ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՏԱՂԱՒԱՐԸ

Ս. Զատկի առթիւ Թոփգաբուի ընտանիքը ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ Աւագ շաբթուան արարողութիւնները ընթացան բարձր տրամադրութեամբ։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները, որոնք մասնակցութիւն բերին՝ Ոտնլուայէն սկսեալ մինչեւ Ս. Յարութեան տաղաւարի պատարագին։ Տղաքը Խթման Ս. Պատարագի ժամանակ հանդէս եկան նաեւ Սուրբգրոց ընթերցումներով։ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը այս առումով բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ՝ աշակերտներու ընթերցումներուն հետեւեցան նաեւ դպրոցի կրթական մշակները։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024