THE SHOW MUST GO ON (1)

Մշակոյթը տեւաբար մարդկային գործունէութեան հիմնական ու կենարար մասն է։ Մարդկութիւնը միշտ կարիքը զգացած է մշակոյթի, իսկ ընդհանուր մշակութային կեանքը անբաժան մասը եղած է ժողովուրդներու եւ հասարակութիւններու գործունէութեանց: Մշակոյթը թէ՛ կարիք եւ թէ կենսակերպ ըլլալու կողքին որեւէ ժողովուրդի համար այն զատորոշուելու, ինքնահաստատուելու եւ ինքնութիւն ձեռք ձգելու միջոցն է նոյնպէս: Մշակոյթը լայն հասկացողութիւն է եւ այդ մշտապէս ենթակայ է տուեալ ժամանակի մը նկարագրութեան ու արդիականութեան, որքան ալ որեւէ ազգային, շրջանային կամ ժողովրդային մշակոյթ կը համարուի, այսպէս ըսած, դասական, աւանդական կամ տիպօրինակական եւ այլն… Որեւէ մշակոյթ ակամայ կ՚ենթարկուի ֆիզիքական-շօշափելի առումով փոփոխութեան եւ անպայման ժամանակի շունչով կը ջանայ բանիլ ու ներկայանալ: Ժամանակի շունչ հասկացողութիւնն ալ պարզեցուած կարգով աշխարհի ղեկավարութիւնը ստանձնած երկրէն, հաւաքականութիւններէն կամ նուազագոյն պարագային կազմակերպութիւններէն կախեալ ու տարածուող արժէհամակարգ է: Մեր ներկայ բաց ու գերհամաշխարհայնացած ժամանակներուն մէջ մշակոյթը իր համընդհանուր դրսեւորմամբ սկսաւ սերտ փոխկապակցուիլ արհեստագիտական գործադրութիւններու հետ, իսկ արդի համաշխարհային մշակոյթը ամէն ժամանակէ աւելի ստացաւ կենցաղային ու ապրելակերպային ընթացք ու դրսեւորում: Տեղական, ազգային մշակոյթները բաց շուկայական յարաբերութիւններու մէջ վերածուեցան պարզ մրցակցական ալիքներու։ Մեծ համաշխարհային բեմին վրայ եւ նոյն այդ մշակոյթները, այսպէս ըսած, տարածող պետութիւնները նիւթական կարողութիւններու օգտագործումով ալ մտան մրցավազքերու մէջ՝ իրենց պատկանածը բանեցնելու, տարածելու, ըստ պատուէրի ստեղծելու կամ նոյնիսկ իւրացնելու ուրիշներու մշակոյթները: Այս մէկը թարգմանուեցաւ երկիրներու այսպէս ըսած՝ պիտակաւորումներով (branding), ինչ որ կը հետապնդէ տնտեսական շահ՝ զբօսաշրջութեան, երաժշտութեան, արուեստի եւ զանազան բնագաւառները գործի լծելով:

Արդի աշխարհը եթէ այսպէս կոչենք, ան ունի մէկ ու տարածուն ամենատեղ ու գերակայ ժողովրդային, տնտեսական ու կենցաղային մշակոյթ մը, որ այդ մէկը ամերիկեանն է:

Ամերիկեան մշակոյթը ամենահամաշխարհայնացածն է եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ չէ եղած նման շրջան մը, ուր երկրի մը մշակոյթը ո՛չ թէ պարտադրմամբ, այլեւ՝ ակամայ եւ նոյնիսկ տեղ մըն ալ ընտրովի տարածուած եւ գերակայ է: Ամերիկեան մշակոյթը եթէ փորձենք ձեւակերպել, դիւրութեամբ կը տեսնենք, որ այն անմիջական կեանքի եւ մեծ զուարճանքի, վայելք ապահովելու համար գործադրուած մեծ ու անվերջանալի հոսանքն է: Մարդիկ այս դարուս աւելի կը վայելեն քան նախկին ժամանակներուն, իսկ այդ մէկը ամերիկեան հասկացողութիւն է եւ Ամերիկային բերած արդէն իսկ փափաքելի-ձգտելի իւրայատկութիւնը մարդկային կեանքին մէջ: Ընկերային կեանքի մէջ միշտ կարիքը զգացուած է մեծ զուարճանքներու եւ անոնց ներկայացումներուն (the show must go on) եւ այդ ներկայացումները այլեւս տեղային չեն այլ միջազգային, իսկ միջազգային մեծ զուարճանքին այսպէս ըսած՝ ամենամեծ արտադրողը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն է:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024