ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ Ս. Զատկի առթիւ ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ մը։ Աշակերտները հանդէս եկան երգերով ու պարերով, թատերակներով, արտասանութիւններով՝ բոլորն ալ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Տօնին առթիւ սարքուեցաւ նաեւ սեղան մը, որու շուրջ համախմբուեցան աշակերտները, կրթական մշակները, ծնողներ եւ հիւրեր։ Ներկայ էին նաեւ յոյն համայնքէն Լաքի Վինկաս եւ Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ կը գլխաւորէ դպրոցի կամաւոր հոգաբարձութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Լաքի Վինկաս եւս զօրակցութեան առարկայ կը դարձնէ այս դպրոցը։

Բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի գլխաւորութեամբ։ Հուսկ, ներկաները Ս. Զատկի առթիւ փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2024