ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՄՆ ԱՅՑԸ
Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշէլի այսօր պաշտօնական այցելութիւնով կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած են իր շփումները Սպիտակ տան եւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ։ Բաց աստի, Փենթակոնէն ներս ան կը հիւրընկալուի ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըրի կողմէ։ Վրացի նախարարը կը մէկտեղուի նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
«Մեր գլխաւոր օրակարգը յայտնի է, որեւէ նոր բան պիտի չըսեմ։ Մէկ կողմէ՝ ան ուղղուած է Վրաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու ա՛լ աւելի ուժեղացման, իսկ միւս կողմէ՝ ՆԱԹՕ-ի նախարարական հանդիպման եւ Վարշաւիոյ մէջ նախատեսուած գագաթաժողովին ամերիկեան կողմի աջակցութիւնը ստանալն է։
Հարկ է նշել, որ Վրաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ փաստաթուղթ մը ստորագրուած է 2009 թուականի Յունուարին, Ուաշինկթընի մէջ։ Այս հիման վրայ նոյն թուականին ստեղծուած են չորս աշխատանքային խումբեր՝ զանազան բնագաւառներու համար։ Սոյն փաստաթուղթը կը նախատեսէ գործընկերային կապերու եւ համագործակցութեան ընդլայնումը՝ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան, տնտեսութեան եւ ուժանիւթի, ժողովրդավարական բարեփոխումներու, դիւանագիտական եւ մշակոյթի բնագաւառներէն ներս։
Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Ուքրայնոյ եւ Վրաստանի ռազմաօդային ուժերը ձեռնամուխ եղած են համագործակցութեան ծրագրի մը պատրաստութեան։