ՓՐՈՖ. ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ԳԼԽԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Համայնքային շրջանակներէ ներս սպասումները կը շարունակուին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կազմի վերանորոգման համար։ Մինչ պաշտօնական մարմիններու կողմէ տակաւին ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցներու ընտրութեան կանոնադրութիւնը չէ հրապարակուած, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ միշտ ուշադրութիւն կը գրաւեն խմորումները՝ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ղեկը յառաջիկայ շրջանին ստանձնելու համար։

Այսօր փրոֆ. Թորոս Ալճան խմբագրութեանս տեղեկացուց, որ պաշտօնապէս պիտի հրապարակէ իր թեկնածութիւնը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան համար։ Թորոս Ալճանի կողմէ գլխաւորուած թեկնածուական խումբը յառաջիկայ երկուշաբթի ծանօթացման հաւաքոյթ մը պիտի կազմակերպէ համայնքային շրջանակներուն համար։ Այս առաւօտ Թորոս Ալճան եւ համախոհ ընկերները Գումգաբուի մէջ հանդիպում մը ունեցած են Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հետ։ Այդ տեսակցութեան հիման վրայ Ալճանի առաջնորդած խումբը արդէն յառաջիկայ շրջանին կը պատրաստուի նոր թափ մը տալ իր աշխատանքներուն։ Մանրամասնութիւնները, ըստ երեւոյթին, յայտնի պիտի դառնան յառաջիկայ երկուշաբթի նախատեսուած հաւաքոյթէն վերջ։

Ծանօթ է, որ փրոֆ. Թորոս Ալճան Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան նախկին ատենապետն է եւ մօտաւոր անցեալին եղած է նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչը։

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024