ԱՅԼԵՒՍ ՇԱՏ ԴԺՈՒԱՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը արդէն հետզհետէ աւելի առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ համաշխարհային օրակարգը՝ մանաւանդ, որ Ճօ Պայտըն-Տանըլտ Թրամփ մրցակցութեան երկրորդ արարին ականատես պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհը։ Այժմու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկացի ընտրողներուն վերստին կը ներկայանան, իսկ անոնց կողմէ տրուած պատգամները չեն վերաբերիր միայն ներքին օրակարգին, այլեւ միջազգային հրատապ խնդիրներուն տեսակէտէ կարեւոր ծալքեր կ՚ունենան։ Ըստ վերջին հարցախոյզներու արդիւնքներուն՝ Թրամփ արդէն Պայտընի դէմ ապահոված է առաւելութիւն։
Այս մթնոլորտին մէջ ամերիկեան նշանաւոր TIME-ը հարցազրոյց մը հրատարակեց Տանըլտ Թրամփի հետ, որ բացատրեց, թէ ընտրուելու պարագային ո՛ր ուղղութեամբ ի՛նչ պիտի ընէ։ Թրամփ, որ կը յաւակնի երկրորդ պաշտօնավարութեան ժամկէտի, դժուար կը համարէ Իսրայէլ-Պաղեստին հիմնախնդրին տեսակէտէ երկու պետութիւններու հիմունքով լուծումը։
«Ես շատ հաւատարիմ եղայ Իսրայէլի նկատմամբ, միւս նախագահներուն բաղդատմամբ շատ աւելի հաւատարիմ էի եւ Իսրայէլի համար միւս նախագահներէն շատ աւելին ըրի։ Այո, Իսրայէլը պիտի պաշտպանեմ։ Իսրայէլ միայն մէկ բանը շատ վատ կ՚ընէ, այդ ալ հասարակութեան հետ յարաբերուելու ձեւն է», ըսաւ Թրամփ։ Մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ հակառակ Իսրայէլի ի նպաստ զօրակցական արտայայտութիւններուն՝ Թրամփ չէ խնայած այժմու վարչապետ Նեթանիյահուի ղեկավարութիւնը։ Ի լրումն այս բոլորին, Թրամփ նշեց, որ այլեւս չի հաւատար երկու պետութեան հիմունքով լուծման հեռանկարին։ «Իսրայէլ երբ յառաջընթաց կ՚արձանագրէ, երկու պետութեան հիմունքով լուծումը կը մերժէ, իսկ երբ յառաջընթաց արձանագրել չյաջողի, ապա այդ ժամանակ կը սկսի խօսիլ երկու պետութեան հիմունքով լուծման մասին», ըսաւ ան։
Հարցազրոյցին մէջ Թրամփ կրկնեց նաեւ ՆԱԹՕ-ի վերաբերեալ հարցաքննական մօտեցումները։ Ան հերթական անգամ Եւրոպայի երկիրները մեղադրեց՝ դաշինքին անբաւարար ներդրում ունենալով։ «Ես կը փափաքիմ, որ վճարումները կատարուին ազգային պիւտճէներէն։ Սա շատ պարզ է։ Նայեցէք, եթէ խնդիր մը ունենայինք, այսինքն եթէ մենք յարձակման ենթարկուէինք, ապա չեմ կարծեր, որ ՆԱԹՕ օժանդակութեան պիտի փութար», ըսաւ Թրամփ։
Անդրադառնալով Ուքրայնայի պատերազմին՝ Տանըլտ Թրամփ աւելցուց. «Ես չեմ փափաքիր, թէ Եւրոպայի գլխուն վատ բան մը գայ։ Եւրոպան կը սիրեմ։ Բայց եւ այնպէս, թէ՛ ՆԱԹՕ-ի մէջ եւ թէ Ուքրայնայի պարագային մեզմէ կ՚օգտուին։ Մեր միջեւ ովկիանոս մը գոյութիւն ունի։ Պիտի ջանամ Ուքրայնային օգնել, սակայն Եւրոպան ալ պէտք է իր գործը ընէ, պէտք է վճարէ իրեն վիճակածին համար»։
Հարցազրոյցի տեւողութեան Թրամփ յիշեցուցած է նաեւ, որ ի տարբերութիւն Պայտընէն՝ ինք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունեցած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ «Փութին երբեք պէտք չէ մուտք գործեր Ուքրայնա։ Իմ շրջանիս չմտաւ։ Ես շատ լաւ գլուխ կ՚ելլեմ Փութինի հետ, սակայն ձերբակալուած լրագրողները պէտք է ազատ արձակուին։ Չեմ գիտեր՝ Պայտընի շրջանին կ՚արձակուի՞ն, թէ ոչ», մատնանշեց Թրամփ ու վստահութիւն յայտնեց, թէ յառաջիկայ նոյեմբերին մեծ յաղթանակ մը պիտի տանի։