ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Գարակէօզեան տան խումբ մը սաներ երէկ այցելեցին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին։ Սա յատկանշական ուղեւորութիւն մըն էր տղոց տեսակէտէ՝ գլխաւորութեամբ ուսուցչուհի Գարին Պալ-Տեմիրի։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց գարակէօզեանցի սաները։ Իր կողքին էր Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն Սայաթ Կիւրիւն։ Եկեղեցւոյ ընդարձակ համալիրին մասին տղաքը ստացան տեղեկութիւններ։ Հայր սուրբը մասնաւորապէս անոնց ծանօթացուց՝ երանաշնորհ Յակոբ Ջուղայեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շիրիմը, որ կը գտնուի եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս եւ մեր հաւատացեալներուն տեսակէտէ կը համարուի կարեւոր սրբավայր մը։

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կատարուած շրջայցէն վերջ տղաքը թաղային խորհուրդին կողմէ հիւրընկալուեցան «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ։ Աշակերտները վառ տպաւորութիւններով վերադարձան իրենց դպրոցը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024