ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Լատին կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր Մոնս. Մասսիլմիլիանօ Փալինուրոն, որ Պատրիարքարան փութացած էր՝ Ս. Զատկի շնորհաւորութեան համար: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան: Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ փոխադարձաբար շնորհաւորեց անոր անձին մէջ քաղաքիս լատին կաթոլիկ համայնքի Ս. Յարութեան տօնը:

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024