ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԵՒ ԹԻՖԼԻԶԻ ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐԸ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ
Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելի այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Թիֆլիզի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս շրջագծով կը քննարկուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Վրաստանի ռազմաքաղաքական յարաբերութիւնները։ Վրացի նախարարը բարձրաստիճան հանդիպումներ կ՚ունենայ Փենթակոնէն, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ այլ կարեւոր կառոյցներէ ներս։ Կը հաղորդուի, որ Թինաթին Խիտաշելի տեսակցած է նաեւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Վիքթորիա Նուլանտի հետ։ Կողմերը քննարկեցին ապագայի ծրագրերը՝ երկու երկիրներու ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն։ Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարի ռազմաքաղաքական հարցերով տեղակալ Փունիթ Թալվար։
«Մեր գործընկերները պէտք է հասկնան, որ ի դէմս Ռուսաստանի ունին ժողովուրդի աջակցութեամբ ապահովուած խոստմնալից քաղաքական գործընկեր եւ Վրաստան պէտք է դառնայ այնպիսի երկիր մը, որ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ բազմաթիւ ուղղութիւններով», ըսաւ Խիտաշելի։ ԱՄՆ Վրաստանի ռազմավարական գործընկերն է եւ ըստ Խիտաշելիի, անոր աջակցութիւնը հետզհետէ կ՚ընդլայնուի։ Բացի երկու երկիրներու ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններէն, ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութենէն ներս տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Վրաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւնները։ Անոնք անդրադարձան կողմերու միջեւ պատրաստուած թղթածրարի գերակայ ուղղութիւններուն եւ այն բարեփոխումներուն, որոնք պէտք է շարունակուին Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս։ Թինաթին Խիտաշելիի դէպի Ուաշինկթըն պաշտօնական այցելութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։ Այս ընթացքին նախատեսուած են նաեւ իր հանդիպումները Սպիտակ տան երդիքին տակ, նաեւ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըրի հետ։