ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԻ ՄԱՍԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց բեմադրիչներ Էլա Եալչընն ու Ալէն Փերտեճին, որոնք «Մերհապա» անունով շարժանկարի ժապաւէնի մը արտադրութեան պատրաստութիւններուն ձեռնարկած են։ Այս ծրագիրը կը վերաբերի աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրին։ Արտադրական նախաձեռնութեան կը մասնակցի նաեւ Յարութիւն Գուրան։ Զրոյցի ընթացքին անոնք նախագծին շուրջ տեղեկութիւններ տուին եւ խնդրեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ ընդգծեց լուսահոգի Արա Կիւլէրի աւանդին մեծ նշանակութիւնը։ Ան գնահատեց նաեւ հիւրերու մտայղացումը եւ յաջողութիւն մաղթեց աշխատանքներուն համար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2024