մարդոց կարիքներն ու նպատակներն ալ փոփոխութեան կ՚ենթարկուին այդ ուղղութեամբ եւ այդ արագութեան համահունչ։

Ծնելէ ետք թէեւ կը յայտնուինք միջավայրի մը մէջ, որուն դեռ ծանօթ չենք, մեր ծծելու բնազդը, որ ամենակարեւոր բնազդներէն մին է, մեզ արագօրէն կը կեդրոնացնէ թիրախի մը վրայ: Այսպէսով, կարելի է ըսել, թէ մարդը չի ծնիր առանց նպատակի, այլ իրականութեան մէջ միեւնոյն ժամանակ հասակ կ՚առնէ իր նպատակներուն հետ: Բնազդը արտաքին գրգռիչի մը հետեւանքով ակամայ հակազդեցութեան անուանումն է։ Այնուամենայնիւ, երբ ձեռք բերուի բնազդային վերաբերմունք, այդ բնազդի խթանումը պէտք է ըլլայ ներսէն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անհատը այլեւս կրնայ ուղղորդել իր կարիքները եւ ինքնստինքեան կողմնորոշուիլ։ Ճիշդ այս փուլին է, որ կը սկսի իմաստաւորուիլ այն իրավիճակը, ինչ որ մենք կ՚անուանենք թիրախ կամ նպատակ:

Մարդը որպէսզի իր կեանքի ընթացքին առողջ նպատակներ ունենայ, նախ պէտք է ստանձնէ իր կեանքի պատասխանատուութիւններն ու պարտականութիւնները։ Մարդը, որ գիտէ իր պարտականութիւնները եւ կրնայ հաշիւ տալ իր կատարած քայլերու մասին՝ նախ եւ առաջ իր, ապա շրջապատի համար, ինչ որ ալ ապրի՝ միշտ կ՚ըլլայ բարեխիղճ եւ հաստատուն քայլեր կ՚առնէ դէպի իր նպատակները։

Նպատակները կրնան սահմանուիլ ինչպէս վերացական հասկացութիւններու, այնպէս ալ յստակ պահանջներու տեսանկիւնէն: Օրինակ՝ այդ նպատակները կրնան ըլլալ ամարանոց գնելը կամ գումար խնայելը եւ այլն։ Իսկ այդ գումարը, որուն հասնիլը կը պահանջէ քրտնաջան աշխատանք, կ՚ըլլայ վերացական նպատակ։ Նպատակադրուելու երկու պարագան ալ՝ վերացական կամ յստակ, իրականացման առումով շատ նման են իրարու։ Այնուամենայնիւ, ջանք պահանջող յստակ նպատակները աւելի շատ սպառնալիք կը պարունակեն։

Ինչպէ՞ս… Նախ եւ առաջ պէտք է շատ զոհաբերել, որպէսզի հասնինք այդ նիւթական նպատակին. ընտանիքի կամ ընկերներու հետ աւելի քիչ ժամանակ, աւելի կարճ հանգիստի պահեր եւ զուարճալի բաներու յետաձգում…

Մարդ այնքան կը կեդրոնանայ իր նպատակին վրայ, որ զինք գրեթէ կամ ընդհանրապէս չի հետաքրքրեր, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ իր շուրջը։ Ան միայն կը կեդրոնանայ այդ բոլոր յետաձգումներու արդիւնքին հասնելիք հաճոյքին վրայ։ Ի դէպ, այստեղ նշուած «յետաձգումը» անառողջ վիճակ կը ներկայացնէ։

Որոշ տեւողութեամբ՝ նպատակը, եթէ իրագործուի, կրնայ անհատի համար ճնշուածութեան պատճառ ըլլալ, քանի բարդ ու դժուար ճանապարհներով կարելի եղած է հասնիլ անոր, նաեւ անխուսափելի է կասկածի տակ դնել ամէն ինչ։ Անհատը, որ իր ամբողջ ուժով կը ձգտի անհնարինը հնարաւոր դարձնելու համար, կրնայ անգիտակցաբար մտնել ճնշուած վիճակի մէջ՝ հասկնալով, որ չափէ դուրս յետաձգում կատարուած է այդ ընթացքին եւ երբ յետադարձ հայեացք մը նետէ անցեալին, պիտի անդրադառնայ անդառնալի պահերու գեղեցկութեան։

Միւս կողմէ, նպատակադրուիլը կը համարուի յաջողութեան ճանապարհին պարտադիր պայման մը։ Նպատակները մեծ նշանակութիւն ունին մարդկային կեանքի ձեւաւորման եւ մարդոց գործողութիւններու եւ ընտրութիւններու ուղղորդման գործին մէջ։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ նպատակը անձնական է թէ մասնագիտական, այն կ՚օգնէ մարդուն ճիշդ առաջնահերթութիւններ տալ իր ժամանակին եւ միջոցներուն։ Այնուամենայնիւ, նպատակը երբ բարի ըլլայ եւ ներառէ ուրիշները, շատ աւելի առողջ եւ արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ՝ քան անհատական նպատակը:

Իսկական նպատակը իրականութեան մէջ մենք ենք, նաեւ մեր բարեկեցիկ, երջանիկ ու խաղաղ կեանքի հասնիլն է: Նպատակներ ունենանք ո՛չ թէ մեր կեանքը զոհելով, այլ հանգիստ ու ինքնավստահ քայլերով մօտենալով անոնց:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024