Օմար Շերիֆի Մասին
Օմար Շերիֆի կորուստը մեծ է ո՛չ միայն եգիպտական շարժապատկերին համար, այլ նաեւ համայն աշխարհի շարժապատկերի սիրահարներուն համար: Ստորեւ կը ներկայացնենք տարբեր լրատուամիջոցներու արձագանգները անոր անձին, վաստակին ու գործունէութեան մասին:
«Կարտիըն» (Անգլիա)
«Օմար Շերիֆ. նուրբ դերասան մը, որուն հմայքը շփոթի մատնեց Հոլիվուտը» վերնագրին ներքեւ շարժապատկերի քննադատ Փիթըր Պրատշօ գրած է. «Հանգուցեալ դերասանը կրնար փայլուն Ճէյմս Պոնտ մը ըլլալ, եթէ միայն հիմնական շարժապատկեր պատրաստողները անոր հմտութիւնը գնահատելու ճաշակն ու երեւակայութիւնը ունեցած ըլլային»:
«Միրրըր» (Անգլիա)
«Շարժապատկերի առասպել, աշխարհի ամենէն մեծ դերասաններէն մէկը Օմար Շերիֆ… «Ծիծաղաշարժ աղջիկը» շարժապատկերին մէջ հրեայ Պարպարա Սթրէյզընտի կողքին յայտնուելով՝ դատապարտուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ, սակայն այսօր ատիկա կը նկատուի իր ամենէն ընտիր դերերէն մէկը»:
«Թելեկրաֆ» (Անգլիա)
«Յաջորդական շռայլ դիւցազներգական շարժապատկերներուն մէջ, որոնք երեւոյթը, տեսարանը աւելի կը կարեւորեն, քան կերպարներու ստեղծումը… Անթոնի Մաննի «Հռոմէական կայսրութեան անկումը» շարժապատկերին մէջ (1964)՝ իբրեւ արեւելեան թագաւոր եւ հայ ամուսինը Սոֆիա Լորէնի, որ մարմնաւորեց Հռոմի կայսեր դստեր դերը, (Օմար Շերիֆ) բերաւ քաղաքակրթութեան շող մը…»:
«Պի. Պի. Սի.»
«Տոքթոր Ժիվակօ»ի մէջ մարմնաւորեց բժիշկին դերը: Դերասանը ամէն օր կ՚ենթարկուէր երկարատեւ դիմայարդարումի, ծպտումի, որպէսզի ծածկուի իր եգիպտական տեսքը, եւ աւելի վերջ պիտի խոստովանէր, թէ ժապաւէնին պատճառով քիչ մնացած է, որ ջղային խանգարում ունենայ»:
«Սի. Էն. Էն.»
«Ասպարէզին սկզբնաւորութեան, Շերիֆ իր մութ գոյն աչքերով, վայելուչ կեցուածքով եւ տարաշխարհիկ առոգանութեամբ կը նկատուէր երկրագունդի ամենէն աղուոր մարդոցմէ մէկը, անոր արտաքինը նոյնքան ուշադրութեան կ՚արժանանար, որքան դերասանական ունակութիւնը»:
«Ֆրանս 24»
«Թէեւ Շերիֆ բնաւ չհասաւ կրկին այդ յաջողութեան, ան բազմաթիւ տարիներ մնաց փնտռուած դերասանը, որովհետեւ ատակ էր մարմնաւորելու տարբեր ազգութիւններ՝ շնորհիւ սահուն արաբերէնին, անգլերէնին, ֆրանսերէնին, յունարէնին, իտալերէնին եւ սպաներէնին: Ան Արժանթին ծնած յեղափոխական Էրնեսթօ «Չէ» Կէվարան էր «Չէ»ին մէջ, իտալացի Մարքօ Փոլոն՝ «Մարքօ Սքանչելի»ին մէջ եւ մոնկոլ առաջնորդ Ճենկիզ Խան՝ համանուն ժապաւէնին մէջ: Ան գերմանացի զինուորական էր «Զօրավարներու գիշերը» շարժանկարին մէջ, աւստրիացի իշխան՝ «Մայերլինկ»ին մէջ եւ մեքսիկացի յանցագործ՝ «Մաքեննայի ոսկին» ժապաւէնին մէջ: Ան նաեւ բախտախաղի մոլի հրեայ Նիք Արնսթէյնն էր «Ծիծաղաշարժ աղջիկը» շարժապատկերին մէջ…»:
«Ժազիրա»
2007-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Շերիֆ ըսած է. «Իմ կեանքիս մէջ ես միշտ շատ բախտաւոր եղած եմ, նոյնիսկ «Արաբիոյ Լորանս»ին համար, ես չպահանջեցի միջազգային դերասան մը ըլլալ: Ամերիկա երթալը եւ հռչակաւոր ըլլալը ինծի փառք տուաւ, սակայն նաեւ առանձնութիւն տուաւ, ես շատ կարօտցայ հայրենիքս, ժողովուրդս եւ ընտանիքս»:
«Լիպերասիոն» (Ֆրանսա)
«… Օմար Շերիֆ՝ շարժապատկերի առասպելը…»:
«Լիւ Փուան» (Ֆրանսա)
«Ցտեսութիւն, տոքթոր Ժիվակօ»
«Բազմաթիւ լեզուներ իմացող Օմար Շերիֆ ապրած է յատկապէս Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իտալիոյ մէջ: Սակայն, դերասանը, որ զուարթախոհ էր, կը նախընտրէր ապրիլ «թափառաշրջիկ»ի մը կեանքը: «Ես աշխարհի միակ դերասանն եմ, որ օտար եմ ամէն տեղ: Ունէի ճամբորդական պայուսակս, կը մնայի «շքեղ» պանդոկներու մէջ՝ իբրեւ «հիւր», կը պատմէր դերասանը:
Լիւ Փարիզիէն (Ֆրանսա)
«Օմար Շերիֆ կը դառնայ միջազգային իսկական աստղ «Արաբիոյ Լորենս»էն ետք (1962), որուն շնորհիւ կը տիրանայ երկրորդական դերի լաւագոյն «Կոլտըն կլոպ»ի մրցանակին: 2003-ին, Վենետիկի շարժանկարի փառատօնին կը պարգեւատրուի «Ոսկէ առիւծ» մրցանակով իր ամբողջ վաստակին համար: 2004-ին կը ստանայ լաւագոյն դերասանի ֆրանսական «Սեզար»ը՝ «Պարոն Իպրահիմ եւ Քուրանի ծաղիկները» ժապաւէնին համար:
A1plus.am (Հայաստան)
«Մահացած է Օմար Շերիֆը. «Մայրիկ»ին հայրիկը» վերնագրով յօդուածին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «83 տարեկանին մահացաւ եգիպտացի նշանաւոր դերասան Օմար Շերիֆը՝ «Կոլտըն կլոպ»ի շարժապատկերի մրցանակի եռակի դափնեկիրը…:
«Ալ Ահրամ» (Եգիպտոս)
Զահի Հաուազ (Հնագիտական հարցերու նախկին նախարար)
«Ան իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն էր, որ ատելութիւն չէր գիտեր, նախանձոտ չէր, եւ ոչ ոքի չարիք կը կամենար: Ան թշնամիներ չունէր եւ խուսափած էր անհատական պայքարներէ: Ուզածին պէս ապրեցաւ կեանքը, հակառակ բազմաթիւ համակիրներ ունենալուն, առանձին մնաց իր անձին եւ իր արուեստին հետ… Կը հաւատամ, որ ան համբաւի տիրացաւ, որովհետեւ արեւմտականացած չէր: Օմարին աչքերուն մէջ եւ դէմքին վրայ դուք տակաւին կը տեսնէիք փարաւոններու լոյսը, եւ ասոր համար կիները սիրահարեցան անոր»:
«Ազգային Հանրային ձայնասփիւռի կայան» (Եգիպտոս)
Ձայնասփռուած զրոյցի ընթացքին լիբանանցի դերասանուհի Մատլէն Թապար ըսաւ. «Օմար Շերիֆ երազը կ՛իրականացնէ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛երազէ միջազգային շարժապատկեր, Հոլիվուտի մէջ եւ Օմար Շերիֆի պէս աստղ ըլլալ:… Եգիպտոսի մէջ շատերու համար Շերիֆ կը ներկայացնէր անցեալ ժամանակաշրջան մը, երբ սեւ-սպիտակ ժապաւէնները կը ցուցադրուէին Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ` իբրեւ փայլատակող բազմազգեան քաղաքներ, երբ Եգիպտոսը շրջանի մշակութային մայրաքաղաքն էր»:
Նայլա Համտի (Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանի լրագրողական եւ հաղորդակցութեանց բաժանմունքի տնօրէն)
«Օմար Շերիֆի այդ Եգիպտոսը անկրկնելի պիտի մնայ: Շերիֆ համբաւաւոր դարձաւ եգիպտական շարժապատկերի ոսկեդարուն` 1950-ականներուն, դերեր ստանձնելով դասական սեւ-սպիտակ ժապաւէններու մէջ, որոնք ներկայացուցին բազմամշակութային, հարուստ քաղաքակրթական, ինչպէս նաեւ դիւթիչ ժամանակաշրջան մը: Ան ինծի համար կը ներկայացնէ տարբեր տեսակի ազգային խմբաւորումներ, որոնք այդ ատեն գոյութիւն ունէին Եգիպտոսի մէջ…»:
Սամիր Սապրի (դերասան, պատկերասփիւռի հաղորդավար)
«Ընկերս` Օմար Շերիֆ, վերջին հարցազրոյցին մէջ ինծի ըսաւ. «Ես վերադարձայ Եգիպտոս, մեռնելու համար Եգիպտոսի մէջ: Ես 83 հազար տարի ապրեցայ: Իւրաքանչիւր տարի հազար տարի էր իմ կեանքիս մէջ»: Ան մեծ մարդ էր: Մեծ է կորուստը»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ