ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
Լիբանանցիք ոչ-բարիով կը յիշեն իրենց երկիրը բզիկ-բզիկ ըրած քաղաքացիական պատերազմը։ Երկար տարիներ անցած են այդ պատերազմի սկիզբէն (գրեթէ կէս դար) ու տխուրը այն է, որ ներքին պայթումի մը ուրուականը կը շարունակէ հալածել լիբանանցիները։
Մտահոգիչ է Լիբանանի իրավիճակը ո՛չ միայն անոր համար, որ երկիրը բռնուած է տնտեսական սուր տագնապի մը աքցանին մէջ, այլեւ անոր համար, որ բազմերանգ համայնքներու գոյակցութեան խորհրդանիշը հանդիսացած երկրին մէջ կը բացակայի ամենակարեւոր տարրը՝ համաձայնութիւնը։
Ինչ խօսք, որ ամենաբարդ ժամանակներուն Լիբանանը իր հիմքերով ցնցած երկու հիմնական դրոյթներ մշտապէս քալած են իրարու հետ։ Առաջինը՝ ներքին համաձայնութիւն կոչուածն է, որ որեւէ առիթի չէ կարողացած դառնալ համատարած երեւոյթ, իսկ երկրորդը՝ համակեցութիւն կոչուածն է, որ բոլոր փուլերուն ալ հանդիսացած է երկրի անվտանգութեան հիմնական առանցքը։ Երբ չքացած է համակեցութեան ոգին, միեւնոյն ժամանակ սպառած է նաեւ համաձայնութեան մը հասնելու պատրաստակամութիւնը։ Ու այս բոլորէն անդին, ամենատխուրը այն է, որ համակեցութիւն կոչուած վսեմագոյն արարքը կամ արարումը որեւէ ժամանակ չէ եղած անկեղծ կամ ամբողջական։
Այնպիսի գործընթացներու ականատես եղած է փոքրիկ Լիբանանը, որ մարդս կը միտի համոզուիլ ու մտածել, թէ Լիբանանի մէջ բոլոր որոշիչ տարրերը ո՛չ միայն հարկատու են օտարին, այլ անոնք կ՚ապրին ու կ՚արարեն յանուն օտարին։ Լիբանանը կը դրուի երկրորդ ծրագրի մը վրայ ու առաջնայինը, որ կամաց-կամաց կ՚աճի՝ կը դառնայ օտարին ծառայելն ու օտարին համար արարելը։ Այնքան ծանր թաթերով յառաջ կ՚երթան այս ձեւաչափերը, որ այսօր Լիբանանի մէջ կայ մեծ զանգուած մը սովորական քաղաքացիներու, որոնք համարձակութիւնը ունին յայտարարելու, թէ իրենց երկիրն ու ծննդավայրը ծախուած են օտարին։
Թէ ո՞վ, ի՞նչ գին կը վճարէ Լիբանանին համար, տակաւին յստակ չէ, սակայն յստակ է, որ հարիւր հազարաւոր նահատակներու արեամբ շաղախուած Պէյրութը ունեցած է այնպիսի զաւակներ, որոնք առկայ բոլոր տեսակի խաղերը հանած են իրենց հունէն ու պարտադրած են տարածաշրջանի խաղացողներուն, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկեն իրենց վճիռները։ Խօսքը, ի մասնաւորի, կը վերաբերի անոնց, որոնք մեծ պայքար տարին, որպէսզի Լիբանան գիշերուայ մը մէջ Պաղեստին չդառնայ ու որպէս ինքնիշխան ու անկախ երկիր շարունակէ ապրիլ ու զարգանալ։
Տխուր է, անշուշտ, որ բոլոր լիբանանցիները համաձայն չեն այս կէտին վրայ եւ ահա այդ անհամաձայնութիւնն է, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ հալածել Մերձաւոր Արեւելքի երբեմնի՝ Փարիզը հանդիսացած երկիրը։
ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՓՈՒԼԵՐՈՒՆ
Երէկուան պէս կը յիշեմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի վերջին ճակատումները։ Կորուստներ, տխրագին շեշտերով եղելութիւններ, աւեր, մահուան դէմ ամէնօրեայ խաղ՝ մահախաղ, հայկական թաղամասեր, հայկական թաղամասերը անաղարտ եւ ապահով պահելու վճռակամութիւնը եւ այդ բոլորէն անդին սերունդ, որ ունեցած է տարբեր դրսեւորումներ, սլացքներ ու նահանջներ ու ամենածանրը՝ նահատակ դարձած ընկերներ ու ընկերուհիներ… Կը խօսիմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մասին, որ բոլոր առումներով, բոլոր հարթակներու վրայ, բոլոր ուղղութիւններով իր ծանր ազդեցութիւնները ունեցած է նաեւ հայութեան վրայ։ Բոլոր տեսակի (դրականօրէն) կարմիր գիծերը կոտրած պատերազմ մըն էր եղածը, որուն հայկական առանցքը ունեցաւ նաեւ դրական ու այնքան պայծառ էջեր։
Լիբանանի միակամ հայութեան իրեն բաժին ինկած օգնութիւնը կը հասցնէր նոյնիսկ Խորհրդային Հայաստանը, որն ամէն ինչ մէկդի դնելով ընդունուած կամ նոյնիսկ այդ ժամանակներուն անընդունելի համարուած քայլերով կը փութար հասնիլ վիրաւոր լիբանանահայութեան։ Միւս կողմէ, հայութիւնը հանդէս կու գար միասնակամ կեցուածքներով ու շնորհիւ այդ կեցուածքներուն՝ լիբանանահայութիւնը կը դառնար ճիշդի եւ ճշդապահութեան հոմանիշ ու անոր զանազան խաւերը յաճախ ի գին մեծ զոհողութիւններու՝ կը պահպանէին այն երկաթեայ դարպասները, որոնք այդ օրերուն կը գծէին (յաճախ արիւնով) Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան անվտանգութիւնը, անունը, փառքն ու պատիւը։ Ի հարկէ, վարագոյրներու ետին կային մեծ անձնուրացներ, որոնց թողած աւանդը աւելի ուշ վերածուեցաւ իսկական դպրոցի։
Խտիր չկար այդ օրերուն ու շրջան մը առաջ արատ դարձած զատողական մօտեցումները կը մարէին յանուն միակամ հայութեան, մէկ մարդու նման պայքարող եւ արարող հայութեան, որ ցայսօր ալ օրինակ պէտք է ծառայէ բոլորիս։ Մարդի՞կն էին արդեօք, գործիչնե՞ր են միթէ կամ ժամանակնե՞րն էին տարբեր։ Ի հարկէ, յստակ պատասխան մը չունիմ, սակայն աւելի քան վստահ եմ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մեծ գեհենէն հայութիւնը դուրս կու գար հպարտ, հաւաքական եւ ինչպէս միշտ՝ արարող։
1975 թուականի ապրիլի 13-ին սկիզբ առած էր ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որուն վերջին պատրոյգները ցաւալիօրէն չեն մարած, ցաւօք, կրկնութեան հաւանականութեան մասին տակաւին կը խօսուի եւ հետեւանքներու անդարմանելիութիւնը տակաւին կը շարունակէ իր շուքերը տարածել ամէն տեղ։ Հայութեան թիւը նօսրացաւ, այո՛, հայութիւնը տուժեց ինչպէս միւս լիբանանցիները, այո՛, բայց այդ երկրին հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը դարձան կրկնակի։ Բացի յուզական բաժնէն, անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ նման օրհասներու պարագային հայութիւնը միշտ ալ ջատագովը պիտի դառնայ պետութեան գաղափարին՝ հակառակ անոր, որ ցայսօր ալ Լիբանանի պետութիւնն ու պետականութիւնը տակաւին չեն գտնուիր այն վայրին ու դիրքին, ուր պարտաւոր են ըլլալ։
Այս բոլորը թուարկելէ ետք, հարկ է, անշուշտ, լոյսին բերել, որ բոլոր լիբանանցիներուն համար պէտք է դաս ըլլային այդ մահաբեր պատերազմի տուայտանքներն ու ամբողջ օրհասը, սակայն ցարդ չեն եղած ու այդ պատճառով է, որ Լիբանանի մէջ որեւէ փուլի այդ պատերազմի ուրուականը պիտի շարունակէ հալածել բոլորը։
Աւարտին, յարգանքի եւ երախտիքի խօսք Լիբանանի պատերազմի ողջ ընթացքին պարտականութեան ճամբուն վրայ ինկած բոլոր նահատակներուն, զոհերուն ու հերոսներուն, որոնք իրենց ամենաթանկը՝ կեանքը տուին, որպէսզի լիբանանահայութեան գլուխէն մազ անգամ չպակսի։ Յարգանք անոնց։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան