ՊՈԼՍՈՅ ԹՈՒԼՈՒՄՊԱՃԻՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՄԷՋ՝ ՀԱՅԵՐԸ (Ըստ Ատրպետի համանուն պատմուածքի)
Գրող Ատրպետը (Սարգիս Մուպահեաճեան) «Թուլումպաճիներ» խորագրով գիրք մը ունի, որ տպագրուած է 1899 թուականին՝ Նոր Նախիջեւան: Այս գիրքը Ատրպետ գրած է՝ հիմնուելով Պոլսոյ իր ապրած տարիներու յիշողութիւններու եւ զգացողութիւններու վրայ: Հետաքրքրական պատմութիւն մըն է՝ հրդեհ մարող պաշտօնեաներու խաւի միջոցով ան ցոյց կու տայ համայնքը կրծող շատ հարցեր: Այդ գիրքի հիման վրայ, պատմութիւնը կրճատելով, կը ներկայացնենք հայ հրշէջներու մասին գրութիւն մը՝ փոխադրելով արեւմտահայերէնի
ԹՈՒԼՈՒՄՊԱՃԻՆԵՐԸ
Պոլսոյ ազգաբնակչութիւնը գործելու ասպարէզ մը ունէր, ուր մարդիկ իրարու կը հաւասարէին, ուր ամէն մէկ անձ միեւնոյն իրաւունքները կը վայելէր, ուր իրար չէին հարցներ, թէ ի՛նչ ծագումի կը պատկանի: Մշակ, արհեստաւոր, վաճառական, վարժապետ, գրագէտ, զինուորական, կալուածատէր, գրագիր, կրօնական՝ բոլորը առանց խտրութեան կը հաւաքուէին եւ գործի կը լծուէին: Հոն անխտիր հաւասար ձայնով կ՚ընտրէին իրենց առաջնորդ կամ ուրիշ գործավարներ, այդտեղ արժանաւորութիւնը ո՛չ թէ փողի ու գիտութեան, այլ ֆիզիքական ուժի, խելքի եւ ժրագլխութեան մէջ կը կայանար: Այդ ասպարէզը թուլումպաճիութիւնն էր (հրշէջներ): Թուլումպաճիութենէն կը խուսափէին վախկոտները, թուլասիրտները եւ անզգաները, որոնք, յայտնի բան է՝ քաղաքի ազգաբնակչութեան մեծագոյն տոկոսը կը կազմէին…
Թոյլսիրտ քաղաքացիներու՝ թուլումպաճիներէն խորշելու պատճառն այն է, որ անոնք, իրենց աներկիւղ ընթացքով միշտ սարսափի ու սրտադողի մէջ ձգած էին: Թուլումպաճիները, ինչպէս որ աներկիւղ կերպով, կրակն ու բոցը արհամարհելով՝ կը մտնէին ծխալի տուներ՝ երեխաներուն, չափահասներուն ու տարեցներուն դուրս բերելու, կրակէն ազատելու թանկագին կահ կարասիքը, անխնայ կը քանդէին դրացիի տուները, հրդեհի առաջքն առնելու համար ջրհանները շալկած, կը կռուէին ահեղաշունչ բոցերու հեղեղին հետ, այնպէս ալ անվախ միշտ կը յարձակէին էֆէնտիներու, դատաւորներու, աղաներու, ամիրաներու վրայ, հայհոյելով, նախատելով, ծաղրելով, պակասութիւնները երեսին կ՚ըսէին եւ սպառնալիքներով կը ստիպէին իրենց հրամանները կատարելու եւ հպատակելու:
Աղաներէն հալածուածը միշտ կը դիմէր որեւէ յայտնի թուլումպաճիի, կը պարզէր նեղութիւնը: Թուլումպաճին գործին ծանօթանալէ յետոյ, օր մը փողոցին անկիւնը կը բռնէր աղային եւ կը ստիպէր գոհացում տալ նեղուածին: Ամիրան, մահուան երկիւղէն անճրկած, կը կատարէր թուլումպաճիի հրամանը, միտքին մէջ հազար ու մէկ հայհոյանք թափելով թուլումպաճիի գլխուն:
Անգամ մը կաշառակեր դատաւոր մը, խօսք տուած էր վաշխառուի մը՝ իր վճիռքով խլել թշուառ պարտիզպանի պարտիզակը, որով կը կերակրէր ինը հոգիէ բաղկացած ընտանիքը: Պարտիզպանը յուսահատ կ՚իյնայ ծանօթ թուլումպաճիի ոտքերը եւ վշտաբեկ սիրտով կը նկարագրէ զինք սպառնացող սոսկալի վիճակը: Թուլումպաճին կը հետապնդէ դատաւորը, կէս գիշերին կը կտրէ անոր ճանապարհը: Դատաւորը հոգէառի ջլոտ, հաստապինդ բազուկներուն համը առած, կրկին անոր չպատահելու համար տակաւին գումար մըն ալ կը վճռէ առնել վաշխառուէն՝ յանուն պարտիզպանի: Ամիրայի մէկն ալ իր բազմաթիւ ծառաներու եւ ստրուկներու վրայ վստահած՝ կ՚արհամարհէ թուլումպաճին եւ կը սպառնայ տակաւին անոր դատաստանի կանչել: Թուլումպաճին առանց այլեւայլի, կրակ կը յառաջացնէ, կ՚այրէ ամիրային պալատը, եւ օգնութեան հասած թուլումպաճիներուն խումբը աւելի հանդիսատեսի դեր կը կատարէ՝ աւարի կու տայ ամիրային կայքը, քան թէ օգնութեան կը հասնի: Այս պատճառները ամենաբռնաւորներուն անգամ ստիպած են խոնարհուելու թուլումպաճիութեան զօրութեան առջեւ:
Պոլսոյ մէջ վաղ ժամանակներէն կային միայն թաղական եւ ընկերական՝ ենիչերիութենէն մնացած թուլումպաճիներու խումբեր, քաղաքական կամ պետական խումբ սովորաբար չէր պահուած: Պոլսոյ մէջ պատահած զարհուրելի հրդեհներու մասին տեղեկութիւն ունեցողը կը հասկնայ, որ առանց այդպիսի թաղական թուլումպաճիներու խումբերու, որքա՜ն դժուար կ՚ըլլար, Պոլսոյ նման մեծ քաղաքի մը մէջ աղէտներու ժամանակ ազգաբնակչութեան օգնութիւն հասցնելը:
Ժողովուրդին հալածուած մասը՝ արհեստաւոր եւ օրական աշխատանքով հազիւ ապրողները, փողոցներու մէջ տէփուրը գլխուն ձուկ, կանաչութիւն, պտուղ, թոք, ոտ ու գլուխ ծախողները միշտ յարգած են թուլումպաճիին, անընդհատ ջանացած են անոր օգնել, միշտ փորձած են ժրաջանութեամբ մտնել այդ խումբերուն մէջ, որը իրենց անվերջ պաշտպան կեցած է ամէն տեսակ աղէտներու ժամանակ:
Ահա այդպիսի երկու հայկական թուլումպաճիական խումբ կար 1882 թուականներուն՝ Սկիւտարի Սէլամսըզ եւ Ենիմէհլէ թաղերուն մէջ, որոնք շնորհիւ իրենց առաջնորդներու՝ Կաղ Մքոյի եւ Կարճ Նազարի ժրաջանութեան, իրենց դրացի թուրք, յոյն եւ հրեայ թուլումպաճի խումբերուն նախանձը կը բորբոքէին:
Կաղ Մքոն, որ սովորական մահկանացուներէն չէր, Փարիզ, Լոնտոն եւ Ամերիկա տեսած, գլխուն մէջ կուտակած էր գիտութեան մեծ պաշար, եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ թաղական ուսումնարանին մէջ տեսուչ ալ էր, Սէլամսզըի թուլումպաճիներու օճախի առաջնորդութեան արժանացած էր, իր քանի մը տարուայ ընթացքին կատարած անթիւ զոհողութիւններով:
Ան իր կաղ ոտքովը շատ անգամ ուսը տուած էր ջրհանին տակ եւ իր երեք աժդահայ ընկերներուն հետ ժամերով վազած դէպի աղէտներուն տեղերը: Ան յաճախ կրակի բոցերուն մէջ խանձած էր մազերն ու մօրուքը, ծուխին մէջ կուրցնելով աչքերը եւ շնչասպառ խեղդուելով, դուրս բերած էր հրդեհուած տան խորքերէն երեխաներու օրոցներ, վերմակներով փաթթուած հիւանդներ, թանկագին նկարներ, գիրքեր եւ անփոխարինելի նիւթեր: Հրդեհներու ընթացքին անոր կարգադրութիւնները այնքան օգուտ բերած էին ազգաբնակչութեանը, որ ասոնց համարումը Կաղ Մքոյի մասին օրէ օր մեծցած էր եւ երիտասարդութիւնը, նամանաւանդ արհեստաւոր եւ չքաւոր դասակարգը անոր գրեթէ կը պաշտէին:
Կաղ Մքոն աւելի կը խոնարհեցնէր թէ՛ հարուստները, թէ՛ ծառայողները եւ թէ՛ ընկերակիցները՝ իր չափազանց անշահասիրութեամբ եւ մանաւանդ արդար վճիռներով: Թուլումպաճիները կը ստանային երբեմն երբեմն հարուստ կալուածատէրերէն նուէրներ եւ աղէտէն ազատուող մեծատունները խոշոր գումարներով կը վարձատրէին անոնց: Կաղ Մքոն ոչ միայն բաժին չէր առներ այդպիսի եկամուտներէ, այլ կարիք չունեցողներուն ալ, իր օրինակով, կը ստիպէր հրաժարիլ եւ գումարները հաւասարապէս կամ արժանաւորապէս կը բաժնէր կարօտեալներու մէջ, այնպէս որ բոլոր ընկերները համոզմունքով գոհ կը մնային անոր կարգադրութենէն:
Կաղ Մքոյի ժրաջանութեամբ շատ մեծցաւ Սէլամսըզի թուլումպաճիներու խումբը եւ նախկին մաշուած, անպէտք ջրհանի փոխարէն չորս նոր լաւ ջրհաններ ձեռք բերին՝ հրդեհի վերաբերեալ բոլոր պարագաներով: Ատիկա ալ չէր բաւեր՝ Կաղ Մքոն կ՚ըսէր՝ աշխատինք, յարմարաւոր տեղ մը գտնենք թաղի կեդրոնը, հրշէջ գործիքներուն համար: Ան կը մտածէր այդ տան կողքին աշտարակ մըն ալ շինել, ուրկէ փոխընդփոխ հսկել եւ փոխանակ մունետիկի ձայնին սպասելու, իսկոյն այդտեղէն նշան տալ թուլումպաճիներուն, հրդեհուածներուն օգնութեան հասնելու:
Կարճ Նազարը, որ նոյնպէս Կաղ Մքոյի նման զարգացած եւ անոր նման անձնուէր էր գործին, կը կառավարէր Ենիմէհլէի թուլումպաճիներու խումբը: Ան Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամ եւ «Տիեզերք» ամսաթերթի խմբագիրն էր: Կարճ Նազարը՝ հարուստ մարդու որդի ըլլալով եւ իր ծնողքէն բաւական յայտնի կալուածներ ժառանգելով ոչ միայն հանգիստ կարող էր ապրիլ, այլ ուրիշ պարապմունքով մըն ալ ան կարող էր տակաւին քանի մը անգամ ալ բազմապատկել կարճ ժամանակամիջոցին իր քափիթալը, բայց ան ոչ միայն հայ խմբագրի տաժանելի պաշտօնը ստանձնած էր եւ իր եկամուտներով գիտական թերթ կը տպէր եւ կը ցրուէր ժողովուրդին մէջ՝ ուսումը, գիտութիւնը, առաջադիմութիւնը տարածելու նպատակով, այլ իր եկամուտներէն մէկ մասն ալ կը հանէր թշուառ ընկերակիցներուն, Եւրոպայի մէջ ուսանողներուն:
Կարճ Նազարն ալ անձամբ կը կռուէր աղէտներու ժամանակ կրակի, ծուխի, ջուրի եւ ջրհանի հետ, ետ չէր մնար համալէն, ձկնորսէն, կօշկակարէն եւ դարբինէն եւ այնպէս որ անոր արարքները Կաղ Մքոյէն աւելի նախանձելի էին, միայն անոր համար, որ Կաղ Մքոն, որպէս նախկին Մշոյ դաշտի որդի, մանկութենէն սորված էր չարքաշութեան, իսկ Կարճ Նազարը փափուկ կեանքէն իջած, մտած էր թուլումպաճիներու շրջանը: Երբ Կարճ Նազարը ջրհանի խողովակը եւ մուշտուկը ձեռքին կը բարձրանար հրդեհուած տան կտուրը եւ հսկայի նման կանգնելով՝ ահեղաշունչ բոցերու մէջ կը կռուէր եւ խրախոյս կը կարդար ընկերներուն, տեսնողը չէր կարող երեւակայել, որ այդ հերոսը դայեակներու գիրկերուն մէջ՝ սայլակներով եւ կառքերով մեծցած էր եւ փափկութիւններու մէջ զարգացած էր մանուկ օրերուն:
Ժողովուրդը կը սիրէր երկու խմբապետներն ալ. հրդեհէն նեղուածները, թշուառները, օգնութեան կարօտները կը պաշտէին երկու խումբը թուլումպաճիներուն: Վախկոտները, հարուստները գլուխները կը թեքէին երկուքի առջեւ ալ, երկուքին ալ կ՚օգնէին եւ երկուքին ալ միտքին մէջ կը հայհոյէին, որ իրենց քսակներէն ակամայ գումարներ կը քաշէին եւ ասոնցմէ որուն մօտ որ ըլլային, անոր միւսէն նախապատուութիւն կու տային: Երկու խումբերն ալ իրարու կը յարգէին, իրարու օգնութեան կը հասնէին, բայց իրարու նաեւ կը նախանձէին: Նախանձը բարի էր եւ անոնք իրարու հակառակ կը մեծցնէին իրենց խումբերը, կը զօրացնէին ջրհանները եւ հրշէջ գործիքները, օրէ օր կատարելագործուած տեսակներով, կը փոփոխէին, կը լրացնէին եւ կը ջանային աւելի կազմ ու պատրաստ ըլլալու, աղէտի ժամանակ թշուառներուն օգնութեան հասնելու դիտումով:
Կարճ Նազարի անունն աւելի հռչակուեցաւ իր նորակազմ խումբով եւ Եւրոպայէն նոր բերել տուած ջրհաններով եւ գործիքներով՝ այդ օրերը Արշակեան գիշերօթիկ ուսումնարանին մէջ պատահած հրդեհի դէմ կատարած յարձակումով… Այդ գիշերը անոր խումբը այրելէ ազատած էր եօթանասուն ու հինգ աշակերտի: Այդ գիշերուայ անոր հսկայական շարժումները այնպէս մը դրոշմուած էին ներկայ եղողներու սիրտին եւ միտքին մէջ, որ յաւիտեան ջնջուելու չէր այդ յիշատակը անոնց յիշողութիւններէն: Այս հրդեհէն յետոյ բաւական նսեմացաւ Կաղ Մքոյի աստղը:
Բայց եւ այնպէս, Կաղ Մքոյի քունը կը փախէր, երբ Կարճ Նազարը իրմէ կանուխ օգնութեան կը հասնէր հրդեհուած տունի մը: Կարճ Նազարը նոյնպէս հանգիստը կը կորսնցնէր, երբ կը պատմէին Կաղ Մքոյի որեւէ նոր քաջագործութեան մասին՝ հրդեհի մը ընթացքին: Բացի այս, Սէլամսըզ թաղը կպած էր Ենիմէհլէին, այնպէս որ Կարճ Նազարը եւ Կաղ Մքոն Ենիմէհլէէն անդամներ ունէին եւ որովհետեւ թուլումպաճիներու գործունէութիւնը սահմանափակուած չէր միայն իրենց թաղերով, այլ ազատ, որ մէկը կարող էր, առաջին անգամ կը մտնէր հրդեհուած փողոցը եւ գործի ձեռնամուխ կ՚ըլլար, միւսն ալ կը հասնէր օգնութեան, այդ պատճառով անդադար մէկը միւսէն առաջնութիւնը խլելով, կը կատղեցնէին խմբապետները:
Այս բարի նախանձը օրէ օր կը սաստկանար եւ ատելութեան կը փոխուէր: Սկիզբը երկուքն ալ սառնարիւն կը քննէին գործը, որովհետեւ երկուքի նպատակն ալ միեւնոյն էր, այսինքն իրենց թաղեցիներու եւ դրացի բնակիչներուն օգնութեան հասնիլ հրդեհներու ժամանակ, կը ջանային ձեւով մը միանալ: Այդ բանը կը պահանջէին թուլումպաճիները եւ նոյնիսկ թաղեցիները, բայց այդ միութեան ձգտումն է, որ ա՛լ աւելի կը հեռացնէր անոնց, որովհետեւ հասարակական գործը այդտեղ կը զոհուէր անձնականին: Խմբապետները երկուքն ալ կը փափաքէին իրենց առաջաւորութիւնները պահպանել եւ այնքան մեծ էր անոնց ես-ը, որ անոնցմէ ոչ մէկը չէր զիջեր:
Կաղ Մքոն միշտ կը կրկնէր իր շրջանի թուլումպաճիներուն.
-Եղբայր, այնքա՜ն տարուայ աշխատանքներս տանինք ծովը թափենք: Այդ փափկասուն աղայական զաւակը թուլումպաճիութիւն պիտի ընէ, մենք ալ պիտի տեսնանք: Թող երթայ իր «Տիեզերք»ը խմբագրէ եւ ոտանաւորներ գրէ: Ի՜նչ գործ ունի կոշտ եւ կոպիտ թուլումպաճիներուն հետ: Ան տակաւին երեխայ է, անոր ընկերները խակ մարդիկ են, ան իսկական հրդեհ դեռ տեսած չէ, տկար կրակներու մէջ կը մտնէ, կը կարծէ՝ մեծ բան կ՚ընէ: Ես կը կարծեմ, որ օր մը, մեծ կրակի մը ժամանակ, իր անխելք ընթացքով, խումբը կրակի մէջ պիտի ձգէ, գուցէ ինքն ալ մէջը մնայ…
Հայրական կարողութիւնը ուտել, Եւրոպայի մէջ ուսում ստանալ եւ կալուածներու եկամուտներով մարդիկ պահել՝ մեծ հայրս ալ կարող է, թող ժողովրդականութիւն գտնէ եւ ժողովուրդի օգնութեամբ ձեռք բերէ իրեն համար կարեւոր գործիքները, այն ժամանակ ես կը խոնարհիմ անոր առջեւ, ես ալ անոր կը հնազանդիմ:
-Մենք աղաներուն հետ գործ չունինք, ստրկանալ չենք գիտեր, -կը գոռային Կաղ Մքոյի խումբի գլխաւոր անդամները,- մենք ազատ-անկախ գործած ենք ամենայետին մշակի, ձկնորսի ու կօշկակարի հետ: Իսկական թուլումպաճիները մերկ սրունքով, բոբլիկ քալողներն են:
-Մեզի հետ է, -կ՚ըսէր Կաղ Մքոն լուրջ նայուածքով,- թաղի բժիշկը՝ ամենքին յայտնի պր. Մսըրլեանը, մեզի հետ է թաղական խորհուրդը, որը միշտ բացած է Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ջրամբարները մեր խումբին առջեւ՝ հրդեհներու ժամանակ, մեզի հետ են երկու թաղի ալ ամենախոհուն, ամենահարուստ կալուածատէրերը, որոնց յարգանքը միշտ վայելած ենք: Վերջապէս մեզի հետ է ամբոխը, արհեստաւորները: Եթէ այդպիսի ուժեր ունինք, մենք միշտ անկախ կարող ենք գործել եւ կարիք չունինք ենիմէհլէցիներու միութեանը: Թող Կարճ Նազարը քիչ մը թռչկոտէ այս ու այն կողմ, մինչեւ որ քիչ մը թեթեւնայ քսակը, վերջը դարձեալ մերն է, մենք պիտի յաղթանակենք, քանի որ ժողովուրդը մեր թուլումպաճիները աւելի կը սիրէ:
Բայց եւ այնպէս, Կաղ Մքոն ալ, ընկերներն ալ, կը տեսնէին, որ օր օրի աւելի կ՚ընդարձակուէր Կարճ Նազարի խումբը, որու անդամները աւելի ուժեղ, աւելի վիթխարի մարդիկ էին: Տակաւին այս բաւական չէր, Կարճ Նազարը միացած էր Վանքի-Պաղի՝ յոյն, Գուզղունճուգի՝ հրեայ, Իճատիէի՝ հայ, Պաղշար-Պաշիի արնաւուտ թուլումպաճիներուն հետ, որոնք բոլորը զատ յարգանքով կը վերաբերվէին Կարճ Նազարին հետ եւ հրդեհներու ժամանակ ոչ միայն իսկութեամբ օգնութեան կը հասնէին իրարու, այլ կը հպատակուէին Կարճ Նազարի կարգադրութիւններուն: Այդ բոլորը կը կատղեցնէր Կաղ Մքոյին, մանաւանդ որ իր խումբէն ալ, քանի մը մարդիկ, իր հետ կռուելով՝ արդէն ձգած անցած էին Կարճ Նազարի խումբը:
Այս միջոցին Պոլիս գաղթած էին Մշոյ դաշտէն երեսուն ընտանիք, որոնց աննկարագրելի թշուառ վիճակէն խղճահարուած՝ պատրիարքարանը կարգադրած էր, որ Ջանիկ ամիրայի շինել տուած նախկին ճեմարանին մէջ, որը կը գտնուէր Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մօտ, տեղաւորել այդ թշուառները, մինչ գումար մը հաւաքելով, ատոնք կրկին հայրենիք վերադարձնեն: Այս ճեմարանը, որ տասնեակ տարի ալ գոյութիւն չէր ունեցած եւ քառասնական թուականներէն փակուած էր, դարձած էր տեսակ մը ազգային հիւանդանոց, կամ իսկեւիսկ տեսակ մը գերեզմանոց: Այդ եռայարկ մեծ շինութենէն միայն չորս-հինգ սենեակ յատկացուած էր թաղի վարժարանի համար, մնացեալ մեծ մասը միշտ դատարկ էր, միայն աղէտներէն յետոյ, երբեմն-երբեմն այդտեղ ժողովուրդը ժամանակ առ ժամանակ կը պատսպարուէր: Այնքան կարկտանի կարօտ էր, որ կարելի չէր այդտեղ երկար բնակիլ: Քանի մը սենեակներու մէջ մշտապէս կը բնակէին ամենաթշուառ ընտանիքներ, մէկ երկու սենեակ վերին յարկին մէջ թաղական խորհուրդը պատրաստած էր փիլիսոփայ պր. Միսաքեանի համար, որը ժլատ սեղանաւորի նման, իր անբաժան ահագին օտար լեզուով գրադարանէն ոչ ինք կ՚օգտուէր, ոչ ալ ուրիշները կը ձգէր օգտուելու: Միւս սենեակներու մէջ ալ զառամեալ անտէր մուրացիկներ, ժողովուրդի ողորմութեան կամ մահուան հրեշտակին կը սպասէին:
Կարճ Նազարը, որ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամ էր, ինքն անձամբ զետեղեց թշուառ գաղթականները ճեմարանի սենեակներուն մէջ, իր գրպանէն վճարելով գնեց կենսական պիտոյքներ:
Նոյն գիշեր իր մօտ հրաւիրելով իր եւ իր դրացի թուլումպաճիներու խումբերու առաջնորդները, նշանաւորներուն խնդրեց, որ իրեն աջակցին, քիչ մը դրամ հաւաքելով այդ թշուառներու վիճակը բարւոքել: Թէեւ Կաղ Մքոն ալ հրաւիրուած էր, բայց ան մերժեց այդ հրաւէրը, ու ինք անձամբ իր թուլումպաճիները հրաւիրեց խորհուրդի, միեւնոյն ճեմարանին մէջ ապաստանած տառապեալներուն օգնելու համար: Այնպէս որ երկու խումբն ալ միասին սկսան օգնութեան հասնիլ թշուառներուն:
Կարճ Նազարը, երբ հետեւալ օրը արհեստաւորներ բերած կարկատել կու տար, որ կողմը կը դառնար՝ նորոգութեան կարօտ կը գտնէր, ըսաւ իր միտքին մէջ՝ թէ ամէն կողմ խարխլած է, այնքան ծախս կ՚երթայ նորոգելու համար, որ այդ գումարով աւելի հեշտ կ՚ըլլայ հիմքէն քանդել եւ նորէն շինել այս ճեմարանը:
Կաղ Մքոն նոյն գիշեր գաղթականներուն հագուստ եւ ճերմկեղէն բաժնելու ընթացքին, որոնք հաւքած էր թաղեցիներէն, ըսաւ ընկերներուն.
-Ահա «Նոր Հայաստան» կայտառ երեխաներ, վիթխարի եւ հաստաբազուկ տղամարդիկ, գեղեցիկ աչքերով, կարմիր այտերով կիներ եւ պառաւներ, աղքատութիւն, մերկութիւն ամէն կողմ, յուսահատութիւն բոլորի աչքերու մէջ եւ սիրտի խորքերը: Բայց եւ այնպէս, այս ջլոտ սրունքները, այս լայն կուրծքերը, այս հաստ ոսկորները, այս պինդ ուսերը մեզ՝ թուլումպաճիներուս համար շատ նախանձելի են, ես ասոնց կը քաշեմ դէպի մեր ջրհանները: Հարկաւոր է ասոնք մարդ շինել, աներկիւղ թուլումպաճիներ, որ համարձակ մտնեն հրդեհի բոցերու մէջ:
-Դուն մի՛ վախնար, էֆէնտի, համալն ու մշակը գործէն չեն փախչիր, դուն մեզ բան տուր,- ըսաւ երիտասարդ մը, որ ինչպէս կ՚երեւէր՝ եղած էր մեծ քաղաքներու մէջ եւ կռնակը վարժ էր ծանր հակեր կրելու:
Կարծրամարմին մշեցիներէն մէկ մասը մտաւ Կաղ Մքոյի խումբը, միւսը՝ Կարճ Նազարի: Որովհետեւ հայրենիքէն հալածուածները երկու խումբէն ալ անվերջ բարիքներ վայելած էին, այդ պատճառով դէպի երկուքն ալ կը տածէին անկեղծ յարգանք: Կաղ Մքոյի նախագուշակութիւնը արդարացուցին աւերակ ճեմարանի թշուառ բնակիչները եւ մերկասրունք սկիւտարցի թուլումպաճիները սկսան յարգել իրենց վախկոտ եւ անսիրտ համարած ընկերակիցներուն: Մշեցի գաղթականներու՝ հրդեհներու ժամանակ տարած յաղթանակներէն սքանչացած՝ Կաղ Մքոն եւ Կարճ Նազարը սկսան ձեռքէ ձեռք խլել նորավարժ թուլումպաճիները: Արդէն դրացի բոլոր թուլումպաճիներու խումբերը, թէեւ նախանձելով, բայց անկեղծ կը խոստովանէին գաղթական թուլումպաճիներու մեծ յաջողութիւնները եւ այդ բոլորը կը վերագրէին Կարճ Նազարի ժրաջան աշխատասիրութեան: Կաղ Մքոն աւելի ու աւելի կը կատղէր այդ բանը լսելով, այնպէս որ ան ալ չկարողացաւ զայրոյթը զսպել: Մէկ անգամ ան Ս. Խաչ եկեղեցւոյ բակը, ըսաւ պառաւ կնոջ մը, որ Սէլամսըզի թուլումպաճիներն ալ պիտի չօգնեն անոնց, հագուելիք եւ վառելիք չեն տար, քանի որ անոնց որդիքը, անոնց խումբը ձգելով, անցած են Կարճ Նազարի թուլումպաճիներու շրջանը:
Այս բանի վրայ կատաղեց պառաւը եւ ըսաւ.
-Ատանկ է, ուրեմն դուք մեզի մեր խեղճութեան եւ աղքատութեան համար չէ, որ կ՚օգնէք, այլ՝ ուսերուն: Լաւ, մենք ա՛լ չենք ուզեր ձեր օգնութիւնը: Ասկէ ետք մենք ալ ձեր դուռը չենք գար ողորմութեան, մեր տարտը կու լանք Կարճ Նազարի թուլումպաճիներուն:
Պառաւը իր յամառութեամբ կարողացաւ դրացիներէն շատերն ալ քաշել Կարճ Նազարին կողմը: Կաղ Մքոյի թուլումպաճիներու խումբը աստիճանաբար թուլցաւ, երբ մշեցիներու մեծ մասը հեռացաւ: Աւելի կը խորշէին անկէ, երբ հրդեհներու ժամանակ իր կատարած սխալները յանձն չէր առներ:
Այդ միջոցին երեք չորս ամիսով հիւանդացաւ Կաղ Մքոն եւ չկարողանալով դիմադրել ընկերներուն, Սէլամսըզի թուլումպաճիներուն խմբապետութեան պաշտօնը յանձնեց Լալ Մարգարին՝ իր ամենահպատակ ընկերոջը: Խմբապետէն դժգոհ թուլումպաճիները կարծեցին, որ այժմ հնարաւոր կ՚ըլլայ հաշտուիլ Կարճ Նազարին հետ, բայց Լալ Մարգարը առանց Կաղ Մքոյի խորհուրդի՝ քայլ իսկ չէր ըներ…
Այն ինչ, Կարճ Նազարը կը տիրապետէր թաղերուն, գնդակի պէս կը հասնէր ամէն կողմ, առանց դժուարութեան կը հանգեցնէր հրդեհուած տուները, կ՚օգնէր թշուառներուն եւ դէպի իրեն կը գրաւէր ժողովուրդի սիրտը: «Տիեզերք»ի, ուրիշ լրագիրներու մէջ ամէն մարդ կը կարդար անոր եւ անոր թուլումպաճիներու քաջասրտութեան եւ արիականութեան նկարագրութիւնը… Պոլսոյ ամէն շրջանի մէջ, ամէն թուլումպաճիներու օճախին մէջ նսեմացաւ Կաղ Մքոյի անունը, որը ժամանակ մը ամէն տեղ խօսակցութեան հերոս էր:
Օր մը, Կաղ Մքոն, տակաւին նոր կազդուրուած, կարդաց հետեւեալ լուրը. «Ինչպէս կը լսենք, «Տիեզերք» լրագրի մեծանուն խմբագիրը վերջերս նոր հասարակական ձեռնարկութեամբ անմահացուցած է իր անունը: Պարոնը Պաղլար-Պաշի ունեցած մեծ այգին եւ մէջը գտնուած երկյարկանի մեծ տունը նուիրած է որբանոցին, որը բացուած է աղէտներէ վնասուած անտէր այրիներու եւ որբերու համար»:
-Կովե՛ր, ոչխարներ, ան այդ ընելով կ՚ուզէ կուռք դառնալ ու ձեզմէ պաշտուիլ,- ըսաւ կատացած Կաղ Մքոն,- եւ դուք յափշտակուած տակաւին կը խնկարկէք այդ խորամանկ դերասանը…
Այդ միջոցին ցրուիչը դուռը բացաւ եւ «Արեւելք» թերթ մը տալով արագ-արագ նաեւ միւս լրագիրներուն անունները արտասանեց…
Կաղ Մքոն սկսաւ աչքէ անցընել «Արեւելք»ը, յանկարծ կանգ առաւ եւ մռնչելով հետեւալ տողերը կարդաց.
«Ամսու 29-ին Գատըգիւղի յոյն եւ հայ թուլումպաճիները, իրենց Սկիւտարի արհեստակիցներու պատուին տուած ճաշկերոյթին, «Տիեզերք» լրագրի մեծ խմբագիրը ձայն խնդրելով ճառ մը խօսեցաւ: Ճառախօսը իրեն նիւթ ընտրած էր կապով մը միացնել Պոլսոյ բոլոր թուլումպաճիներուն խումբերը, որպէսզի ի հարկին, մեծամեծ աղէտներու ժամանակ, կարողանան զօրեղ ուժով դիմանալ: Մեծ ոգեւորութեամբ եւ ծափահարութիւններով ընդունուեցաւ ճառը եւ միաձայն վճռեցին յաջորդ ամսու մէկին հաւաքուիլ դարձեալ Գատը-գիւղ՝ ծրագիր կազմելու նպատակով»:
-Դարձեալ նոր խաղ մը, դարձեալ աչքակապութիւն…
Քիչ յետոյ գրիչը առաւ եւ հրաւիրագիր մը գրեց ժողովի համար, որուն տակ տասն անուն նշանակելէ յետոյ սկսաւ մտածել: Վերջապէս ան վաթսուն, եօթանասուն անուն գրեց եւ վարժատան ծառային տալով պատուիրեց, որ մինչեւ իրիկուն ամէնքին տանի, ստորագրել տայ, որպէսզի անպատճառ գիշերը ժողովի գան:
Իրիկուան ժամը ութին, ամենէն առաջ ժողովի եկաւ Լալ Մարգարը: Կաղ Մքոն կը սպասէր անհամբեր, ականջ կը դնէր, բայց ո՛չ եկող կար, ո՛չ ալ դուռը բախող: Կատղած էր, չէր գիտեր ինչ խօսքերով հայհոյել դաւաճան ընկերներուն: Վերջապէս ժամը իննի մօտերը եկան Մարտիրոսն ու Մանուկը: Չորս հոգիով ժողով ըրին:
-Եանկուն վա՜ր, եանկուն վա՜ր հրդեհ կայ,- յանկարծ սկսան պոռալ փողոցը:
-Մարտիրոս, իջիր, գիտցիր ո՞ւր է,- ըսաւ Կաղ Մքոն:
Մունետիկը կը պոռար փողոցները:
-Ճեմարանը կրակ ինկած եւ սոսկալի կերպով տարածուած է,- ըսաւ հեւալով Մարգարը՝ սանդուխներէն բարձրանալով:
-Երթա՛նք,- ըսաւ Մանուկը:
-Ո՞ւր երթանք, ո՞ւր կը վազէք,- զայրալի ըսաւ Կաղ Մքոն,- տեղդ ծանր կեցիր, հիմա Կարճ Նազարի տղաները ամէն կողմէ թափուած կ՚ըլլան: Անոնք մշեցիներու, ձկնորսներու հետ իրենց թաղին մէջ չեն ձգեր որ դուք երեք հոգիով քաջագործութիւն ընէք…
-Մարգար աղբա՛ր, թէզ, երթանք, թուլումպաները տուր, մեր տղաքը, ճզեր մեր մանր ու խոշորը վառեցան:
-Տղա՛յ Գալօ, այդ ո՞ւր է ձեր ռէիս Կօլատ Նազար, ո՞ւր են ձեր թուլումպաները,- ըսաւ Կաղ Մքոն եկողին:
-Վալլահ, վարժապետ, չեմ գիտեր, այդ խօսքերու վախտը չէ, թուլումպաները տուէք, Նազար էֆէնտին կ՚ըսեն ուռմըններու հետ խորհուրդի գացած է Ղադիքեէօյ, բալնիքներն ալ անոր ընկերներու ձեռն են, որոնք հետն են: Եկէ՛ք երթանք, ճամբէն կը խօսինք:
-Ահա տեսա՞ք ձեր րէիսն, մեզ թողիք, գացիք, հիմա ալ մեր ումուդին մնացիք: Մենք մարդ չունինք, ի՞նչ ընենք, ինչպէ՞ս ընենք:
-Ետեւ ալ կ՚ըսեն Կօլատ Նազարի մարդիկը հանգեցուցին կրակը,- ըսաւ Կաղ Մքոն:
-Աստուծոյ սիրուն, վարժապետ, ես կը պոռամ՝ Կաղ Մքոն իր թուլումպաներով մարեց կրակը, երթա՛նք:
Սկսան բոլորը միասին վազել: Բայց մինչեւ դուռերը բանալը, մինչեւ գործիքներու տալը, մինչեւ հորերէն ջուր քաշելը կրակը սաստկացաւ եւ ալ հանգեցնելու հնար չեղաւ: Հին շինութիւն, ներքին յարկի աղիւսի պատէն մինչեւ կտուրի կղմինտրը շինուած էր մարխոտ չամ փայտէ, որը չորցած էր եւ կ՚այրէր վառօդի նման: Մինչեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ բակէն թուլումպաները փոխադրեցին ճեմարանի բակը, մինչեւ Գատը-գիւղէն գիտցան ու օգնութեան հասան Կարճ Նազարի մարդիկը, շինութիւնը մոխիր դարձաւ եւ ներսի բնակիչներու մեծ մասը խանձուեցաւ այդ մոխիրի կոյտին տակ…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024