ՄՈՍԿՈՒԱ-ՌԻԱՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՏՔ ԱՐԴԵՕՔ ՅԱՋՈՐԴ ԿԱՅԱՆԸ ՊՈԼԻ՞ՍՆ Է

Վեր­ջին օ­րե­րուն Մոս­կուա ժա­մա­նած սէուտ­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու եւ յատ­կա­պէս թա­գա­ւո­րու­թեան Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­տէլ Ժու­պէյ­րի կա­տա­րած յայ­տա­տա­րու­թիւն­նե­րը ցոյց կու ­տան, որ սիւն­նի աշ­խար­հի կա­րե­ւո­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին Սու­րիոյ հար­ցով Մոս­կու­ա­յի հետ ու­նե­ցած տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը կը մնան ան­լոյծ: Եր­կու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­նե­րը բա­ցէ ի բաց կը յայտնէին, որ ի­րենց հա­մար տա­րա­կար­ծու­թեան գե­տի­նը ո՛չ թէ Սու­րիոյ տագ­նա­պի քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար է, այլ՝ Սու­րիոյ Նա­խա­գա­հ Պե­շար Է­սա­տի մնալ չմնա­լու հար­ցը:

Ռիատ մինչ կտրա­կա­նա­պէս կը մեր­ժէ Սու­րիոյ ա­պա­գա­յին ա­ռըն­թեր Է­սա­տին հա­մար ո­րե­ւէ դեր մը տես­նել, ան­դին Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի բեր­նով եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան նուրբ լե­զու մը գոր­ծա­ծե­լով կը յայտ­նէ, որ Սու­րիոյ նա­խա­գա­հին իշ­խա­նու­թեան վրայ մնալ-չմնա­լուն հար­ցը երկ­րի ներ­քին խնդիրն է եւ այդ մէ­կը ի­րենց հա­մար քննար­կու­մի են­թա­կայ չէ:

Այս ընդ­հա­նուր դրու­թեան մէջ մէ­կէ ա­ւե­լի աղ­բիւր­ներ կը խօ­սին սու­րիա­կան խնդի­րը բա­ցար­ձա­կա­պէս քա­ղա­քա­կան ճա­նա­պար­հով լու­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին: Տագ­նա­պին հետ ա­ռա­ւել կամ նուազ չա­փով կապ ու­նե­ցող կող­մե­րուն իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կա­րե­լի է բաժ­նել հինգ գլխա­ւոր կէ­տե­րու:

Ա­ռա­ջին հիմ­նա­կան կող­մը Ի­րանն է, ո­րուն հա­մար ան­սա­կար­կե­լի է Սու­րիոյ մէջ իր գլխա­ւոր դաշ­նա­կցին իշ­խա­նու­թեան վրայ մնա­լը: Այս մէ­կը ա­ւե­լի ե­րե­ւե­լի դար­ձաւ Ի­րան-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կո­րի­զա­յին նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն վերջ: Երկ­րորդ հիմ­նա­կան կող­մը Սու­րիոյ հա­րե­ւան Թուր­քիան է, ո­րուն հա­մար ներ­կայ հանգ­րուա­նին ա­մե­նէն հիմ­նա­կա­նը ո՛չ միայն Պե­շար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռա­նա­լն է, այլ ի­րեն սահ­մա­նա­կից քրդա­կան պե­տու­թեան մը ստեղ­ծման կան­խուի­լը: Այս­տեղ փրակ­մա­թիք շա­հե­րու հա­մընկ­նում կայ Թուր­քիոյ եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ, ո­րով­հե­տեւ այս վեր­ջի­նին հա­մար եւս ըն­դու­նե­լի չէ Սու­րիոյ մաս­նա­տու­մը: Եր­րորդ կա­րե­ւոր կող­մը Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան է, ո­րուն հա­մար երկ­րի ճնշուած սիւն­նի­նե­րուն շա­հե­րը պահ­պա­նե­լը կը մնայ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն եւ այս հի­մուն­քով Ռիատ կտրա­կա­նա­պէս կը մեր­ժէ Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան վրայ մնա­լը: Մէ­կէ ա­ւե­լի սէուտ­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով յայ­տա­րա­րած են, որ Է­սատ Սու­րիոյ ա­պա­գա­յին մէջ դեր պի­տի չու­նե­նայ: Ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Ռիատ հա­կա­ռակ իր կտրա­կան կե­ցուածք­նե­րուն, Է­սա­տը փո­խա­րի­նող «վստա­հե­լի» եւ Ա­րեւ­մուտ­քին ու Մոս­կուա­յին հա­մար ըն­դու­նե­լի փո­խընտ­րանք մը չէ պատ­րաս­տած: Տա­կա­ւին պարզ ալ չէ, որ ին­չո՞ւ Ռիատ ձա­խո­ղե­ցաւ այդ քայ­լին գծով: Սէու­տա­կան թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ ըն­թա­ցող փո­փո­խու­թիւն­նե­րը նաեւ կը խօ­սին ո­րոշ խմո­րում­նե­րու մա­սին: Ու բա­ցա­յայտ է, որ փոխ-գա­հա­ժա­ռանգ Մու­համ­մէտ Պըն Սըլ­ման իշ­խա­նը, որ վեր­ջերս Մոս­կուա այ­ցե­լեց ու Ռիա­տի մէջ ըն­դու­նեց Նա­խա­գահ Է­սա­տի ա­մե­նէն վստա­հե­լի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն հա­մա­րուող՝ զօ­րա­վար Ա­լի Մեմ­լու­քը, հար­ցե­րուն ա­ռըն­թեր ու­նի իր յա­տուկ մօ­տե­ցում­նե­րը եւ այդ ա­ռու­մով ե­րե­ւե­լի է ա­նոր կա­տա­րած յան­դուգն քայ­լե­րը: Շատ հե­ռուն գա­ցած պի­տի ըլ­լանք, ե­թէ գրենք, որ սէու­տա­կան իշ­խող ըն­տա­նի­քէն ներս ա­րա­բա­կան աշ­խար­հը հա­րուա­ծող տագ­նապ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ կան տար­բեր հա­յեացք­ներ եւ մօ­տե­ցում­ներ: Բայց Ռիա­տի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ցոյց տուած վե­րա­բեր­մուն­քը կը խօ­սի այն մա­սին, թէ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա պատ­րաստ է բո­լոր բե­մագ­րու­թիւն­նե­րը քննար­կե­լու, սա­կայն չի բա­ցա­ռուիր, որ ա­նոր կե­ցուածք­նե­րը կրնան մնալ ան­փո­փոխ:

Չոր­րոր­դը ռու­սա­կան կողմն է, ո­րուն հա­մար Պե­շար Է­սա­տի մնալ-չմնա­լու հար­ցը ա­մե­նէն էա­կան հարցն է ու Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի բեր­նով քա­նիցս յայ­տա­րա­րուած Ռու­սաս­տա­նի մօ­տե­ցու­մը կ­­՚ը­սէ. «Մենք մի­ջա­մուխ չենք ըլ­լար Սու­րիոյ նա­խա­գա­հին մնա­լուն կամ հե­ռա­նա­լուն ու այդ խնդի­րը պէտք է վճռէ ին­քը՝ սու­րիա­ցի ժո­ղո­վուր­դը»: Ռու­սա­կան կող­մը Սու­րիոյ տագ­նա­պին ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն իր կե­ցուած­քը չէ փո­խած ու հա­կա­ռակ տար­բեր կող­մե­րու ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն դժուար է նա­խա­տե­սել, թէ Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին Սու­րիոյ մէջ գրան­ցուած այս­քան եր­կար ու ա­րիւ­նա­լի տա­րեգ­րու­թե­նէ ետք յան­կարծ ո­րո­շէ Է­սա­տը դնել սա­կար­կու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին: Մոս­կուա­յի մօ­տե­ցու­մը ե­թէ կրնանք փրակ­մա­թիք չհա­մա­րել, յստակ կ­­՚ե­րե­ւի, որ ռուս­ե­րուն հա­մար դաշ­նա­կից փո­խե­լը մեր­ժե­լի բան մըն է: Ա­մե­րի­կա­ցիք ինչ­պէս միշտ, ա­րագ լու­ծում­նե­րու եւ գործ­նա­կան քայ­լե­րու կը հա­ւա­տան: Ա­նոնց հա­մար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան վրայ մնա­լը ե­րէ­կուան նման «մեծ փոր­ձու­թիւ­ն» մը չի հա­մա­րուիր: Հին­գե­րորդ կող­մը, որ նաեւ կա­րե­ւո­րա­գոյն կողմն է, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներն է, ո­րուն քա­ղա­քա­կան դաշ­տը կը պատ­րաս­տուի 2017 թուա­կա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ այս ա­ռու­մով «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ի (ISIS) դէմ սկիզբ ա­ռած պայ­քա­րը պի­տի շա­հար­կուի այդ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցող կող­մե­րուն կող­մէ: Ու­րեմն ներ­կա­յիս Նա­խա­գահ Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան վրայ մնա­լը ան­ցած է երկ­րորդ փլան ու ա­մե­րի­կեան կող­մին հա­մար գերն­պա­տա­կը ISIS-ին վճռա­կան եւ մա­հա­ցու հա­րուած տալն է: Ինչ կը վե­րա­բե­րի քրդա­կան քոն­սեփ­թին, Ա­մե­րի­կա­յի կող­մէ Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին տրուած «կա­նաչ լոյ­ս­»ը ՓՔՔ­-ի դէմ զի­նուո­րա­կան աշ­խոյժ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կե­լու յա­ւե­լեալ ա­պա­ցոյց մըն է, որ ա­մե­րի­կա­ցիք այդ­քան ալ խան­դա­վառ չեն Սու­րիոյ տա­րած­քին մէջ քրդա­կան նոր պե­տու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ծրագ­րին հետ: Այլ խօսք, որ նոյն ա­մե­րիկա­ցիք ան­նա­խըն­թաց նե­ցուկ ցոյց կու­ տան Ի­րա­քի տա­րած­քին մէջ ե­ղող Քիւր­տիս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ ա­նոր զի­նեալ ու­ժե­րուն այ­սինքն՝ փեշ­մեր­կէին:

Քա­ղա­քա­կան այս յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւն­նե­րու կող­քին սու­րիա­կան գետ­նի վրայ կող­մե­րը ան­զի­ջող կեր­պով կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ճա­կա­տում­նե­րը: Ընդ­դի­մա­դիր ջո­կատ­նե­րը կը գտնուին բա­ւա­կան տարտղ­նուած վի­ճակ­նե­րու մէջ, բա­ցի ISIS-էն, որ կը շա­րու­նա­կէ մէ­կէ ա­ւե­լի ճա­կատ­նե­րու վրայ իր ստեղ­ծած սթա­թիւ­քոն պահ­պա­նել: Ու այս վի­ճա­կին մէջ է նաեւ, որ յատ­կա­պէս ռու­սա­կան կող­մը տես­նե­լով ընդ­դի­մա­դիր կող­մին ցի­րու­ցան վի­ճա­կը, պի­տի չու­զէ իր կե­ցուածք­նե­րը փո­խել:

Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սատ Դա­մաս­կո­սի մէջ տուած իր վեր­ջին ճա­ռին ըն­թաց­քին կա­րե­ւոր խօս­քով հան­դէս ե­կաւ եւ ը­սաւ, որ ներ­կայ պա­հու դրու­թեամբ քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­րու հա­մար ո՛չ մէկ յոյս կ­­՚ե­րե­ւի: Այդ վի­ճա­կը այ­սօր եւս կը շա­րու­նա­կուի ու հա­կա­ռակ տա­րուած կամ տա­րուե­լիք հան­դի­պում­նե­րուն, խնդրի լուծ­ման ա­ռըն­թեր ո­րե­ւէ յոյս կը նօս­րա­նայ այն­քան ա­տեն, որ կող­մե­րէն ոչ մէ­կը պատ­րաստ է զի­ջում­ներ բե­րել տագ­նա­պի լուծ­ման սե­ղա­նին:

 Շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Ռու­սաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը նա­խա­ձեռ­նէ «Մոս­կուա-3»ի մը, ե­թէ Ռիատ իր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը տայ եւ ճնշում գոր­ծադ­րէ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն վրայ, որ­պէս­զի մաս­նակ­ցին այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն:

Զի­նուո­րա­կան գետ­նի վրայ այս շա­բաթ ար­ձա­նագ­րուաղ ա­մե­նէն կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը Զա­պա­տա­նի եւ այլ եր­կու շրջան­նե­րու մէջ հաս­տա­տուած ե­ռօ­րեայ հրա­դա­դա­րի նո­րու­թիւնն է: Այս մա­սին գրած է Լոն­տո­նի «Ալ Հա­յա­թ­»ը՝ յայտ­նե­լով նաեւ, որ ի­րա­նեան եւ թրքա­կան ճի­գե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ դար­ձած են հա­կա­մար­տող կող­մե­րը ստի­պե­լու առ­ժա­մեայ հրա­դա­դար յայ­տա­րա­րել թէժ մար­տե­րու հան­դի­սա­վայր դար­ձած ե­րեք հիմ­նա­կան շրջան­նե­րու մէջ: Ե­ռօ­րեայ հրա­դա­դա­րը կ՚ընդգր­կէ անց­նող օ­րե­րուն թէ­ժա­գոյն մար­տե­րու ա­կա­նա­տես դար­ձած Զա­պա­տա­ն, Քըֆ­րա­յա եւ Ալ Ֆու­հա շրջան­նե­րը: Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է «Ահ­րար Ալ Շա­մ­»ը: Աղ­բիւ­րը նաեւ կը հա­ղոր­դէ, որ ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­ներ մտա­դիր են հե­ռա­նալ «Ալ Զա­պա­տա­ն­»ի շրջա­նէն: Նշենք, որ այս ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ ի­րա­նեան մաս­նակ­ցու­թեամբ հրա­դա­դար մը կը կնքը-ւի: Ի­րա­նի հա­մար շատ կա­րե­ւոր է ա­պա­հո­վել շիի սու­րիա­ցի­նե­րով բնա­կեց-ւած Քըֆ­րա­յա եւ Ալ Ֆու­հա շրջան­նե­րը, ո­րոնք վեր­ջերս ընդ­դի­մա­դիր ջո­կատ­նե­րու կրա­կա­կէտ­նե­րուն հիմ­նա­կան թի­րա­խը դար­ձան: Այս քայ­լը նաեւ ճա­նա­պարհ պի­տի հար­թէ Սու­րիոյ հար­ցե­րով ՄԱԿ-ի պա­տուի­րակ Սթե­ֆան Տե­միս­թու­րա­յին, որ­պէս­զի վեր­ջինս Սու­րիա այ­ցե­լէ եւ ՄԱԿ-ի ա­պա­հո­վու­թեան առ­ջեւ իր ներ­կա­յաց­նե­լիք նոր տե­ղե­կա­գի­րը պատ­րաս­տէ:

Միւս կող­մէ, «Ահ­րար Ալ Շա­մ» ջո­կատն ու լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լահ» ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կ՚ըն­դու­նին հրա­դա­դար կա­յաց­նել: Շա­տե­րու կող­մէ այս հրա­դա­դա­րը կը հա­մա­րուի զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը դադ­րեց­նե­լու նա­խանշ­ան մը: Բնա­կան է, որ բո­լո­րը պի­տի սպա­սեն ա­մե­րի­կեան Գոնկ­րէ­սին կող­մէ Ի­րան-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ հա­մա­ձայ­նու­թեան վա­ւե­րաց­ման: Ի­րա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը նաեւ այդ ա­ռու­մով Դա­մաս­կոս այ­ցե­լեց: Ի­րան կը հա­շուէ իր խա­ղա­քար­տե­րը՝ նոր գե­տին մը պատ­րաս­տե­լու հա­մար: Հի­մա, որ Ռիատ-Մոս­կուա բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը գրե­թէ ձա­խո­ղած կը հա­մա­րուին, Սու­րիոյ տագ­նա­պին լուծ­ման երկ­րորդ հի­մնա­կան ա­ռանց­քը պի­տի սկսիլ բա­նիլ: Այդ ա­ռանց­քը մար­մին ստա­ցաւ Պոլ­սոյ մէջ մշա­կուած հրա­դա­դա­րին յա­ջո­ղու­թեամբ ու չէ բա­ցա­ռուած, որ Ի­րա­նի ճար­տար Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճե­ւատ Զա­րիֆ այ­ցե­լէ Պո­լիս ու Ան­գա­րա, տեղ­ւոյն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ Սու­րիոյ վե­րա­բե­րեալ հիմ­նա­րար նոր բե­մագ­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու նպա­տա­կով:

Ի վեր­ջոյ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի այս փու­լին եւս կա­րե­ւո­րը գետ­նի վրայ ըն­թա­ցող զար­գա­ցում­ներն են ու այդ գե­տի­նը ա­ռա­ւե­լա­բար կը պատ­կա­նի Թեհ­րա­նին ու Ան­գա­րա­յին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

 

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2015