ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ - ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ
Ինչպէս Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող շրջանը Եկեղեցին պահեցողութեան եւ ապաշխարութեան շրջան մը կ՚անցընէ, որ ծանօթ է Մեծ պահք կամ Քառասնորդացի պահեցողութիւն անուանումով, այդպէս ալ, Սուրբ Յարութեան յաջորդողը ուրախութեան եւ ցնծութեան շրջան է, որովհետեւ Եկեղեցւոյ Փեսան՝ Տէր Յիսուս հրաշափառապէս Յարութիւն առաւ, մահուամբ մահը կոխելով եւ Իր յարութեամբ մարդոց կեանք պարգեւելով: Այս շրջանը եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն կը կոչուի Յինանց կամ Յինունք:
Ստեփանոս Աւ. Քհնյ. Մանդինեանց այսպէս կը գրէ Նոր կիրակիի մասին.
• Զատիկին յաջորդող կիրակին Նոր կիրակի կը կոչուի կամ Կրկնազատիկ, որովհետեւ յարութենէն ետք Յիսուս Վերնատան մէջ աշակերտներուն կ՚երեւի, երբ անոնք դռները փակած էին հրեաներուն վախէն: Թովմաս առաքեալը, որ յարութեան օրը չէր տեսած Յիսուսը, երկրորդ հանդիպումին, Յիսուս Ի՛նք ցոյց տուաւ անոր Իր ձեռքերուն եւ ոտքերուն խոցուած տեղերը, որով անոր անհաւատութիւնը յանդիմանեց: Եկեղեցին այս յիշատակը կը կատարէ որպէս Զատիկի նաւակատիք, նոյնպէս եւ Թովմասի հաւատալուն ի յիշատակ: Յոյները այս կիրակին Թովմասի կիրակի կը կոչեն («Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ», Ստեփանոս Աւ. Քհնյ. Մանդինեանց, Անթիլիաս, 2010, էջ 253):
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները առնուած են՝ Գործք Առաքելոցէն 5.34-6.7: Յակոբոս առաքեալի Ընդհանրական նամակէն 3.1-12: Յովհաննէսի Աւետարանէն 1.1-17:
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը գրէ Կրկնազատիկին մասին.
• Դարձեալ հանգամանօրէն կ՚ըսենք, թէ Նոր կիրակի եւ Կրկին զատիկ կը կոչուի այս օրը. որովհետեւ, առաջին կիրակին զատիկն էր՝ որ անցաւ, իսկ ասիկա՝ նոր է, որովհետեւ Յարութեան կիրակիէն բացի ուրիշ կիրակի չենք տօնած տակաւին. այլեւ՝ երկուշաբթի կամ երեքշաբթի, եւ այլն։ Այդ պատճառով ալ այսօր կրկին զատիկ է՝ առաջին զատիկին վրայ։ Դարձեալ, Նոր կիրակի եւ Կրկնազատիկ կ՚ըսուի, որովհետեւ հինին (Հին Ուխտին) մէջ շաբաթ օրն էր հանգստութեան եւ Տէրունի օր։ Իսկ հիմա, Նո՛ր է կիրակին, որովհետեւ առաքեալները նոր օրէնք դրին՝ կիրակի օրով դատարկանալ եւ հանգստանալ։ Եւ կրկին զատիկ է, որովհետեւ շաբաթ օրով մարմինի գործերէն ազատութիւն էր, եւ ասիկա ատոր վրայ կրկին զատիկ է։ Դարձեալ, Նոր կիրակի եւ Կրկնազատիկ է, որովհետեւ նոր կը տօնենք մեր հոգիներու փրկութեան նաւակատիքը՝ հոգեւոր ուրախութեամբ եւ տօնախմբութեամբ, եւ ո՛չ թէ հինին նման, որովհետեւ անոնց նաւակատիքը մարմինի ուրախութեան համաձայն էր միայն։ Եւ դարձեալ նոր օրհնութիւն կ՚երգենք, նոր մանկունք առագաստի, նոր յարութիւն առած Փեսային՝ նոր գերեզմանէն։ Եւ ատոր համաձայն թէ նո՛ր է նաւակատիքը եւ նո՛ր են երգերը, նոյնպէս եւ կրկին զատիկ է եւ հոգեւոր ուրախութիւն ու ցնծութիւն։ Դարձեալ Նոր կիրակի եւ Կրկնազատիկ կ՚ըսուի այն պատճառով, որովհետեւ մեզի նոր կը կրկնուի աւետարաններուն ընթեցումները։ Որովհետեւ, Յարութենէն ետք այս ութ օրերը՝ մինչեւ այսօր, նշանաւոր աւետարանները ընթերցուեցան, որոնք Քրիստոսի յարութեան հաւատարիմ վկաներն են։ Եւ իւրաքանչիւր աւետարաններէն (Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս) ընթերցուեցաւ. երեքէն՝ նոյն օրուան մէջ, եւ մէկէն՝ յաջորդ օրը. որովհետեւ օրէնքին մէջ գրուած է, թէ «երկու կամ երեք վկաներով պէտք է հաստատուի ամէն բան» (Բ.Օր 19.15)։ Արդ, որովհետեւ Քրիստոս Աստուած է, նոյնպէս եւ մարդ։ Երեքը մարդկութեան վկաներն են եւ մէկը՝ Աստուածութեան. ինչպէս չորս աւետարանիչները. երեքը՝ Քրիստոսի մարդկութեան վկայ էին, որու պատճառով մարմնաւոր ծնունդէն սկսան. եւ մէկը՝ Աստուածութեանը կը վկայէր, որովհետեւ Յովհաննէս Աստուածութենէն սկսաւ («Գիրք ձմեռան», Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի, հատուած Նոր կիրակիի քարոզէն, էջ 650)։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ