ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ընկերութիւնը «ընկերային արդարութիւն»ը կ՚ապահովէ, երբ կ՚իրականացնէ այն պայմանները՝ որոնք թոյլ կու տան համախմբումներուն եւ մարդոց իւրաքանչիւրին ստանալու ի՛նչ որ իրենց անկ է ըստ իրենց բնութեան եւ կոչումին։
Ընկերային արդարութիւնը զօդուած է «հասարակաց բարիք»ին եւ իշխանութեան գործադրութեան հետ։
Ընկերային արդարութիւնը կարելի չէ՛ ձեռք ձգել եթէ ոչ՝ մարդուն գերակայ արժանապատուութեան յարգանքով։ Մարդկային անձը կը ներկայացնէ վերջնագոյն նպատակը ընկերութեան՝ որ անոր համեմատ կարգաւորուած է։ Մարդկային արժանապատուութիւնը եւ յառաջմղումը յանձնուած է մարդուս Արարիչէն։ Մարդկային պատմութեան բոլոր պարագաներուն մէջ այր-մարդ եւ կին-մարդ՝ ամբողջովին անոր խստիւ պատասխանատու եւ պարտապան են։
Արդարեւ, մարդկային անձին յարգանքը կ՚ընդգրկէ յարգանքը այն իրաւունքներուն՝ որոնք կը բխին մարդ արարածի իր իսկ արժանապատուութենէն։ Այս իրաւունքները ընկերութենէն կանխագոյն են եւ իրենք զիրենք կը պարտադրեն, կը հպատակացնեն անոր։ Անոնք կը հիմնաւորեն ամէն իշխանութեան բարոյական օրինաւորութիւնը։ Ընկերութիւն մը՝ որ կ՚արհամարհէ զանոնք կամ կը մերժէ ճանչնալ զանոնք իր դրական օրէնսդրութեան մէջ, կ՚ակնահարէ իր իսկ բարոյական օրինաւորութիւնը։
Առանց նման յարգանքի մը, ընկերութիւն մը կը հարկադրուի յենիլ ուժին եւ բռնութեան վրայ՝ իր հպատակ ենթականերուն հաւատարմութիւնը ձեռք ձգելու համար։ Անկ է, որ իրաւասուներ այս իրաւունքները յիշեն եւ յիշեցնեն բարեացակամ անձերու ուշադրութեան եւ զատորոշեն զանոնք զեղծիչ կամ ամէն տեսակի թիւր պահանջներէն։
Ընկերութեան որպէս մասնակից եւ բաղադրիչ անդամ՝ մարդկային անձին յարգանքը կը բխի սոյն սկզբունքին յարգանքէն։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր անհատ պարտի առանց բացառութեան եւ խտրութեան նկատի առնել իր մերձաւորը իբրեւ «իր միւս անձը»։ Այս կը նշանակէ՝ ինքզինք տեսնել ուրիշին մէջ եւ փոխադարձաբար՝ ուրիշը տեսնել իր մէջ։ Համակրական հասկացողութեամբ մօտենալ իր նմաններուն՝ ամէն բանէ առաջ նկատի առնել դիմացինին կեցութիւնը եւ վիճակը եւ այն միջոցները՝ որոնք անհրաժեշտ են անոր՝ արժանավայել կեանք մը ապրելու եւ զգալու, թէ՝ ինք եւս ընկերութեան մէկ անդամն է եւ թէ մա՛րդ է՝ անհատ մը, «անձ» մը։
Ուստի, ո՛չ մէկ օրէնսդրութիւն պիտի կարենար առանձինն փարատել նախապաշարումները, կանխակալութիւնները, հպարտութեան եւ եսամոլութեան կեցուածքները, զանազան վախերը՝ որոնք արգելք կը հանդիսանան իր եղբայրական ընկերութիւններու հաստատման։
«Այն՝ որ կը լուսաւորէ ուրիշներու կեանքը, ինք երբեք խաւարի մէջ չի՛ մնար», կ՚ըսէ Friedrich Nietzsche եւ ան կ՚ըսէ նաեւ, թէ՝ ամենէն անգութ կենդանի էակը մա՛րդն է։ Եւ իրապէս, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ պատմութեան վկայութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդկային կեանքին մեծ մասը կ՚անցնի իրար ատելով, իրար նախանձելով, բամբասելով, զրպարտելով, չարախօսելով, հակառակելով, թշնամանքով եւ ասոնց հետեւանքով՝ կռիւ ընելով, գժտուելով եւ պատերազմելով…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024