ՉԻՆԱՍՏԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄ Կ՚ԸՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԻՐԱՆ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան յայտարարեց, որ Չինաստանի նախագահը միջոցներ յատկացուցած է Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման ծրագրին համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ նախարարը յայտնեց, թէ այդ երկաթուղին կարեւոր նշանակութիւն ունի չինական կողմին համար։ Ըստ Բեգլարեանի, Չինաստան շահագըր-գըռւած է Մետաքսի ճանապարհի վերականգնումով։ Այս պատճառով նման ծրագրերու մէջ գործունէութիւն ծաւալած չինական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ շահագրգռուածութիւն ցոյց կու տան Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման նախագծին մէջ իրենց ուրոյն տեղը ունենալու համար։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Բեգլարեան ընդգծեց նաեւ, թէ ոեւէ մէկը երբեք չէ ըսած, թէ Հայաստան-Իրան երկաթուղին պիտի կառուցուի դիւրութեամբ։ «Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի այս ուղղութեամբ խնդիրները յաղթահարուին։ Երբեք չենք յայտարարած, որ սա պիտի կառուցուի դիւրութեամբ եւ չունինք լուրջ խնդիրներ։ Երկաթուղիին կառուցումը անհրաժեշտ է բոլորիս համար», ըսաւ նախարարը։