ԱՐՏԱԿ ԲԵԳԼԱՐԵԱՆ…
Հայաստանէն Արցախ տանող ճամբան լի է բազմազան մտորումներով: Ճանապարհը երկար է ու զայն խոհերու կը մղէ՝ ի՞նչ կորսնցուցինք եւ ի՞նչ շահեցանք արցախեան ազատամարտէն ետք, ո՞րն է գաղտնիքը Արցախի անսահման հմայքին, ինչո՞ւ ամբողջ հայութեան սիրտը առանձնայատուկ ջերմութեամբ մը կը տրոփէ, երբ կը լսէ հայոց հնամենի այս երկրին անունը: Արդէն Արցախի մէջ, շատ մը հարցերու պատասխաններ կը գտնես, կը համոզուիս, որ այս հողին վրայ Աստուծոյ աչքը մըշ-տարթուն է։ Արցախի մէջ բնակող մարդիկ են երկրին ամենէն մեծ հարստութիւնը, որ անսահման ուժ կը հաղորդեն հողին, որու վրայ հայկական երկրորդ պետութիւնը կը կերտէ իր նորագոյն պատմութիւնը:
Արցախի մէջ կը ծանօթանանք ամենէն տարբեր մարդոց՝ մտաւորականէն մինչեւ շինական, հոգեւորականէն մինչեւ զինուոր: Անոնք բոլորը հպարտութեամբ կը խօսին Արցախի մասին եւ համոզուած են, որ հայոց հնամենի այս երկրի ապագան իրենց ձեռքերուն մէջ է եւ իրենց՝ հոն մնալով կը զօրանայ ան, որ բոլոր ժամանակներու հայոց ճակատագրի անբաժան մասն է:
Մեր բոլոր ծանօթներու կարգին կայ մէկը, որ առանձնայատուկ կը յուզէ մեզ, եւ Արցախ գտնուելու բոլոր օրերուն հաճելի ու անսովոր իրարանցում մը կը յառաջացնէ մարդու ներսը: Կը ծանօթանանք ոչ-սովորական այս մարդուն հետ, որուն մասին լսած էինք բազմիցս, բայց մօտէն շփուելու եւ անոր կեանքը տեսնելու առիթը չէինք ունեցանք:
Ան Արտակ Բեգլարեանն է: Ստեփանակերտցի 27-ամեայ երիտասարդ մը, որուն համար պատերազմը եւ կեանքի խոչընդոտները շատ կանուխ սկսած են, տակաւին երբ ինք չորս տարեկան էր: Անոր հայրը, տասնեակ այլ արցախցի տղոց հայրերուն նման, մեկնած է պատերազմի դաշտ, ուր զոհուած է: Այնուհետեւ Արտակ իր մորթին վրայ զգացած է պատերազմի իրական դէմքը: Երբ, 1995 թուականին, վեց տարեկան էր, շէնքին բակը ընկերներուն հետ զարմանալի ու անծանօթ «խաղալիք» մը գտած է եւ մանուկի պրպտումով փորձած է տեսնել, թէ ի՞նչ կայ անոր մէջ: Բայց «խաղալիքը» պայթած է եւ Արտակը, դէմքին ու մարմնին վրայ վնասուածքներ ստանալով, կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը: Մանուկներու համար այդ անծանօթ իրը մէկն էր արցախեան պատերազմի բազմաթիւ չպայթած ականներէն, որոնք ցիրուցան եղած էին բնակավայրերուն մէջ, եւ որոնք խաղաղ օրերուն նոյնպէս բազում կեանքեր խլած են:
Արտակ Բեգլարեանի համար կեանքը, այդ ճակատագրական օրէն ետք, բաժնուած է երկու մասի՝ ականէն առաջ եւ ականէն ետք: Ականէն ետք ան ունեցաւ բոլորովին այլ ճանապարհ մը, այլ ընթացք մը, որ վստահաբար պիտի չունենար, եթէ ինք աչազուրկ չըլլար: Կուրութիւնը ուժ տուած է անոր՝ ընել աւելին եւ հասնիլ աւելիին: Մեր զրոյցի ընթացքին Արտակ ըսաւ, որ կորսնցնելով իր իրական տեսողութիւնը, ինք ձեռք բերած է հոգեւոր տեսողութիւն մը, որ հաւանաբար ամէն մարդու տրուած չէ: Եւ այդ հոգեւոր տեսողութիւնը, զոր ան կը կրէ եւ որով կապրի, աւելի ընդգրկուն է եւ խորունկ, աւելի լայն ներքին տարածքներ եւ մեզի համար անտեսանելի հորիզոններ կը բանայ իր տիրոջը առջեւ:
Վեց տարեկանին արդէն անսովոր ուժով մը օժտուած է փոքրիկ տղան: Ան մեծ ջանքերու եւ կամքի շնորհիւ սորված է գրել, կարդալ, ճատրակ խաղալ, երգել, պարել, լողալ, մարմնամարզով զբաղիլ, յաղթած է մանկական ու պատանեկան մրցոյթներուն:
Իր կեանքէն եւ ուսումնառութեան տարիներէն որոշ մանրամասներ յայտնելով մեր զրոյցի ընթացքին՝ Արտակ Բեգլարեան ըսաւ, որ 2006-2010 թուականներու միջեւ ուսանած է Երեւանի Պետական համալսարանի Քաղաքագիտութեան բաժնէն ներս, այնուհետեւ՝ նոյն համալսարանի Բախումնաբանութեան բաժնին մէջ ամբողջացուցած է մասնագիտութիւնը: Արտակ ուսանած է նաեւ Հունաստանի Թեսաղոնիկէի Աղեքսանդրիոյ անուան Արհեստագիտական կրթական կաճառի երդիքին տակ, Լոնտոնի Համալսարանական գոլէճին մէջ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Թաֆթս համալսարանի Ֆլեթչըրի Իրաւունքի-դիւանագիտութեան դպրոցէն ներս: Ան ստացած է քանի մը մասնագիտութիւն՝ դիւանագէտ, քաղաքագէտ, գործարար-կառավարիչ, լրագրող, հանրային կապերու փորձագէտ եւայլն:
Արցախ վերադառնալով՝ Արտակ Բեգլարեան 2012 թուականին նշանակուած է Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի օգնական, իսկ 2013-ին՝ վարչապետի մամլոյ խօսնակ, վարչապետարանի հանրային կապերու պատասխանատու եւ վարչապետի ճառագիր եւ կերպարանաստեղծ:
Այսօր, հաւանաբար, Արտակ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետարանի սիրտն է, տրոփող երակը: Անոր մօտ կու գան կամ իրեն կը հեռաձայնեն ո՛չ միայն մամուլին եւ տեղեկատութեան վերաբերող հարցերով, այլեւ ամենազանազան խնդիրներով, որոնց ան կը ջանայ լուծում գտնել: Արտակը միշտ աւելին գիտէ եւ ունի աշխատանքի յստակ գործելակերպ, որ կը տարբերի այլ պաշտօնեաներու գործելաոճէն:
Մեր զրոյցի ընթացքին կ՚ըսէ, որ դուրսի երկիրները՝ լաւագոյն համալսարաններու մէջ ստացած իր կրթութիւնն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ ուրիշ աչքով նայիլ խնդիրներուն, արագ վերլուծել եւ լուծման աւելի կարճ ու յստակ ճանապարհներ գտնել: Անցնելով լաւագոյն կրթական համակարգով եւ քսանէ աւելի տարի զբաղելով նաեւ ինքնակրթութեամբ՝ Արտակ Բեգլարեան համոզուած է, որ բարձրորակ կրթութիւնն է երկրի զարգացման միակ գրաւականը: Ան ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի արցախցի երիտասարդը զգայ կրթութեան արժէքը եւ ստանայ իր ժամանակի լաւագոյն կրթութիւնը:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին Արտակ Բեգլարեան նշեց նաեւ, որ հակառակ այն հանգամանքին, թէ ինք այսօր կ՚աշխատի պետական համակարգին մէջ, ինքզինք կը պատկերացնէ մասնաւոր ասպարէզի մը մէջ, ուր ինք ամբողջական ներդրում կ՚ունենայ տեղեկատուական համակարգի զարգացման, կրթական հարցերու լուծման ուղղութեամբ: Առայժմ իր ստացած գիտելիքները ամբողջութեամբ կը կիրառէ վարչապետարանի տեղեկատուական համակարգը կայացնելու մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան մամլոյ հաղորդագրութիւնները, վարչապետի ու վարչապետարանի մասին ողջ տեղեկատուութիւնը կը թողարկուի կոյրերու համար նախատեսուած համակարգչային ծրագրով մը, որուն Արտակ լաւագոյնս կը տիրապետէ եւ ամէնօրեայ լրատուութիւն կը տրամադրէ տեսնող մարդոց: Բացի պաշտօնական կայքէջէն, Արտակ Բեգլարեան նաեւ աշխատանք կը տանի ընկերային մետիայի մէջ: Մասնաւորապէս, Թուիթըրի մէջ անոր էջը այսօր դարձած է Արցախը դուրսի աշխարհին կապող ամենէն արագ եւ ամենէն մեծ խողովակը: Ան 4210 հետեւորդ ունի Թուիթըրէն ներս, մեծ մասը՝ ԱՄՆ-էն, այնուհետեւ՝ Հայաստանէն, Գանատայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Գերմանիայէն, Ռուսաստանէն, Ատրպէյճանէն, Թուրքիայէն: Հետեւորդները իր գրառումներուն միջոցաւ կը ծանօթանան Արցախի պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական անցուդարձին: Արտակ Բեգլարեան նաեւ կը լուսանկարէ եւ մտադիր է բանալ ցուցահանդէս մը, ուր պիտի ցուցադրէ կոյր մարդու քաշած լուսանկարները:
Մեր զրուցակիցը չորս գիտական եւ շուրջ քառասուն վերլուծական յօդուածներու հեղինակ է: Երբ կը զրուցես անոր հետ, կը հասկնաս, թէ խղճահարութիւն չէ որ կը զգաս, այլ՝ իրեն պէս ըլլալու, ձգտում ունենալու եւ նպատակին ու փափաքին հասնելու իր կամքին պէս կամք ունեցող մէկը ըլլալ կը փափաքիս: Եւ պատահական չէ, որ արցախցի բազմաթիւ երիտասարդներու համար Արտակ օրինակ կը ծառայէ, յաճախ զինք մատնացոյց կ՚ընեն իբրեւ ուժեղ եւ անկոտրում ոգիի տէր անձ: Ինքն ալ իր փորձով, գիտելիքներով աջակից է հայ երիտասարդին եւ պատրաստ է զանոնք լսել ու օգնել անոնց:
Արտակ Բեգլարեան կը շարունակէ զարմացնել անխտիր բոլորը՝ ծանօթ կամ անծանօթ:
Ստեփանակերտի կեդրոնական այգիին մէջ ան շաբաթը անգամ մը պարի բացօթեայ դասերու կը մասնակցի՝ ջանալով երիտասարդներուն սորվեցնել ազգագրական ու ժողովրդական պարեր: Կը վարէ հեծանիւ նոյնպէս Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ: Արտակ կատակասէր է եւ իր կուրութեան մասին կատակներ կ՚ընէ, որպէսզի դիմացինը նոյնպէս հանգիստ վերաբերի իր կեցութեան, չլեցուի խղճահարութեամբ, այլ իր մէջը տեսնէ ո՛չ թէ տեսողութենէ զրկուած մէկը, այլ մարդ մը, որ անվերջ կ՚աշխատի եւ պատրաստ է իր փորձն ու գիտելիքները փոխանցել ուրիշներուն:
Իսկ անոր կենսագրութեան մէջ ամենայատկանշական դրուագը թերեւս այն է, որ Արտակ Բեգլարեան 2013 թուականին բարձրացած է Արարատ լերան գագաթը: Ան դարձած է միակ կոյրը, որ յաղթահարած է այդ ահռելի բարձունքը: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին ան ըսաւ, որ լեռնագնացութիւնը իր սիրելի զբաղումներէն մէկն է, այսօր ալ ան ընկերներուն հետ Արցախի լեռները կը մագլցի, բայց Արարատ լեռը բարձրանալը միշտ եղած էր իր երազանք, եւ ան ի վերջոյ իրականացուցած է այս փափաքը: «Իմ այդ քայլով ուզած եմ ցոյց տալ, թէ ֆիզիքական խնդիրները եւ հաշմանդամութիւնը խոչընդոտ չեն, եթէ դուն որեւէ ցանկութիւն ունիս, կրնաս յաղթահարել բոլոր խնդիրները՝ կամքի ուժի, նպատակասլացութեան եւ բնաւորութեանդ այլ յատկանիշներու շնորհիւ»: Եւ հակառակ անոր, որ Արարատ լեռը բարձրանալու ժամանակ արգիլուած է խօսիլ՝ շնչառական խնդիրներ չունենալու նկատառումով, բայց Արտակ Բեգլարեան նոյնիսկ երգած է։ «Ես կ՚երգէի ոգեւորութենէն եւ ուրախութենէն: Արարատ լեռը ներշնչանքի լեռ է, որ ներշնչումներ տուած է ինծի», ըսաւ ան:
Իր բոլոր արարքներով Արտակ Բեգլարեան ապացուցած է, որ հաշմանդամութիւնը ոչ մէկ արգելք է: Տարիներ առաջ ան դիմած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կից գործող Դիւանագիտական դպրոց՝ ուսանելու, բայց մերժում ստացած է այն պատճառաբանութեամբ, թէ կոյր մարդը չի կրնար ուսանիլ եւ դառնալ դիւանագէտ: Արտակ Բեգլարեան դատ բացած է Դիւանագիտական դպրոցին դէմ, երկար պայքարած է՝ ապացուցելով, որ կոյր մարդը եւս ունի կրթութեան իրաւունք եւ եթէ ան կամքով կ՚ապացուցէ իր աշխատասիրութիւնը, ապա ոչ մէկը իրաւունք ունի զրկել զինք ուսման իրաւունքէն: Դժբախտաբար, Արտակ Բեգլարեանին չէ յաջողած հաստատել իր իրաւունքը, բայց ան վստահ է, որ օր մը անպայման ինք կը ստանայ դիւանագէտի մասնագիտութեան իրաւունք կոյերու համար: «Կոյրը կրնայ ըլլալ նաեւ դիւանագէտ, մի գուցէ դիւանագիտութեան մէջ կան որոշ աշխատանքներ, զորս ան չի կրնար կատարել, բայց ընդհանուր առմամբ, անհնար բան մը չէ», մեր զրոյցի ընթացքին ըսաւ Արտակ Բեգլարեան:
Տակաւին քսանեօթ տարեկանին Արտակ Բեգլարեան կրցած է բաւակաին բուռն եւ հետաքրքրական կեանք մը ապրիլ եւ այսօր ալ, իբրեւ հանրային գործիչ, իբրեւ պաշտօնեայ, իբրեւ պարզապէս արցախցի երիտասարդ մը, ան կը շարունակէ նոր ձեռնարկներ կատարել: Իրեն մեծապէս կ՚օգնեն իր ընկերները կամ այլք, որոնք կը հաւատան ոչ-սովորական ուժով օժտուած այս երիտասարդին: Մայրը, որ իր բոլոր դժուար պահերուն նեցուկ կանգնած է իրեն, հեռացած է կեանքէն: Արտակ կը բնակի իր եղբօր հետ՝ Ստեփանակերտի արուարձանային շրջաններէն մէկուն մէջ:
Առաւօտ կանուխ իրեն կը սպասէինք Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան շէնքին մօտ։ Եղբայրը ինքնաշարժով բերաւ կառավարութեան շէնքին մօտ, այնուհետեւ Արտակ, առանց ոեւէ մէկ օգնութեան մօտեցաւ շէնքի մուտքին, բարձրացաւ երկրորդ յարկ, բանալիով բացաւ դուռը եւ սկսաւ իր ամենօրեայ աշխատանքին: Իսկ աշխատասենեակին մէջ իրեն կը սպասէին բազում աշխատանքներ, զորս ան կ՚իրականացնէ իր պզտիկ աշխատակազմին հետ: Եւ այդպէս ամէն օր…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ