ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԸ
«Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի» տօնը՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի նուիրուած տօներուն կարեւորագոյնն է եւ Հայ Եկեղեցւոյ տաղաւար տօներու չորրորդը։
Արդարեւ Աստուածամօր «ննջման» պատմութիւնը՝ որ գրած է Յովհաննէս Աւետարանիչ, հրաշք դէպք մըն է. քանի որ ան «ննջում» է եւ ո՛չ սովորական մահ։ Եւ յետոյ՝ «ննջած» Սուրբ Կոյս Մարիամ փոխադրուած է երկինք։ Այս իսկ պատճառով է, որ Աստուածամօր գերեզմանը անուանուած է՝ «թափուր գերեզման»։
Ուստի երբ հասաւ Ամենասրբուհիի «մարմնաւոր կեանքէն դէպի հանդերձեալը փոխուելու ժամանակ»ը, Գաբրիէլ հրեշտակապետ աւետեց Մարիամի՝ Սուրբ Կոյսին երկրէ երկինք փոխադրուելու լուրը։ Նոյն Գաբրիէլ հրեշտակապետն է, որ նախապէս, օրեր առաջ իջած, եւ երբ տակաւին չէր ամուսնացած, Մարիամի յղութեան աւետիսը տուած էր իրեն։
Ուրախացաւ Աստուածածնի հոգին եւ սկսաւ շրջիլ եւ աղօթել Քրիստոսի՝ իր որդւոյն տնօրինական վայրերուն մէջ։ Եւ դարձեալ, 13 օր յետոյ եկաւ Գաբրիէլ հրեշտակապետ եւ խոնարհելով ողջունեց Տիրածին Կոյս Մարիամին՝ ըսելով. «Ուրախացիր կիներու մէջ բերկրեալդ, քանի որ քեզ կը կանչէ մեր Արարիչը՝ քու Միածին Որդին»։ Եւ Սուրբ Կոյսի գլուխը պսակեց Ադամի դրախտէն բերած բրաբիոնէ՝ յաղթութեան պսակով։ Աստուածամօր՝ Ամենասուրբ Կոյսի համար, ծաղիկներէ եւ արմաւենիի ոստերէ հիւսուած բրաբիոնի յաղթութեան պսակը՝ իր երկրէ երկինք փոխադրման աւետիսը եղաւ։ Մանաւանդ որ աւելի վերջ անիկա բժշկութեան եւ հրաշքներու ճշմարիտ աղբիւր եղաւ։
Ապա ան ելաւ Ձիթենեայց լեռը աղօթելու եւ ամբողջ բոյսերը եւ ծառերը, տունկերը խոնարհելով կ՚երկրպագէին անոր։ Աստուածածինը այսպէս կ՚աղօթէր. «Դու, Տէր իմ Յիսուս Քրիստոս, Քո Հայր Աստուծոյ Որդի եւ իմ՝ մօր Քո աղախնիդ. Տէր իմ Միածին, Դու Ինքդ խոստացար գալ ինձ մօտ, որ Քեզանով աւանդեմ իմ հոգին»։
Այն ժամանակ երկինքէն ձայն եկաւ անոր ու ըսաւ.
«Չեմ թողուր Քեզ, Մայր իմ Տիրուհի եւ կը կատարեմ քու խնդրանքները»։ Եւ աղօթքէն ելլելով՝ ամէնօրհնեալ Մարիամ երեք օր շրջեց, աղօթեց եւ երկրպագեց Աստուածորդիին՝ իր Միածնի տնօրինական վայրերուն մէջ, իր հետ ունենալով՝ Սողոմէն, Յովհաննէսի մայրը եւ Նիկոդեմոսի աղջիկը՝ Մարթան։
Ապա տուն վերադառնալով՝ իր մօտ կանչեց ազգականները եւ միւս սուրբ կիները, ըսաւ անոնց թէ՝ վառեն բոլոր ջահերն ու լամբարները եւ մնան իրեն մօտ երեք օր։ Եւ ապա սկսաւ պատմել Աստուծոյ փառքը։
Իսկ մահուան մասին սապէս ըսաւ.
«Երկու հրեշտակներ կու գան մարդու հոգիին ետեւէն՝ մէկը չար, միւսը՝ բարի։ Եւ եթէ մեղաւոր է հոգին, չար հրեշտակը կը ժառանգէ զայն, եւ կ՚ուրախանան դեւերը այդ հոգիին կորուստին համար։ Եւ ցոյց կու տայ չար հրեշտակը մեղաւոր հոգիի արդար դատաստանը եւ տանջանքներու վայրը։ Իսկ եթէ բարի եւ արդար է հոգին՝ կը ժառանգէ բարի հրեշտակը, եւ ցոյց կը տրուի անոր կեանքի յարութիւնն ու փառքի հանգստավայրը»։
Եւ մինչ Մարիամ կը պատմէր, եկաւ Յովհաննէս Աւետարանիչը՝ որ Քրիստոսը կը քարոզէր մերձակայ գիւղերուն մէջ եւ մինակ էր։ Տուն մտնելով՝ ողջունեց ու երկրպագեց Կոյս Մարիամ Աստուածամօր, իսկ ան ընդունեց ողջոյնը եւ ըսաւ. «Բարի եկար որդեակ իմ եւ իմ Որդիի սիրելի»։ Եւ պատմեց անոր իր փոխման մասին եւ ցոյց տուաւ իր թաղման տեղը՝ հայրենի Գեթսեմանիի ձորին մէջ։ Ան պատուիրեց նաեւ իր երկու հանդերձները տալ այն այրի կիներուն՝ որ շրջեցան իր հետ փրկչական վայրերուն մէջ եւ պատուիրեց Յովհաննէսին մատուցանել աստուածային Պատարագը՝ որպէսզի հաղորդուի իր Միածին Որդիին Մարմնին եւ Արեան, որպէսզի կատարուի Մարգարէին խօսքը, թէ՝ «Իմ ատամներու մէջ իմ մարմինը ունիմ»։
Այն ժամանակ Յովհաննէս, կիներուն եւ Յիսուսի մօր Մարիամի հետ ելաւ Վերնատուն եւ այնտեղ պատարագեց Յիսուս Քրիստոսը։ Եւ մինչ գոհաբանական աղօթքներ կը մատուցանէր, իսկոյն անոր ձայնակից եղան սուրբ առաքեալներու դասերը՝ որոնք Սուրբ Հոգին ի մի հաւաքեց ամբողջ աշխարհներէն, ուր գացած էին Քրիստոս Աստուածը քարոզելու։
Եւ այսպէս տասը եւ եօթանասունը՝ իւրաքանչիւրը իր վիճակէն Սուրբ Հոգիի կանչով եկաւ, հասաւ Սուրբ Աստուածածնի ննջմանը։ Եւ Պատարագի աւարտման՝ Սուրբ Հաղորդութեան վերջաւորութեան, բոլորը երկրպագեցին Աստուածամօրը՝ մատուցելով յիսուսաւանդ ողջոյնը եւ ապա զիրար ողջունեցին «Ի համբոյր սրբութեան» եւ օրհնեցին Աստուած, իրենց այս զարմանալի ու հրաշալի՜ հաւաքման համար։ Յետոյ մտան Վերնատան մօտ գտնը-ւող Աստուածամօր տունը։ Եւ Սուրբ Աստուածածինը անոնց ցոյց տուաւ բրաբիոնը, խօսեցաւ իր ննջման մասին եւ ցոյց տուաւ իր հանգիստի վայրը՝ Գեթսեմանիի գերեզմանը։ Այն ժամանակ արցունք թափել սկսան սուրբ առաքեալները, սաստիկ լացին եւ հիացած բրաբիոնի՝ յաղթութեան պսակին վայելուչ պայծառութեամբ՝ Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեցին։ Եւ ապա հրամայեց որ նստին, վառեն ջահերն ու լամբարները, կանթեղները, իսկ ինք մտաւ մահիճ՝ անկողին, Պետրոսը նստաւ սնարին, իսկ Յովհաննէս՝ պատուանդանին մօտ։ Եւ Պետրոս սկսաւ գովերգել կիներու մէջ ամէնօրհնեալին՝ Աստուծոյ Մօր։ Աստուածամայրը իր հերթին փառաւորեց եւ երանի՜ տուաւ Պետրոսին՝ որպէս «Եկեղեցիի հիմք եւ հաւատի վէ՛մ»։
Եւ դարձեալ Պետրոս սկսաւ ուսուցանել հաւաքուած եղբայրներուն եւ սուրբ կոյսերուն եւ պատմեց անոնց այս առակը. «Հարուստ մարդ մը իր երկու ծառաները աքսորեց հեռաւոր երկիր մը։ Ծառաներէն մին մոռցաւ իր տէրը եւ աքսորականներէն իրեն համար գանձ եւ ստացուածք հաւաքեց։ Իսկ միւս ծառան չդադրեցաւ յուսալէ՝ գուցէ տէրը զինք աքսորէն ետ դարձնէ մտածեց։ Ան ոսկիէ, մարգարիտներէ եւ պատուական քարերէ պսակ մը կազմեց։ Եւ երբ տէրը զինք կանչեց աքսորէն, բարի ծառան պսակը իր տիրոջ տուաւ։ Տէրը հաւնեցաւ պսակը եւ զայն դրաւ իր հաւատարիմ ծառային գլուխը, իսկ միւս ծառան դատապարտեց»։
Այս առակը պատմեց Պետրոս, երկրի վրայ ապրող արդարներու եւ մեղաւորներու համար։ Քանի որ երբ արդարները Տիրոջ կամքը կատարեն եւ պատրաստ ըլլան իրենց կանչուելու օրուան, ուրախութեամբ կ՚երթան Տիրոջ մօտ, եւ այն պսակը, զոր կազմեցին անոնք իրենց հաւատքի ոսկիներով եւ զանազան առաքինի գործերով, Տէրը կը դնէ անոնց գլխուն։ Իսկ մեղաւորները, որոնք աշխարհինը եւ իրենց մարմնաւոր կարիքները հոգացին, պիտի լան եւ կոծեն եւ դողան՝ բարի գործեր չունենալու պատճառով։ Եւ կ՚աղաչեն հրեշտակներուն՝ դոյզն ինչ ներում ստանալ կամ ժամանակ՝ պատրաստուելու իրենց։
Առաւօտուն Սրբուհի Մարիամ արեւածագի հետ վեր բարձրացուց ձեռքերը, աղօթեց Աստուծոյ եւ ընկողմանեց մահիճին մէջ։ Իսկ սուրբ առաքեալները գիշերային հսկումէն եւ առաւօտեան պաշտամունքէն յետոյ շրջապատեցին Սրբուհիին մահիճը։ Իսկ Յովհաննէս կիպարիսի (նոճիի) տախտակի վրայ փորագրած էր Տիրամօր պատկերը եւ տուած էր Պետրոսին, եւ Պետրոս ու բոլոր առաքեալները աղաչեցին Աստուածամօր ըսելով. «Ո՜վ Տիրածին Կոյս, քանի որ հանդերձեալն ես երթալու Քու շատ սիրելի Միածնիդ մօտ. առ եւ օրհնէ այս պատկերը, թող այն նշան ըլլայ հիւանդներու առողջոցման եւ մանաւանդ բորոտներու համար։ Որ անոնք, որոնք ապաւինին Քու բարեխօսութեանը՝ առողջութիւն գտնեն ե՛ւ իրենց բժշկութիւն ըլլալ ցաւերու, քանի որ տրտմութիւն է Քու՝ մեր մէջէն փոխադրուիլը, որովհետեւ քեզմով կը մխիթարուէինք Քու Որդիին եւ մեր Աստուծոյ համբարձուելէն յետոյ։ Ուրեմն, տուր մեզ Քու պատկերը, որպէսզի Քու փոխադրուելէդ յետոյ անով մխիթարուինք»։
Եւ Աստուածամայրը իր ձեռքը առաւ պատկերը, խաչակնքեց եւ իր երեսին դնելով՝ թրջեց արցունքով եւ խնդրեց Աստուծոյ՝ անով բժշկել ամէն տեսակի ցաւերը, առաւել եւս՝ բոլոտներու բիծերը։
Նոյն այդ պահուն լուսեղէն կամար եկաւ Սրբուհիին վրայ, ձայն մը լսուեցաւ, որ ըսաւ.
«Թո՛ղ կատարուի Քու կամքը, մայր իմ»։
Ահագին որոտում մը եղաւ, աստուածային անուշահոտութիւն մը բուրեց, եւ առաքեալներէն բացի բոլորն ալ թմրեցան։ Եւ օրուան երրորդ ժամն էր, երբ երկնային բազմաթիւ զօրքերով երկինքէն իջաւ Սուրբ Կոյսի Որդին։ Գաբրիէլ եւ Միքայէլ հրեշտակապետները կու գային Անոր առջեւէն։ Եւ այդ պահուն փայտեայ պատկերը, որ Սրբուհին ունէր իր ձեռքերուն մէջ, դրաւ իր դէմը՝ հրեղէն կառքի մը մէջ կանգնած Աստուածորդիին առջեւ, եւ Ան իր աստուածային Աջով տեառնագրեց՝ խաչակնքեց Իր Մօր պատկերը։
Անոնք առնելով երկրպագեցին եւ տեսան, որ տախտակի վրայ նկարուած է Աստուածածին Կոյսի պատկերը՝ աչերն ու յօնքերը, բերանն ու քիթը, գոյնը եւ կերպը՝ ամբողջովին կատարեալ։
Ապա տեսնելով մայրը Միածին Տէրը՝ իր Յիսուս որդին, գոհացաւ Աստուծոյ եւ փառաբանեց զԱյն, Անոր անունը, որ կատարեց իրեն տուած խոստումը։
Եւ Տէրը՝ Քրիստոս, առնելով Իր Մօր հոգին՝ յանձնեց Գաբրիէլ հրեշտակապետին։ Աստուածամօր հոգին լոյսէն աւելի սպիտակ եւ պայծառ էր՝ կատարեալ էր իբրեւ մա՛րդ, ո՛չ էգ եւ ոչ արու։
Երեք օր յետոյ՝ առաւօտեան Յիսուս եւ հրեշտակները՝ առանց խախտելու Սուրբ Կոյսի կնքուած գերեզմանը, առնելով Կոյս Մարիամի աստուածընկալ մարմինը, բարձրացուցին ամպերու մէջ…։
Այսպէս, ահաւասիկ կը նկարագրը-ւի «Յայսմաւուրք»ի մէջ Աստուածամօր «ննջում»ը եւ «վերափոխում»ը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 7, 2015, Իսթանպուլ