«ՍՓԻՒՌՔԸ ԻՐ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐՈՎ»

Որքան այժմէական կը հնչեն սփիւռքահայ երախտարժան գրող եւ մտաւորական Վահէ Օշականի այն դիտարկումները, որոնք կը խօսին, կը ներկայացնեն ու հանրութեան կը պատմեն սփիւռքի հարցերուն, անոր ապրած հոլովոյթին ու վաղուան առընթեր սփիւռքահայութեան անորոշութիւններուն մասին։

Ճիշդ է, որ յօդուածը երկար տարիներու վաղեմութիւն չունի եւ ընդամէնը 28 տարեկան է, բայց եւ այնպէս, այնտեղ արծարծուած մտքերն ու տագնապները գրեթէ նոյնն են։ «Նոյնն են» ըսելով, անշուշտ, պէտք է հասկնալ, որ մեր իրականութեան մէջ շատ բան չէ փոխուած, լուծումներ չեն բերուած, կողմնորոշումներու եւ ուղղութիւններու մասին յստակ արեւելումներ չեն մշակուած, հետեւաբար նաեւ «տնային աշխատանք» չէ կատարուած։

Բաց աստի, եթէ վաղ 90-ականներուն սփիւռքի համար Հայաստանը կայմ մըն էր նոր ուղղութիւններով յառաջ երթալու, այսօր այդ կայմը խարխլուած է…։ Եւ առհասարակ այդ խարխլումին հետեւանքով է նաեւ, որ դարձեալ վեր բարձրացած է ամեհի խնդիր մը, որ խորքին մէջ լուռ պայքար մըն է Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ։ Պայքար բառը պէտք չէ ընկալել՝ որպէս հակադրութիւն կամ տեսակէտներու ու կենսակերպի տարբերութիւններէն ծնունդ առած տարակարծութեան «հաւաքագրում», այլ պէտք է հասկնալ գոյութեան պայքար։

Անցեալին սփիւռքը կ՚ապրէր իր գոյութիւնը պահելու, իր ինքնութիւնը կենսաւորելու պայքարով, աւելի ուշ Հայաստանի անկախութեան կերտումով սփիւռքը շրջանի մը համար (երեւի մինչեւ 2020 թուականի պատերազմն ու անոր հետեւանքով երեւելի դարձած պարտութիւնը) կ՚ապրէր յենարան դարձնելով Հայաստանն ու Արցախը իր գոյակցութեան եւ ապրելու իմաստին։ Իսկ այսօր, ահա՛, կը բացուի նոր փուլ մը, ուր արդէն երեւելի կը դառնայ պայքարի նոր իմաստ մը, նոր տեսակ մը, որ ձեւով մը նոյն՝ Վահէ Օշականին բերնէն արձակուած «Դէպի սփիւռք» վերաիմաստաւորումն է։ Այսինքն ապրիլ՝ պահելու համար ինքնութիւնը ու այդ ինքնութեան մէջ խառնել պարտուած Հայաստանի վիճակը կամ ներկայանալ պայքարի մը շեշտադրումներով, որոնք կը խօսին այսօրուան Հայաստանը ամէն գնով պահելու, բայց եւ այնպէս, սփիւռքեան գաղութներուն նոր կենսաւիշ մը տալու հիմունքներով։

Անշուշտ, ինչպէս միշտ, այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ կը հնչէ Կոստան Զարեանի մէկ հերոսին կողմէ բարձրաձայնուած ահազանգը, ուր ան կը բացագանչէ. «Հայոց ազգը, պարոն նաւապետ, կորցրել է ճանապարհը եւ պահել է միայն սովորութիւնները. կորցրել է Ոգին եւ պահել է ձեւը. Մենք պարտուած ենք»։ Ու եթէ ճիշդը կ՚ուզենք, սփիւռքի համար ալ քննութեան ժամը հիմա է. այն իմաստով, որ անցեալ երեսուն տարիներու ընթացքին Հայաստանի ընդհանուր պատկերին անլուրջ եւ խորագէտ հայեացքով սփիւռքի ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը կանգնած է պարտութեան դառն միրգահիւթը խմելու փորձութեան առջեւ։

Անշուշտ, այստեղ սփիւռքը կրնայ առարկել, որ այո՛, «մենք մասնակից էինք Հայաստանի կեանքի տարբեր շերտերուն, բայց որոշող չէինք», աւելի սփիւռքին տրուած էր Հայաստանի «շքեղանքն ու հանդէսները» վայելելու ամէն պատեհութիւն, բայց նոյն սփիւռքը բացակայ էր վճռական որոշումներու, անվտանգութեան խնդիրներու, խնդրառումներու, կենաւորող եւ նոր աւիշ տուող ոչ-պարագայական որոշումներու խմորման գործին մէջ։ Եղածը «ազգային ուրախութեան» մը մնացորդացն էր, տարին հեղ մը Հայաստան այցելել, հասնիլ Ծիծեռնակաբերդ եւ Շուշի ու այցելութեան աւարտին ալ յանուն «համայնքային կարիքներու» լուսանկարներու շարք մը առնել ու մաքուր գրիչով փայլուն չէք մը թողնել «առ որ անկ է» փայլուն ծածկոց ունեցող սեղանին։

Այդպէս ապրեցաւ սփիւռքը «իր Հայաստանին» հետ, որ առիթ անգամ չուզեց տալ, որպէսզի «յոգնած ու պարտասուն» Հայաստանի արեւներն ու Արարատի շէնշող տեսարանը վայելելու համար Հայաստան ժամանած նոյն սփիւռքահայերը մտածելու առիթ ունենան, ի վերջոյ փորձ մը բերեն, պատմեն իրենց տեսածներուն ու Հայաստան աշխարհի շուրջ շատ արագ ու յաճախ տարերային փոփոխութիւններուն մասին։

Այս բոլորը անցեալին կը պատկանին, իսկ այսօր ցաւալիօրէն այդ անցեալը տակաւին կը շարունակուի մասնաւորապէս սփիւռքի մէջ։ Օրինակները շատ են ու յաճախ «աչք ծակող», օրինակները ցաւոտ են ու հիսաթափեցնող եւ, անշուշտ, երբեք չէ բացառուած, որ նոյնիսկ այս գրութեան հրապարակումէն ետք այդ վիճակները շարունակուին ու… շարունակուին։

Անշուշտ, այսօրուայ տրամադրութիւններու հիմքն է, որ սփիւռքը պիտի սնանի ու աճի՝ յենարան ընդունելով Հայաստանի վիշտը, որ այս ժամանակներուն կը կոչուի «Արցախի վիշտ»։ Ի հարկէ, ո՛վ դէմ պիտի ըլլար, եթէ սփիւռքը ճիշդ քայլեր առնէր կամ առնուազն փորձէր ընել ապահովելու համար (յոռեգոյն պարագային) արցախցիներու գոյութեան շարունակութիւնը իրենց պապենական հողին վրայ, բայց, ըստ երեւոյթին, թիրախայինը այդ չէր։

Թիրախայինը այսօրն էր, սփիւռքի այսօրը, որ պիտի շարունակէ «աճիլ ու արարել» Հայաստանի վիշտով կամ այդ մեծ վիշտը խանձարուրի վերածելով։ Բոլոր փուլերուն ալ այսպէս եղած է, բոլոր փուլերուն ալ այս հարցումները հնչած են ու տխուրը այն է, որ սփիւռքով մէկ նոյնիսկ յառաջապահ եւ արդիական մօտեցումներով օժտուած մտաւորականութիւնը (երեւի պէտք է գրէի նոյնիսկ մտաւորականութիւն կոչուածը) պատրաստ է հասնիլ այդ «ցաւագին» թերափիին։ Օրինակ՝ ութ եւ աւելի ամիսներ պարզապէս դիտել, թէ ինչպէ՛ս Արցախը օրն ի բուն սովահարութեան վիճակի մը կը մօտենայ եւ միայն Արցախի անկումէն ու հայաթափումէն ետք գիտաժողովներ կազմակերպել ու խօսիլ Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան մասին։

Պատկերը այսօր այսպիսին է ու այս բոլորին առընթեր աւելի քան յստակ է, որ տակաւին լուրջ առիթներ կան ինքնաքննութեան, բաց սրտով, բաց էութեամբ եւ անկեղծ հայեացքներով խօսելու ու խոստովանելու, որ իսկապէս ի՞նչ է սփիւռքի ուզածը։ Ի՞նչ են սփիւռքահայերու ընկալումները եւ ի վերջոյ ի՞նչ ու ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Հայաստան-սփիւռք «սահմանագծումները»։ Հաւաքական եսի բացակայութեան պայմանները շատ թանկ կրնան նստիլ մեր վրայ, իսկ անհատական ճիգերն ու կոչերը շատ աղքատ փորձ պիտի սեպուին մեր հայրենիքի կայունութեան ճամբուն վրայ։

Նախքան Վահէ Օշականի յօդուածին մէջ խորանալու, դարձեալ կը հնչէ մեծ հարցումը, թէ իրօք ի՞նչ է սփիւռքի ուզածն ու յանուն ինչի՞ պիտի պայքարի ամէն օր ինքզինք փորձարկող այս սփիւռքը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք 1996 թուականին Վահէ Օշականի «Բազմավէպ»ին մէջ հրատարակուած «Հայ սփիւռքը իր հարցականներով» յօդուածին ամբողջութիւնը։

*

Անկախ Հայաստանի մը յանկարծական ծնունդը քանի մը կարեւոր ազդեցութիւններ ունեցաւ սփիւռքի վրայ: Նախ, գոցեց անոր սահմանները, ներսէն ու դուրսէն: Այսինքն, սփիւռքը իր դիմացը կը գտնէ միջազգային օրէնքով վաւերացուած Հայաստան մը եւ ուրեմն ինքն ալ, իր կարգին, պարտի սահման գծել իր շուրջ, իր ինքնութիւնը յայտնել Հայաստանին ու աշխարհին: Ասիկա կը նշանակէ ներքին սահմաններու ալ փնտռտուք մը, նոր յղացքներու, նոր բառամթերքի մը գործածութիւնը: Եւ նոր ինքնութեան մը որոնումը:

Այս իմաստով էր որ Հայաստանի անկախացումը երկրաշարժի մը տպաւորութիւնը ըրաւ սփիւռքի մէջ: Շատեր, տարուած տասնամեակներու մերժումի եւ հակամարտութեան թմրեցուցիչ մտայնութենէն, չանդրադարձան եղելութեան ու շարունակեցին իբրեւ թէ ոչինչ փոխուած էր: Ուրիշներ, շշմած ու կուրցած դէպքին հրաշքի համազօր շառայլէն՝ կորսնցուցին անհատական դատողութիւնը, կռնակ դարձուցին սփիւռքին եւ Համլինի մոգական սրնգահարէն հմայուած, կ՚երթան իրենց երջանիկ ճամբան: Եղան ուրիշներ նաեւ, որոնք զգացին յեղափոխական կացութիւնը ու կը ջանան յարմարիլ՝ նոր հարցումներ հարցնելով եւ սփիւռքեան նոր արեւելում մը, ինքնութիւն մը փնտռելով: Ի՞նչ տեսակ ազգ ենք մենք, ո՞ւր երթան սփիւռքն ու Հայաստան, առո՞ղջ է մեր մշակոյթը, ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ 21-րդ դարու սեմին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024